Գլխաւոր լուրեր

«Թուրքիան Ձգած Է Ցեղասպանութեան Դրոշմ».   Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Արձագանգը Ազրպէյճանին Աջակցելու Յայտարարութիւններուն

Հայաստան Հաստատեց, Որ Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Համար Ներկայացուցիչ Պիտի Նշանակէ

Նախանցեալ օր Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած էր, որ պաշտօնական Երեւանը եւ Անգարան յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած յստակ քայլեր ձեռնարկելու պատրաստակամութիւն կը յայտնեն եւ երկուստեք յատուկ ներկայացուցիչներ պիտի նշանակեն: Երէկ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դրական գնահատեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնը եւ հաստատեց, որ ներկայացուցիչ պիտի նշանակէ: Ըստ «Երկիր Մետիա»-ի տեղեկութիւններուն, Թուրքիոյ հետ երկխօսութեան համար յատուկ ներկայացուցիչ պիտի նշանակուի...

Իշխան Սաղաթէլեան. «Այլեւս Փաստ Է` Հայաստանի  Եւ Թուրքիոյ Իշխանութիւններուն Միջեւ Կայ  Գաղտնի Պայմանաւորուածութիւն»

Իշխան Սաղաթէլեան. «Այլեւս Փաստ Է` Հայաստանի Եւ Թուրքիոյ Իշխանութիւններուն Միջեւ Կայ Գաղտնի Պայմանաւորուածութիւն»

Երէկ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Իշխան Սաղաթէլեան կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Չարիքի իշխանութիւնը գնում է նոր արկածախնդրութեան` ի հաշիւ Հայաստանի եւ Արցախի կենսական շահերի եւ սերունդների իրաւունքների: Տեւական ժամանակ յայտարարում էինք, որ Հայաստանի եւ Թուրքիայի իշխանութիւնները համատեղ իրականացնում են քուլիսային բանակցութիւններ, ինչը հերքւում էր Հայաստանի իշխանութիւնների կողմից: Երէկ, նորից օտար աղբիւրից, այս դէպքում Թուրքիայի արտաքին գործերի...

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակի  Յայտարարութիւնը Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ  Շարլ Միշելի, Փաշինեանի Եւ Ալիեւի  Հանդիպումին Ընդառաջ

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակի Յայտարարութիւնը Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ Շարլ Միշելի, Փաշինեանի Եւ Ալիեւի Հանդիպումին Ընդառաջ

Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան ընթացիկ վեհաժողովի եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի ու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի առաջնորդներու հանդիպումին վերաբերեալ: ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը եւ եւրոպական երկիրներու մէջ գործող իր յանձնախումբերը, իբրեւ Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներ, Եւրոպական խորհուրդի նախագահին կոչ կ՛ուղղեն. - վերահաստատելու Եւրոպական Միութեան աջակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու միջնորդական ջանքերուն  եւ հիմնարար սկզբունքներուն, ներառեալ Արցախի/Լեռնային Ղարաբաղի բնիկ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը

Շաբաթ, 11 դեկտեմբեր 2021-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան հայութիւնը յուզող հարցեր` շրջանի աշխարհաքաղաքական եւ դաւանաքաղաքական ծիրին մէջ:

Իշխան Սաղաթէլեան. «Այս Մարդիկ Իրենց  Յայտարարութիւններով Վտանգի Տակ Կը Դնեն  Արցախի Հետագայ Կարգավիճակի Հարցը»

Իշխան Սաղաթէլեան. «Այս Մարդիկ Իրենց Յայտարարութիւններով Վտանգի Տակ Կը Դնեն Արցախի Հետագայ Կարգավիճակի Հարցը»

«Երբ կ՛ըսեն, թէ միշտ բանակցած են եօթը շրջանները տալու մասին, եւ ատիկա անխուսափելի էր, ատիկա ակնյայտ սուտ է եւ կեղծիք», «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին  յայտարարեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան: «Այդ մասին բազմաթիւ անգամներ, բազմաթիւ փաստերով խօսուած է: Երեք նախագահներու օրով երբեք տարածքները յանձնելու մասին բանակցութիւն չէ եղած, եղած են լայն...

«3+3»-ը Պէտք Է Դրական Միտում Մտցնէ  Շրջանի Երկիրներու Յարաբերութիւններուն Մէջ»  Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Դեսպանը

«3+3»-ը Պէտք Է Դրական Միտում Մտցնէ Շրջանի Երկիրներու Յարաբերութիւններուն Մէջ» Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Դեսպանը

«3+3» ձեւաչափը պէտք է դրական միտում աւելցնէ շրջանի երկիրներու փոխյարաբերութիւններուն մէջ: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ Երեւանի մէջ «Նոր սերունդ» ծրագիրի սաներու հետ յոբելենական հանդիպումէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփերքին: Հարաւային Կովկասի մէջ կացութեան լուծման ուղղուած «3+3» հարթակի առաջին նիստը տեղի ունեցած է 10 դեկտեմբերին Մոսկուայի մէջ: Հանդիպումին մասնակցած են Հայաստանի, Ռուսիոյ,...

