Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանի Բողոքագիր` Ֆրանսայի  Նախագահական Թեկնածու Վալերի Փեքրեսի  Արցախ Այցելութեան Առիթով

Ազրպէյճանի Բողոքագիր` Ֆրանսայի Նախագահական Թեկնածու Վալերի Փեքրեսի Արցախ Այցելութեան Առիթով

«Ֆրանս Թէ.Վէ.»-ի մեկնաբան Ժիւլիեն Նենի «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է, որ Ֆրանսայի նախագահական թեկնածու Վալերի Փեքրես չորեքշաբթի, 22 դեկտեմբերին այցելած է Արցախ, ուր հանդիպում ունեցած է տեղւոյն քաղաքական գործիչներուն հետ: Ըստ անոր, անվտանգութեան նկատառումներէ մեկնելով, Հայաստան գտնուող ֆրանսական լրատուամիջոցներուն մեծ մասը, ներառեալ «Ֆրանս Թէ.Վէ.»-ն, չէ անդրադարձած այցելութեան: Վալերի Փեքրեսի այս այցելութիւնը ընդվզումը յառաջացուցած է Պաքուին, որ բողոքագիր յղեց Փարիզին` Ֆրանսայի նախագահի...

«Հայաստան» Եւ «Պատիւ Ունեմ» Դաշինքները  Կը Մերժեն Դռնփակ Հանդիպում  Ունենալ Փաշինեանի Հետ

«Հայաստան» Եւ «Պատիւ Ունեմ» Դաշինքները Կը Մերժեն Դռնփակ Հանդիպում Ունենալ Փաշինեանի Հետ

Ազգային ժողովի «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւնները մերժեցին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ փակ հանդիպում ունենալու առաջարկը: Խմբակցութիւնները այս առիթով հրապարակեցին հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Հաշուի առնելով տարածուած տեղեկութիւնները` յայտնում ենք, որ Ալեն Սիմոնեանի կողմից ընդդիմադիր խմբակցութիւններին փոխանցուել է Նիկոլ Փաշինեանի հետ փակ հանդիպում անցկացնելու առաջարկութիւն: Յիշեցնենք, որ դեռեւս 2020 թուականի հոկտեմբերին` պատերազմի օրերին, նման ձեւաչափով հանդիպումներ Նիկոլ Փաշինեանի հետ տեղի ունեցել...

Բագրատունի Ընդունեց Դեղագործներու  Սենտիքայի Նախագահը

Բագրատունի Ընդունեց Դեղագործներու Սենտիքայի Նախագահը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Շաղզոյեան» կեդրոնի մէջ ընդունեց Դեղագործներու սենտիքայի նորընտիր նախագահ Ճօ Սալլումը, որուն հետ քննարկեց սենտիքայի աշխատանքները ընդհանրապէս, դեղագործներու դժուարութիւնները եւ յատկապէս դեղերու գտանելիութեան եւ սակերու խնդիրը: Շեշտը դրուեցաւ դեղերու արտադրութեան լիբանանեան գործարաններու աշխատանքները զարգացնելու եւ առաւելագոյն չափով դեղերը մատչելի դարձնելու անհրաժեշտութեան վրայ: Անհրաժեշտ նկատուեցաւ նաեւ սենտիքաներու աշխատանքները քաղաքական երկփեղկումներէ եւ ուղղուածութիւններէ հեռու պահելու...

Ամենապատիւ Եւ Գերերջանիկ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս Իա. Մինասեան Կաթողիկոս Պատրիարքի Պատգամը` Ս. Ծննդեան Եւ Ամանորի Առիթով

Ամենապատիւ Եւ Գերերջանիկ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս Իա. Մինասեան Կաթողիկոս Պատրիարքի Պատգամը` Ս. Ծննդեան Եւ Ամանորի Առիթով

Ողջոյն եւ աստուածաւանդ օրհնութիւն Պատուական եղբարց մերոց Արհի. Արհի. արքեպիսկոպոսաց, եպիսկոպոսաց, հոգեշնորհ քահանայից եւ հաւատացեալ ժողովրդեանս, Պատուական եղբարք եւ սիրեցեալ որդեակք ի Քրիստոս, 2020-21 թուականը տարեգրութեան մէջ պիտի մնայ իբրեւ համայն մարդկութեան պայքար ի դէմս համավարակի եւ անոր բերած դժուարութիւններուն: Ասոր պէտք է աւելցնենք այն վտանգաւոր ազդակները, որոնք կը ջանան քայքայել աստուածաստեղծ մարդկային կերպարը եւ անոր կազմած ամէնէն նուիրականը` ընտանիքը:...

