Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Կայացման, Թաէֆի Համաձայնագիրի Գործադրութեան Եւ Արաբ Եղբայրներուն Հետ Յարաբերութիւններուն Պահպանման»

February 18, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Գահիրէի մէջ մասնակցեցաւ Արաբական երկիրներու խորհրդարաններու համադաշնակցութեան 32-րդ խորհրդաժողովին, որուն ընթացքին  արտասանեց Լիբանանի խօսքը` հաստատելով, որ արաբական աշխարհին մէջ տիրող կացութիւնը կ՛ենթադրէ անկեղծօրէն անդրադառնալ ճշմարտութիւններուն:

Պըրրի շեշտեց, որ պէտք է անդրադառնալ բոլոր վտանգներուն եւ մարտահրաւէրներուն, որոնք առանց բացառութեան կը սպառնան արաբ ժողովուրդներուն:

Ան նշեց, որ քաղաքական, ապահովական, տնտեսական, մշակութային, ընկերային, առողջապահական եւ ռազմավարական առումով արաբական աշխարհը կը գտնուի մարտահրաւէրներու դիմաց, որոնք կը սպառնան արաբական ինքնութեան, աւանդներուն, մշակոյթին, պատմութեան, արաբերէնին, ներկային եւ անցեալին, ինչպէս նաեւ իսլամ կրօնին:

Պըրրի ցաւ յայտնեց, որ այս բոլոր սպառնալիքներուն դիմաց կը բացակայի արաբական միասնականութիւնը եւ միացեալ կեցուածքը` ճակատագրական հարցերուն, միացեալ ճակատագիրին եւ միացեալ շահերուն մասին:

Պըրրի ընդգծեց, որ արաբական երկիրներուն մէջ տիրող հարցերն ու բռնկած հրդեհները, որոնք հետզհետէ աւելի թէժ բնոյթ կը ստանան, արտաքին ուժերու կողմէ են, որոնք արաբներուն վրայ կը գործադրեն «բաժնէ, որ տիրես»-ի սկզբունքը:

Պըրրի նկատել տուաւ, որ կը սխալի ան, որ կը հաւատայ, թէ այս հրդեհները պիտի շարունակեն ճարճատիլ` աւելցնելով, որ հասած է այն պահը, որուն ընթացքին պէտք է որդեգրել միասնականութիւնը եւ որոնել արաբական համագործակցութեան կարելիութիւնները, որպէսզի կարելի ըլլայ դիմակալել ամէն տեսակի վտանգ, ինչպէս նաեւ հաւատադրժողական ահաբեկչութիւն եւ սեւ ու քանդիչ միտք ստեղծելու ամէն տեսակ ծրագիր:

Պըրրի նկատել տուաւ, որ հաւատադրժողական ահաբեկչութիւնը վերակենդանացնելու վերջին փորձը արձանագրուած է Սուրիոյ Հասաքէ շրջանին մէջ, ինչպէս նաեւ իրաքեան տարբեր շրջանները թիրախ դարձուցած պայթումներուն եւ ահաբեկչական գործողութիւններուն ընթացքին:

Պըրրի շեշտեց նաեւ, որ արաբական երկիրներու խորհրդարաններու համադաշնակցութեան խորհրդաժողովին ռազմավարական նպատակներէն է այն, որ պէտք է կիներուն մասնակցութիւնը ապահովել պետական աշխատանքներուն մէջ, ինչպէս նաեւ ուժեղացնել երիտասարդութեան դերակատարութիւնն ու վերակենդանացնել արաբական միացեալ շուկաները` ապահովելու համար ընկերային արդարութիւն եւ բարգաւաճում:

Պըրրի հաստատեց, որ ռազմավարական գերագոյն նպատակը, որ պէտք է առաջնահերթութիւն նկատուի, Պաղեստինեան հարցն է, որ այսօր աւելի քան երբեք կարիքը ունի արաբական ամբողջական զօրակցութեան` նկատի ունենալով թշնամի Իսրայէլի կողմէ ի գործ դրուող հրէացումի քաղաքականութիւնը, Այսրյորդանանի վրայ պարտադրած անոր շրջափակումն ու պաղեստինցիներուն դէմ գործադրած սպանդներն ու գերեվարութեան գործողութիւնները:

