Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մուրատ Փափազեան. «Ֆրանսայի Հայ Համայնքի Աշխատանքներուն Մէջ Արցախը Պիտի Մնայ Առաջնահերթութիւն»

February 16, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի հայ համայնքի 2022 թուականի աշխատանքներու առանցքին մէջ իբրեւ առաջնահերթութիւն պիտի ըլլայ Արցախը:

«Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին այս մասին նշեց Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան: Ան տեղեկացուց, որ ինչպէս նախորդ տարիներուն լրջագոյն աշխատանք տարած են Արցախի անկախութեան ճանաչման ուղղութեամբ, նոյն աշխուժութեամբ պիտի շարունակեն 2022 թուականին: Խօսելով օրերս Փարիզի մէջ տեղի ունեցած հայ համայնքի տարեկան ընթրիքին մասին, որուն ներկայ էին Ֆրանսայի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ թէ՛ օրէնսդիր, թէ՛ գործադիր մարմիններէ, Մուրատ Փափազեան նշեց, որ անիկա տարեկան լաւ առիթ է հաւաքելու հայերու բարեկամները:

«Մենք կ՛աշխատինք Ֆրանսայի իշխանութիւններուն հետ, որ պահպանուի հայամէտ դիրքորոշումը: Յայտնի է, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, ցեղասպանութեան ժխտողականութեան հարցին մէջ բաւական ամուր կեցուածք ունինք: Մենք կ՛ուզենք, որ Ֆրանսայի հայամէտ բնոյթը ըլլայ նաեւ Արցախի հարցին հետ կապուած: Մենք այդ ուղղութեամբ կ՛աշխատինք, եւ արդիւնքը եղաւ այն, որ Ֆրանսայի Ծերակոյտը քուէարկեց բանաձեւի մը օգտին, որով կոչ կ՛ուղղուէր, որ Ֆրանսան ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը: Նոյնը եղաւ Ֆրանսայի տարբեր խոշոր քաղաքներու, համայնքներու պարագային: Արդէն 85 քաղաքներ, շրջաններ քուէարկեցին այն բանաձեւի օգտին, որ Ֆրանսան կը ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը: Ասիկա ցոյց կու տայ տարիներու ընթացքին կատարուած աշխատանքի արդիւնքը: Մենք մեր գործընկերներուն, բարեկամներուն ցոյց տուինք, որ հայկական համայնքը իսկապէս ուժեղ է եւ դրական սկզբունքներու հիման վրայ կը պաշտպանէ Հայ դատը, Հայկական հարցը», ըսաւ Մուրատ Փափազեան:

Փարիզի մէջ տեղի ունեցած ընթրիքին այս տարի, գործուղումներով պայմանաւորուած, Ֆրանսայի նախագահը ներկայ չէ եղած, սակայն եկած էր վարչապետը: Մուրատ Փափազեան նշեց, որ իրենք կրցան ներկայացնել հայ համայնքին պահանջները:

Մուրատ Փափազեան ընդգծեց նաեւ Ֆրանսայի ու Արցախի քաղաքային մակարդակով համագործակցութեան ուղղուած աշխատանքներու աշխուժացման կարեւորութիւնը:

 

Նախորդը

Ազրպէյճանի Դատախազութիւնը Կը Խոստանայ Ըստ Կարելւոյն Արագ Ձերբակալել Արայիկ Յարութիւնեանը

Յաջորդը

Միրզոյեան Եւ Լաւրով Միտքեր Փոխանակած Են Հայաստանի Եւ Թուրքիոյ Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Վերաբերեալ

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.