Ակնարկ.  Քառօրեայ Այցելութեան Ընթացքին  Փոխանցուած Ուղերձները

Ակնարկ. Քառօրեայ Այցելութեան Ընթացքին Փոխանցուած Ուղերձները

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին քառօրեայ այցելութիւնը աւարտած է արդէն: Նման ծանր պայմաններու մէջ միջազգային ընտանիքի բարձրագոյն պատասխանատուին տուած այցելութիւնը բնականաբար հանրային ուշադրութիւն կը կեդրոնացնէ միջազգային օժանդակութիւններու նոր հոսքի հաւանականութեան վրայ: Մանաւանդ որ ՄԱԿ-ը` իբրեւ միջազգային կառոյց եւ հաստատութիւն, առաւելաբար խաղաղապահութեամբ եւ տարբեր բնոյթի օժանդակութիւններով կը յատկանշէ իր ընդհանուր գործունէութեան հիմնական առանցքները: Լիբանանի հետ յարաբերակցաբար ՄԱԿ-ը ունի աշխատանքային գերակայ ուղղութիւններ: Առաջինը Լիբանան...

«Թեհրան Պիտի Չհանդուրժէ Շրջանին Մէջ  Որեւէ Տարածքային Փոփոխութիւն»  Կ՛ըսէ Իրանցի Երեսփոխանը

«Թեհրան Պիտի Չհանդուրժէ Շրջանին Մէջ Որեւէ Տարածքային Փոփոխութիւն» Կ՛ըսէ Իրանցի Երեսփոխանը

22 դեկտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան հանդիպում ունեցած է Իրանի խորհրդարանի Իրան-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամական խումբի անդամներուն հետ: Այս մասին կը հաղորդէ Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի գրասենեակը: Հանդիպումին սկիզբը Իրանի խորհրդարանի Ազգային անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան մնայուն յանձնախումբի անդամ Մահմուտ Ահմատի Պիղաշ շնորհակալութիւն յայտնած է Գրիգորեանին հանդիպումի կարելիութիւնը ընձեռելուն համար: Իր կարգին, Գրիգորեան ողջունելով Պիղաշը, ընդգծած է, որ...

Հայաստանի Մէջ ՀԱՊԿ-ի Ընդհանուր  Քարտուղարը Քննարկեց Սահմանային Հարցեր

Հայաստանի Մէջ ՀԱՊԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Քննարկեց Սահմանային Հարցեր

Աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զաս 22 դեկտեմբերին տեսակցեցաւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի եւ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի հետ: Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ տիրող իրավիճակը ներկայացուց Զասի` շեշտելով, որ ատիկա Հայաստանի համար առաջնային նշանակութիւն ունեցող մարտահրաւէր է: Գրիգորեան ու Զաս կարեւոր նկատեցին շուտով սահմանագծման եւ սահմանազատման հոլովոյթի սկսելու պայմաններու...

Հարաւային Կովկասի Մէջ Փոխադրական  Հաղորդակցութեան Վերականգնման  Հեռանկարներու Քննարկում

Հարաւային Կովկասի Մէջ Փոխադրական Հաղորդակցութեան Վերականգնման Հեռանկարներու Քննարկում

Հարաւային Կովկասի մէջ փոխադրական հաղորդակցութիւններու վերականգնման հեռանկարներուն եւ Հայաստանի, Ռուսիոյ ու Ազրպէյճանի փոխվարչապետներու գլխաւորութեամբ գործող եռակողմանի աշխատանքային խումբի գործունէութեան շուրջ միտքեր փոխանակեցին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ Հայաստան այցելող Ռուսիոյ փոխվարչապետ, եռակողմանի աշխատանքային խումբի համանախագահ Ալեքսէյ Օվերչուքը: Հայաստանի կառավարութեան լրատուականին համաձայն, զրուցակիցները քննարկեցին հայ-ռուսական համագործակցութեան օրակարգին, տնտեսական կապերուն վերաբերող հարցեր: Զրուցակիցները անդրադարձան 2021 թուականին երկկողմանի առեւտրաշրջանառութեան ծաւալներուն ու գոհունակութեամբ նշեցին այդ...