Կիր Փետերսոն Այցելեց Իշխանութեան  Պետերուն Եւ Պետական  Այլ Անձնաւորութիւններու

Կիր Փետերսոն Այցելեց Իշխանութեան Պետերուն Եւ Պետական Այլ Անձնաւորութիւններու

Մինչ երկրին քաղաքական տագնապը կը յամենայ եւ բարեկարգումներու գործադրութիւնը անկարելի կը թուի ըլլալ, լիբանանեան սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին սակը անցաւ 27.000 լ. ոսկիի սահմանը: Այս իրականութեան դիմաց բնականաբար սղաճը արձանագրեց նոր վերելք, իսկ առեւտրականները բացայայտօրէն յայտարարեցին, որ սննդեղէնն ու հանրախանութներուն վաճառած ապրանքներուն սակերը արդէն իսկ ճշդուած են 30.000 լ. ոսկիի սակին հիման վրայ: Միւս կողմէ, միջազգային պատուիրակներ եւ պատասխանատու...

Ժիրայր Ռէյիսեան Մաս Կազմեց Յունաստանի Մէջ  Միջազգային Ուղղափառ Խորհրդարանական  Միութեան Սուրիոյ Պատուիրակութեան

Ժիրայր Ռէյիսեան Մաս Կազմեց Յունաստանի Մէջ Միջազգային Ուղղափառ Խորհրդարանական Միութեան Սուրիոյ Պատուիրակութեան

Կիրակի, 12 դեկտեմբեր 2021-ին, Սուրիոյ խորհրդարանի դիմատետրի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Սուրիոյ խորհրդարանէն պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէր երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեան, ուրբաթ, 10 եւ շաբաթ, 11 դեկտեմբեր 2021-ին մասնակցեցաւ Յունաստանի «Քորֆօ» կղզիին մէջ տեղի ունեցած միջազգային ուղղափառ խորհրդարանական միութեան երկօրեայ ժողովներուն: Պատուիրակութեան անդամներն էին Ժիրայր Ռէյիսեան, Մարի Պիթար, Թոնի Հաննա, Մահեր Աուըրմա եւ Իսքենտեր Հատտատ: Ժողովներուն ընթացքին պատուիրակութիւնը ներկայացուց...

«Հայաստանի Կողմէ Իւրաքանչիւր Դրական Քայլ  Մեր Կողմէ Պատշաճ Արձագանգ Պիտի Ստանայ»  Կ՛ըսէ Պայրամով

Պայրամով. «Սահմաններուն Վրայ Լարուածութենէն Խուսափելու Միակ Միջոցը Սահմանազատման Հոլովոյթին Սկսիլն Է»

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարած է, որ Հայաստանի հետ սահմանազատման հոլովոյթի մեկնարկը լարուածութենէն խուսափելու միակ միջոցն է: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: «Սահմաններուն վրայ լարուածութենէն խուսափելու միակ միջոցը սահմանազատման հոլովոյթին սկսիլն է: Հակառակ Ազրպէյճանի նախաձեռնած կառուցողական բանակցութիւններուն` հակառակ կողմէն նոյնը չենք նկատեր», ըսած է Պայրամով: «Հայաստանի տրամադրած ականներու քարտէսներուն ճշգրտութիւնը շատ ցած է: Տրամադրուած նոր...

Հայութիւնը «Ֆրանսայի Հին Բարեկամ Ազգ» Կոչելով`  Ֆրանսայի Նախագահական Թեկնածու Էրիք Զեմուր  Կը Յայտնէ, Որ 11-14 Դեկտեմբերին Պիտի Այցելէ Հայաստան

Հայութիւնը «Ֆրանսայի Հին Բարեկամ Ազգ» Կոչելով` Ֆրանսայի Նախագահական Թեկնածու Էրիք Զեմուր Կը Յայտնէ, Որ 11-14 Դեկտեմբերին Պիտի Այցելէ Հայաստան

Ֆրանսացի ծայրայեղական աջ հրապարակախօս, լրագրող Էրիք Զեմուր, որ երկրի նախագահական ընտրութիւններուն թեկնածու առաջադրուած է, 11-14 դեկտեմբերին պիտի այցելէ Հայաստան: Ան այս մասին յայտնած է իր պաշտօնական թուիթըրեան էջին վրայ: «11-14 դեկտեմբերին Հայաստան պիտի ըլլամ: (Հայերը) Ֆրանսայի հին բարեկամ ազգ են», գրած է Զեմուր: «Ֆր.նիուզ.եահու» կայքը կը գրէ, որ Էրիք Զեմուր մէկ օր առաջ իր ընտրական գրասենեակին մէջ հաւաքուած քանի մը...