Պըրրի կոչ ուղղեց ամէն գնով պայքարելու, որպէսզի կարելի ըլլայ Պաղեստինի անկախ պետութիւնը կերտել եւ պաղեստինցի գաղթականներուն տունդարձը ապահովել:

Ան շեշտեց արաբական երկիրներու խորհրդարաններու համադաշնակցութեան սկզբունքները յարգելու կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ ծառայել արաբական հասարակութեան, ինչպէս նաեւ բարելաւել համագործակցութեան արժէքները, երկխօսութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը:

«Այս բոլորը կատարելու համար արաբական երկիրներու խորհրդարաններու համադաշնակցութիւնը պէտք է անյապաղ մշակէ ծրագիր մը, որ արաբական համախոհութիւն եւ համագործակցութիւն կ՛իրականացնէ` գործով եւ ոչ թէ բանիւ, իբրեւ գործնականացում եւ ոչ թէ կարգախօս: Այդ ծրագիրին գործադրութիւնը պէտք է ապահովել խորհրդարանական դիւանագիտութիւնը աշխուժացնելու շրջագիծին մէջ` իր բոլոր մակարդակներով եւ յանձնախումբերով», հաստատեց Պըրրի:

Պըրրի նշեց, որ Լիբանանն ու լիբանանցիները երեսփոխանական ընտրութիւններէն միայն երեք ամիս հեռու են` աւելցնելով, որ իրենք կառչած կը մնան երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացման` կատարեալ թափանցիկութեամբ եւ բոլոր ճնշումներէն հեռու: «Երեսփոխանական ընտրութիւնները յետաձգելու որեւէ փորձ մերժելի է մեզի համար, եւ իբրեւ այդպիսին կոչ կ՛ուղղենք Արաբական երկիրներու խորհրդարաններու համադաշնակցութեան յանձնախումբ մը կազմելու եւ հսկելու կայանալիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն», ըսաւ Պըրրի:

Խորհրդարանի նախագահը ընդգծեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ արաբ եղբայրներուն հետ իր յարաբերութիւնները պահպանելու, ինչպէս նաեւ կը յարգէ արաբական երկիրներուն անկախութիւնը, գերիշխանութիւնը, ապահովական կայունութիւնն ու ազատութիւնը:

Պըրրի հաստատեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ Թաէֆի համաձայնագիրի գործադրութեան` միջլիբանանեան յարաբերութիւնները բարեկարգելու շրջագիծին մէջ:

Պըրրի նշեց, որ Լիբանան կը զօրակցի Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրանի միջեւ կատարուող բանակցութիւններուն, որոնք կը վայելեն իրաքեան հովանաւորութիւն: Ան մաղթեց, որ այդ երկխօսութիւնը դրական արդիւնքներով պսակուի` իրականացնելու համար երկու երկիրներուն շահերը, որոնց ընդմէջէն կարելի պիտի ըլլայ ապահովել նաեւ արաբ եւ իսլամ ժողովուրդներուն շահերը:

Պըրրի հաստատեց, որ Լիբանան բացարձակ զօրակցութիւն կը յայտնէ Սուրիան վերադարձնելու արաբական պաշտօնական դիրքին եւ դերակատարութեան: «Արաբականութիւնը պակասաւոր կը մնայ առանց Սուրիոյ, որովհետեւ Սուրիան էր եւ կը մնայ արաբական միասնականութեան իրականացման պարտադիր անցքը», եզրափակեց Պըրրի:

Նախորդը

Նախագահ Աուն. «Ձեր Երդումին Եւ Լիբանանցիներուն Հաւատարիմ Մնացէք»

Յաջորդը

«Ռուսիան Եւս Մինսքի Խմբակի Անդամ Է, Սակայն Թէ՛ Հայաստանին, Թէ՛ Ազրպէյճանին Զէնք Կը Մատակարարէ» Կ՛ըսէ Պաքուի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.