Կառավարութեան Նիստերու Բացակայութեան.  Հրատապ Հարցերը Կը Քննարկուին Զանոնք  «Փոխարինող Այլընտրանքներով»

Կառավարութեան Նիստերու Բացակայութեան. Հրատապ Հարցերը Կը Քննարկուին Զանոնք «Փոխարինող Այլընտրանքներով»

Աուն. «Ընդունելի Չէ Դահլիճի Նիստէն Բացակայիլ, Երբ Կազմերը Լրիւ Են» Տօնական օրերու սեմին լիբանանցիներու ապրուստի կենցաղային տարրական կարիքներու հատուցման պահանջը օր ըստ օրէ (եթէ ոչ ժամէ ժամ) կը շեշտուին, մինչ այդ ընկերային, տնտեսական թէ առողջապահական տարրական պահանջներու եւ հարցերու հարթումին համար նախատեսուող կառոյցները (սկսելով նախարարաց խորհուրդէն) հետզհետէ առաւել եւս կը կաղան ու կը կազմալուծուին: Առ այդ, հրամայական անհրաժեշտութիւն կը դառնայ...

Իրանի Խորհրդարանի Անդամները Այցելեցին  Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիր

Իրանի Խորհրդարանի Անդամները Այցելեցին Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիր

Աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Իրանի խորհրդարանի Իրան-Հայաստան բարեկամական խումբի ղեկավար սէյիտ Մեհտի Ֆարշատանի գլխաւորած պատուիրակութեան անդամները 21 դեկտեմբերին այցելեցին Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր` Հայաստանի Ազգային ժողովի Հայաստան-Իրան բարեկամական խումբի ղեկավար Գէորգ Պապոյեանի ընկերակցութեամբ: Հիւրերը դիմաւորեց եւ յուշահամալիրի ստեղծման պատմութիւնը ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի թանգարանային աշխատանքներու փոխտնօրէն Լուսինէ Աբրահամեան: Ան հիւրերուն ներկայացուց նաեւ պատմութիւնը Ծիծեռնակաբերդի տարածքին մէջ տեղադրուած երեք խաչքարերու, որոնք նուիրուած...

Եւրոպական Միութեան Յատուկ Ներկայացուցիչը  Հայաստանի Կողմէ 2 Ազրպէյճանցի Զինուորներու  Յանձնումը Կը Նկատէ Մարդասիրական Կարեւոր Քայլ

Եւրոպական Միութեան Յատուկ Ներկայացուցիչը Հայաստանի Կողմէ 2 Ազրպէյճանցի Զինուորներու Յանձնումը Կը Նկատէ Մարդասիրական Կարեւոր Քայլ

Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար անդրադարձած է 20 դեկտեմբերին Հայաստանի կողմէ երկու ազրպէյճանցի սահմանախախտ զինուորներու Ազրպէյճան վերադարձին: «Կ՛ողջունենք երկու զինուորներու երէկուան յանձնումը: Ասիկա մարդասիրական կարեւոր ժեսթ է, որ կ՛ամրապնդէ վստահութիւնը», «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է Քլաար: Յիշեցնենք, որ 18 դեկտեմբերին Հայաստանի պաշտպանութեան «Ն» զօրամասի պահպանութեան տեղամասերէն մէկուն մէջ, հայ դիրքապահներու կողմէ ձերբակալուած են Ազրպէյճանի...

Ֆրանսայի Նախագահական Թեկնածու  Վալերի Փեքրես Հայաստան Այցելեց

Ֆրանսայի Նախագահական Թեկնածու Վալերի Փեքրես Հայաստան Այցելեց

Ֆրանսայի Իլ Տը Ֆրանս շրջանային խորհուրդի նախագահ, Ֆրանսայի նախագահական թեկնածու Վալերի Փեքրես եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որ աշխատանքային այցելութիւն կու տան Հայաստան, 21 դեկտեմբերին հանդիպում ունեցան Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանին, այլ պետական անձնաւորութիւններու, ինչպէս նաեւ այցելեցին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ: Նախագահ Սարգսեան նշեց, որ Հայաստանի մէջ Ֆրանսան եւ ֆրանսացիները կը նկատուին լաւ բարեկամներ, որովհետեւ հայութեան կողքին եղած են անոր ամէնէն դժուար...