ՀՅԴ 131-Ամեակի Հանդիսաւոր  Տօնակատարութիւն` Այնճարի Մէջ

ՀՅԴ 131-Ամեակի Հանդիսաւոր Տօնակատարութիւն` Այնճարի Մէջ

Շաբաթ, 11 դեկտեմբեր 2021-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Այնճարի հայութիւնը արժանաւոր կերպով նշեց ՀՅ Դաշնակցութեան 131-ամեակը` ժողովրդային տօնակատարութեամբ մը, որ տեղի ունեցաւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական եւ համացանցի յանձնախումբին: Տօնակատարութեան ներկայ գտնուեցան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ընկերը, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» եւ «Արամ» կոմիտէներու ընկերները, Պեքաայի շրջանի հոգեւոր տեսուչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան, գիւղին հոգեւոր հայրերը,...

ՀՅԴ-ի 131-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում

ՀՅԴ-ի 131-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում

Յ. Տէր Խաչատուրեան. «Անկախ Պետականութիւնը ՀՅԴ-ի Համար Բարձրագոյն Ու Բացարձակ Արժէք Է» Յ. Բագրատունի. «Մենք Յանձնառու Ենք Պահելու Լիբանանի Հայութիւնը Իբրեւ Ուժեղ, Խիզախ, Գոյատեւող Հաւաքականութիւն» Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի իր հաստատուն կառոյցով, գաղափարական խոր աւանդով եւ աշխարհահայեացքով բոլորեց իր հիմնադրութեան 131-ամեակը, որուն նուիրուած  տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ երէկ` ուրբաթ, 10 դեկտեմբեր 2021-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ազգային միացեալ վարժարանին...

Սումկայիթի Ջարդերուն 31-ամեակին Առիթով.  Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովը  Հանդէս Եկաւ Յայտարարութեամբ

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Խմբակցութիւններու Յայտարարութիւն

Երէկ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողով խմբակցութիւնները հետեւեալ յայտարարութիւնը հրապարակեցին Արցախի Հանրապետութեան Անկախութեան հանրաքուէի, մարդու հիմնարար իրաւունքներու եւ Սահմանադրութեան օրուան առիթով. 1991 թուականի դեկտեմբերի 10-ին, առաջնորդուելով միջազգային իրաւունքի կանոններով` Արցախի ժողովուրդը համաժողովրդական հանրաքուէով վճռական «այո» ասաց արդէն հռչակուած Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի) Հանրապետութեանը: Արցախի ժողովրդի այդ քայլը վերարժեւորեց հայի արժանապատուութիւնը եւ իր հայրենիքում ազատ ապրելու կամքն ու վճռականութիւնը: 30 տարիների ընթացքում, որպէս...

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Փոխնախարարն Ու Եւրոպական Միութեան Ներկայացուցիչը Քննարկած Են Արցախի Եւ Անդրկովկասի Նիւթը

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Մոսկուայի Մէջ Տեղի Ունեցաւ «3+3» Խորհրդատուական Շրջանային Հարթակի Առաջին Հանդիպումը»

«10 դեկտեմբերին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած է «3+3» խորհրդատուական շրջանային հարթակի առաջին հանդիպումը` Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ա. Ռուտենքոյի, Ազրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Ա. Խալաֆովի, Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Վ. Գէորգեանի, Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ս. Էօնալի, ինչպէս նաեւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ա. Հակիկեանի մասնակցութեամբ: Վրաստանի ներկայացուցիչները, որոնք նոյնպէս հրաւիրուած էին, ձեռնպահ մնացած են հանդիպումին մասնակցելէ», յայտնեց...

Պատգամաւորներ Արմէն Չարչեան, Մխիթար  Զաքարեան Եւ Արթուր Սարգսեան Ազատ Արձակուեցան

Պատգամաւորներ Արմէն Չարչեան, Մխիթար Զաքարեան Եւ Արթուր Սարգսեան Ազատ Արձակուեցան

Երէկ` ուրբաթ, 10 դեկտեմբեր 2021-ին, «Հայաստան» խմբակցութեան կալանաւորուած պատգամաւորներ Արմէն Չարչեան, Մխիթար Զաքարեան եւ Արթուր Սարգսեան ազատ արձակուեցան «Վարդաշէն» քրէակատարողական հիմնարկի դատական նիստերու դահլիճէն: Սահմանադրական դատարանը նախանցեալ օր հրապարակուած որոշումով վճռած էր, որ անազատութեան մէջ գտնուող անձը պատգամաւորի կարգավիճակ ստանալէ ետք չի կրնար պահուիլ անազատութեան մէջ: Պատգամաւոր Արմէն Չարչեանի փաստաբանը Սահմանադրական դատարանի որոշումէն ետք յայտարարած է, թէ կը պատրաստուի դատարան...