Սահմանադրական Խորհուրդի Անորոշ  «Որոշումը» Դուռ Բացաւ Զանազան Հարցականներու`  Լիբանանի Իրավիճակին  Եւ Յառաջիկայ Քայլերուն Գծով

Սահմանադրական Խորհուրդի Անորոշ «Որոշումը» Դուռ Բացաւ Զանազան Հարցականներու` Լիբանանի Իրավիճակին Եւ Յառաջիկայ Քայլերուն Գծով

Լիբանանի Սահմանադրական խորհուրդը երէկ ձախողեցաւ թեր կամ դէմ քուէարկել ընտրութիւններու կայացման գծով` Ազգային ազատ հոսանքի ներկայացուցած վիճարկումին քննարկման ընթացքին: Արդարեւ, տասը անդամներէն 7-ին մեծամասնութիւնը պահանջող վիճարկումին գծով վեց թեր եւ չորս դէմ արդիւնքով կարելի չեղաւ յստակ որոշում գոյացնել, եւ հարցը մնաց առկախ: Փաստօրէն, նշեալ խորհուրդի նախագահ դատաւոր Թաննուս Մըշլեպ մամլոյ ասուլիս մը տալով փորձեց «պարզել» խորհուրդին կեցուածքը` հաստատելով, որ ոչ...

Նախագահ Աուն Կոչ Ուղղեց Պաշտպանութեան  Գերագոյն Խորհուրդի Նիստի Գումարման

Նախագահ Աուն Կոչ Ուղղեց Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդի Նիստի Գումարման

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ` երեքշաբթի, 21 դեկտեմբերին կոչ ուղղեց Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստ գումարելու, այսօր կէսօրին` քննելու համար «Օմիքրոն» ժահրի տարածման կանխարգիլման գործնական միջոցառումները տօնական օրերու նախօրեակին: Սահմանադրական խորհուրդի «որոշումին» յաջորդած այս կոչը որոշ կողմերու մօտ զարմանք յառաջացուց, թէ «ներկայիս ի՞նչ պէտք կայ նման ժողովի»: Նաեւ` Կրթութեան Նախարարին Հետ Նախագահ Աուն երէկ նաեւ ընդունեց կրթութեան նախարար Ապպաս Հալապին,...

Հայ Սահմանապահներուն Կողմէ Ձերբակալուած  Երկու Ազրպէյճանցի Զինուորները Վերադարձուեցան

Հայ Սահմանապահներուն Կողմէ Ձերբակալուած Երկու Ազրպէյճանցի Զինուորները Վերադարձուեցան

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան N զօրամասի պահպանութեան տեղամասերէն մէկուն մէջ հայ սահմանապահներուն կողմէ  18 դեկտեմբերին ձերբակալուեցան ազրպէյճանցի զինուած ուժերու երկու սահմանախախտ զինուորներ: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութենէն յայտնեցին, որ 20 դեկտեմբերին, մարդասիրական նկատառումներով եւ Ռուսիոյ միջնորդութեամբ, նշուած զինուորները վերադարձուած են ազրպէյճանական կողմին:    

Արցախի Ազգային Ժողովի «Հայ Յեղափոխական  Դաշնակցութիւն» Խմբակցութիւնը  Տեսակցեցաւ Արայիկ Յարութիւնեանին Հետ

Արցախի Ազգային Ժողովի «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» Խմբակցութիւնը Տեսակցեցաւ Արայիկ Յարութիւնեանին Հետ

20 դեկտեմբերին Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հրաւէրով Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւորները հանդիպում ունեցան Արցախի նախագահին հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան 2022-ի պետական պիւտճէին առնչուող հարցեր: Խմբակցութեան անդամները մտահոգութիւն յայտնեցին պետական պիւտճէն արդիւնաւէտ կերպով ծախսելու եւ վերահսկողական ոչ լիարժէք գործիքակազմի առկայութեան հարցերուն շուրջ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան նաեւ պետութեան արտաքին ու ներքին շարք մը հիմնախնդիրներու լուծման առնչուած հարցեր: Դաշնակցական պատգամաւորները կարեւոր նկատեցին...