Ազրպէյճանի Սադրիչ Գործողութեան Պատճառով  Հայաստան Ունի 1 Զոհ Եւ 8 Վիրաւոր Զինուոր

Ազրպէյճանի Սադրիչ Գործողութեան Պատճառով Հայաստան Ունի 1 Զոհ Եւ 8 Վիրաւոր Զինուոր

Հայաստանը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Զերծ Մնալու Սադրիչ Հռետորաբանութենէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը Ազրպէյճանին Հանրապետութեան կոչ կ՛ուղղէ զերծ մնալու սադրիչ հռետորաբանութիւններէ եւ գործողութիւններէ, չխոչընդոտելու շրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու ջանքերը: Այս մասին նշուած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ, ըստ որուն, Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանագօտիի ամբողջ երկայնքին Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ ձեռնարկուող զինուած սադրանքները կը կրեն ամէնօրեայ բնոյթ: 10 դեկտեմբերի նշեալ սադրանքին պատճառով...

Խմբագրական.    Շարունակելու Համար Պատմական Երթը  (ՀՅԴ 131-Ամեակին Առիթով)

Խմբագրական. Շարունակելու Համար Պատմական Երթը (ՀՅԴ 131-Ամեակին Առիթով)

Ծանր պայմաններու մէջ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը կը նշէ իր հիմնադրութեան 131-ամեակը: Ծանր են հայրենիքի պայմանները: Եւ բնականաբար հայրենիք հասկացողութեան մէջ կը ներառուին թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Արցախի հանրապետութիւնները: Դաշնակցութիւնը առանձին օրակարգեր չունի. անոնք բոլորը ըստ էութեան հայրենիքի եւ հայութեան առջեւ դրուած խնդիրներն են: Ռազմագերիներու վերադարձի հրամայականէն մինչեւ նահատակուածներու ընտանիքներու հոգատարութիւն, աճիւններու հայրենադարձման անյետաձգելիութենէն մինչեւ բռնագրաւուած տարածքներու վերաազատագրում` Դաշնակցութեան մեծ օրակարգերն...

Կոչ

Պէյրութի Մէջ Տեղի Ունեցաւ ՀՅԴ Մարմիններու Ներկայացուցիչներու Խորհրդաժողով

8 դեկտեմբերին Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ սկսաւ ՀՅԴ մարմիններու խորհրդաժողովը: Խորհրդաժողովը իր աշխատանքներուն սկսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի զեկուցումով` վերջին շրջանին կատարուած քաղաքական եւ կազմակերպական աշխատանքներու մասին: Երկօրեայ խորհրդաժողովի առաջին օրուան նիստերուն ընթացքին ժողովը քննարկեց Հայաստանի եւ Արցախի ներկայ քաղաքական կացութիւնը, մտահոգութիւն արտայայտեց հայրենի պետութիւններուն առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն հարցով: Մասնաւորապէս անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի իշխանութիւններու որդեգրած պարտուողական քաղաքականութեան եւ...

ՀՅԴ Մարմիններու Ներկայացուցիչները  Այցելեցին ՀՅԴ Պանթէոն

ՀՅԴ Մարմիններու Ներկայացուցիչները Այցելեցին ՀՅԴ Պանթէոն

Երէկ` հինգշաբթի, 9 դեկտեմբեր 2021-ի կէսօրին, Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած ՀՅԴ մարմիններու խորհրդաժողովի մասնակիցները, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ եւ Լիբանանի կոմիտէներու ներկայացուցիչներ, ՀՅԴ 131-ամեակին առիթով այցելեցին Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատուն, ուր տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստ, եւ այցելուները իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին եւ ծաղկեպսակներ զետեղեցին ՀՅԴ...

Պաապտայի Մէջ.   «Կառավարութիւնը Պէտք Է Շարժի Դիմակայելու  Համար Երկրին Տնտեսական Փլուզումը»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Պաապտայի Մէջ. «Կառավարութիւնը Պէտք Է Շարժի Դիմակայելու Համար Երկրին Տնտեսական Փլուզումը» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Հայկական երեսփոխանական պլոքի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները` նկատի ունենալով երկրին մէջ արձանագրուած զարգացումները: Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ապրուստը ապահովելու դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ տնտեսական տագնապն ու սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարի սակին արձանագրած բարձրացումը, որուն պատճառով նաեւ տարբեր ապրանքատեսակներ սղաճ արձանագրած են, քաղաքացիին կեանքը...

Page 331 of 797 1 … 330 331 332 … 797

Արխիւներ