Հայ, Յոյն Եւ Կիպրացի Արձակազէնները  Աւարտեցին Ռազմափորձերը

Հայ, Յոյն Եւ Կիպրացի Արձակազէնները Աւարտեցին Ռազմափորձերը

Հայաստանի, Յունաստանի եւ Կիպրոսի միջեւ Եռակողմանի համագործակցութեան ծրագիրի ծիրին մէջ 16-17 դեկտեմբերին կայացաւ «Սփեշըլ Փրեսիշըն Սնայփըրզ-2021» միացեալ վարժանքը: Լուրը հաղորդեց Կիպրոսի պաշտպանութեան նախարարութեան կայքը: «Սփեշըլ Փրեսիշըն Սնայփըրզ-2021» միացեալ վարժանքներուն նպատակն էր բարձրացնել մարտունակութիւնը «Ի. Էս. Ի. Էյ.» առաքելութիւններու կազմակերպման, նախագծման եւ իրականացման մէջ: Հայաստանի, Յունաստանի եւ Կիպրոսի  միջեւ Եռակողմանի համագործակցութեան ծրագիրի իրականացման զուգահեռ, ըստ նախարարութեան, ռազմափորձերը կ՛արտացոլացնեն երեք երկիրներու զինուած...

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Միջազգային Համայնքին  Նեցուկը Հրամայական Է Լիբանանի Վերականգնումին»

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Միջազգային Համայնքին Նեցուկը Հրամայական Է Լիբանանի Վերականգնումին»

Երկուշաբթի, 20 դեկտեմբեր 2021-ին, կարճ այցելութեամբ Լիբանան եկած ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես, աւելի քան երկու ժամ տեւած հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի, յոյն ուղղափառ, հայ, սիւննի, շիի եւ տիւրզի համայնքներու հոգեւոր պետերուն հետ: Հանդիպումը սկսաւ ընդհանուր քարտուղարին բացման խօսքով, ուր ան յայտնեց, թէ միջազգային համայնքը մտահոգ է Լիբանանով, ան պէտք է աւելին կատարէ Լիբանանի համար, եւ թէ ինք եկած է...

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Կողմէ 125.000 Եւրոյի Յատկացում` Լիբանանի Հայկական Վարժարաններուն

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Կողմէ 125.000 Եւրոյի Յատկացում` Լիբանանի Հայկական Վարժարաններուն

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքը 125.000 եւրօ յատկացուցած է Լիբանանի 16 հայկական վարժարաններուն: Այս քայլը կը յաջորդէ 2021-ի սկիզբը դպրոցներուն կատարուած 650 գրասալիկներու (թապլեթներ) եւ 50 համակարգիչներու նուիրատուութեան: Իր հիմնադրութենէն ի վեր, Կիւլպէնկեանի Հայկական բաժանմունքը միշտ յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած է Միջին Արեւելքի հայկական վարժարաններուն: Վերջին տարիներուն, բաժանմունքը Լիբանանի համար համապարփակ ռազմավարութիւն մը մշակած է` իւրայատուկ տեղ տրամադրելով հայ համայնքին մէջ...

Ակնարկ.    Անգարան Պաշտօնապէս Առաջադրեց  Առաջին Նախապայմանը

Ակնարկ. Անգարան Պաշտօնապէս Առաջադրեց Առաջին Նախապայմանը

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը, անդրադառնալով հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին, կատարած է յայտարարութիւն, ուր կ՛ամփոփուին հետեւեալ կէտերը. Ա.- Բոլոր քայլերը Անգարան կը համակարգէ Պաքուին հետ: Բ.- Սահմանի բացման որոշումը Թուրքիան կը կատարէ Ազրպէյճանի հետ համաձայնելէ ետք միայն: Գ.- Թուրքիան Հայաստանին կը կատարէ առաջարկ`  Ազրպէյճանի հետ  համընդգրկուն խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու: Թուրքիան միջնորդի դեր կը կատարէ այդ պայմանագիրի կնքման: Դ.- Սահմաններուն բացումը կ՛առնչուի...

Page 329 of 797 1 … 328 329 330 … 797

Արխիւներ