Գլխաւոր լուրեր

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն.  «Ազրպէյճան Յամառօրէն Կը Փորձէ 1993-ի Արցախի  Վերաբերեալ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի  Բանաձեւերը Ներկայացնել  Իբրեւ Տագնապի Լուծման Իրաւական Հիմք»

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Կը Դատապարտենք Արցախի Մշակութային Եւ Կրօնական Կոթողներէն Հայկականութեան Հետքերը Ջնջելու Ազրպէյճանի Նախաձեռնութիւնը»

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը տարածած է յայտարարութիւն մը` Ազրպէյճանի` հայկական մշակութային ժառանգութիւնը իւրացնելու մտադրութեան վերաբերեալ: Յայտարարութեան մէջ նշուած է. «Խստագոյնս դատապարտում ենք ազրպէյճանական իշխանութիւնների` յատուկ յանձնաժողով ստեղծելու որոշումը, որի աշխատանքը, համաձայն պաշտօնատար անձանց յաջորդող յայտարարութիւնների, ուղղուած կը լինի Ազրպէյճանի կողմից Արցախի բռնագրաւուած տարածքներում գտնուող մշակութային եւ կրօնական կոթողներից հայկականութեան հետքերի ջնջմանը: Տուեալ քայլը եւս մէկ անգամ համոզիչ կերպով հաստատում...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Ալիեւի` Արցախի Բռնագրաւեալ Տարածքին Մէջ Մշակութային Ցեղասպանութիւն Գործելու Մտադրութեան Վերաբերեալ Նամակներ Յղեց Շարք Մը Երկիրներու Դեսպաններուն

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Ռուսիոյ, Եւրոպական Միութեան, Լեհաստանի, Շուէտի եւ Վատիկանի դեսպաններուն, ինչպէս նաեւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Պէյրութի մէջ գտնուող շրջանային գրասենեակի տնօրէնին յղեց նամակներ, որոնց մէջ  անդրադարձաւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ մշակոյթի նախարար Անար Քարիմովի կողմէ Արցախի բռնագրաւեալ տարածքներուն մէջ մշակութային ցեղասպանութիւն գործելու բացայայտ ու յստակ մտադրութեան եւ այդ ծրագրի գործադրութեան համար «աշխատանքային...

Բագրատունի Ընդունեց Ճինէյ Քուլի  Այցելութիւնը

Բագրատունի Ընդունեց Ճինէյ Քուլի Այցելութիւնը

Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան քաղաքական եւ տնտեսական հարցերու խորհրդական Ճինէյ Քուլի այցելեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի: Քուլիի կ՛ընկերակցէին դեսպանատան բարձրաստիճան երկու պաշտօնատարներ: Մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձաւ ամերիկացի բանագնաց Ամոս Հոքշթայնի այցելութիւնը ծովային սահմաններու ճշդման, Եգիպտոսէն եւ Յորդանանէն բնական կազի եւ ելեկտրականութեան Լիբանան հասցնելու հարցերը, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւնները 15 մայիսին կայացնելու անհրաժեշտութիւնը:...

Ազրպէյճան Հայաստանին Վերադարձուցած Է  8 Գերեվարուած Զինուոր

Ազրպէյճան Հայաստանին Վերադարձուցած Է 8 Գերեվարուած Զինուոր

7 փետրուարին Ազրպէյճանը Հայաստանին վերադարձուցած է 8 գերեվարուած զինուորական: Այս մասին կը յայտնէ Ազրպէյճանի գերիներու, անհետ կորսուածներու հարցերով պետական յանձնախումբը: Ազրպէյճանական կողմին համաձայն, վերադարձուած 8 զինուորներէն ոմանք 16 նոյեմբեր 2021-ին գերեվարուած զինուորներ են: Կը նշուի, որ Ազրպէյճան Հայաստանի քաղաքացիները վերադարձուցած է` արցախեան Ա. պատերազմի ժամանակ սպաննուած ազրպէյճանցի զինուորներու եւ քաղաքայիններու մասին տեղեկութիւններ ստանալու դիմաց:  

Մաքրոն Շնորհակալութիւն Կը Յայտնէ  Հայ Պատերազմական Գերիներու Հայրենիք  Վերադարձման Մասնակից Ֆրանսացի  Դիւանագէտներու Եւ Զինուորներուն

Մաքրոն Շնորհակալութիւն Կը Յայտնէ Հայ Պատերազմական Գերիներու Հայրենիք Վերադարձման Մասնակից Ֆրանսացի Դիւանագէտներու Եւ Զինուորներուն

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն շնորհակալութիւն յայտնեց ֆրանսացի դիւանագէտներուն եւ զինուորներուն, որոնք մասնակից եղած են Ազրպէյճանէն հայ 8 գերիներու հայրենիք վերադարձման գործողութիւններուն: Մաքրոն «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ գրեց. «Ձերբակալուած ութ հայեր ազատ արձակուած են Ազրպէյճանի կողմէ եւ Պաքուէն տեղափոխուած Երեւան: Անոնք պիտի վերադառնան իրենց ընտանիքներուն, որոնցմէ քանի մը ամիս է` բաժնուած էին», գրած է ան: Մաքրոն հրապարակեց նաեւ լուսանկարը ֆրանսական ռազմափոխադրական...

Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահը Պաքուէն  Հայ Պատերազմական Գերիներու Վերադարձը  Կը Նկատէ «Դրական Զարգացումներու  Յաւելեալ Նշան Մը»

Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահը Պաքուէն Հայ Պատերազմական Գերիներու Վերադարձը Կը Նկատէ «Դրական Զարգացումներու Յաւելեալ Նշան Մը»

Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել անդրադարձած է Պաքուէն 8 հայ պատերազմական գերիներու հայրենիք վերադարձին: Ան այդ մասին գրառում կատարեց իր թուիթըրեան էջին վրայ: «Ազրպէյճանի կողմէ 8 հայ կալանաւորներու ազատ արձակումը եւ հայրենադարձումը Հայաստան դրական զարգացումներու յաւելեալ նշան մըն է Ֆրանսայի, Ազրպէյճանի նախագահներու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի հետ հանդիպումէն ետք: Եւրոպական Միութիւնը կ՛աջակցի շրջանին մէջ կայունութեան ու բարգաւաճման», գրեց Միշել: Հարաւային...

Երեսփոխան Յ. Բագրատունի Կը Պահանջէ  Պահպանել Բնակիչներուն Ապահովութիւնը

Երեսփոխան Յ. Բագրատունի Կը Պահանջէ Պահպանել Բնակիչներուն Ապահովութիւնը

Մըզհերի մէջ շէնքի մը պատին փուլ գալուն հարցով, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի կապ հաստատած է վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ ներքին գործոց ու քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուիի հետ եւ անոնցմէ պահանջած, որ անհրաժեշտ միջոցները որդեգրեն` բնակիչներուն ապահովութեան համար: Կէսօրէ ետք Մաուլաուի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Յ. Բագրատունիի հետ` հաստատելով, որ Շտապ օգնութեան...

Երեւանի մէջ կայացած ՀՅԴ 131-ամեակին նուիրուած պաշտօնական հանդիսութիւնը լուսանկարներով

ՀՅԴ 131-Ամեակի Հանդիսաւոր Տօնակատարութիւն` Երեւանի Մէջ

Շաբաթ, 5 փետրուար 2022-ին, «Դուին Հոլ» համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 131-ամեակին նուիրուած պաշտօնական հանդիսութիւնը: Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ եւ երրորդ նախագահներ Ռոպերթ Քոչարեան եւ Սերժ Սարգսեան, Արցախի Հանրապետութեան նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեան եւ Բակօ Սահակեան, Հայաստանի նախկին վարչապետներ Վազգէն Մանուկեան, Հրանդ Բագրատեան, Խոսրով Յարութիւնեան, Ազգային Ժողովի ընդդիմադիր «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւններու պատգամաւորներ, «Բարգաւաճ Հայաստան»...

«Ֆրիտըմ Հաուս» Հայաստանի  Ազգային Ժողովին  Կոչ Կ՛ուղղէ` Ջնջելու Հայհոյանքի  Քրէականացման Օրէնքը

«Ֆրիտըմ Հաուս» Հայաստանի Ազգային Ժողովին Կոչ Կ՛ուղղէ` Ջնջելու Հայհոյանքի Քրէականացման Օրէնքը

«Ֆրիտըմ Հաուս» իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը մտահոգութիւն յայտնած է կառավարութեան պաշտօնատարներու նկատմամբ «լուրջ վիրաւորանքի» քրէականացման նոր օրէնքին հիմամբ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիի քրէական դատապարտման առաջին դէպքին առնչութեամբ: Այս մասին կը նշուի կազմակերպութեան դիմատետրեան յայտարարութեան մէջ: «Այս օրէնսդրութեան կիրարկումը, որ միայն 2022 թուականին յանգեցուցած է աւելի քան 260 քրէական գործի յարուցման, կը խօսի Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական արժեչափերու յստակ քայքայման մասին եւ սառեցնող ազդեցութիւն կ՛ունենայ...

Ազրպէյճան Արցախի Բռնագրաւուած  Տարածքներու  Եկեղեցիներէն Հայկական Հետքերը  Ջնջելու Ծրագիր Կը Յայտարարէ

Ազրպէյճան Արցախի Բռնագրաւուած Տարածքներու Եկեղեցիներէն Հայկական Հետքերը Ջնջելու Ծրագիր Կը Յայտարարէ

«Ազրպէյճանի կառավարութիւնը յայտարարեց, որ մտադիր է հայկական արձանագրութիւնները ջնջել 2020 թուականին Հայաստանի հետ պատերազմի ընթացքին իր վերատիրացած տարածքներուն մէջ գտնուող կրօնական վայրերէն», այս մասին «Եուրէյժանեթ»-ի վրայ կը գրէ Պաքուէն լրագրող Հեյտար Իսայեւ: «Կառավարութիւնը այդ քայլը արդարացուց պնդելով, որ անոնք իրականութեան մէջ ներկայ Ազրպէյճանի մէջ գտնուած հնադարեան թագաւորութեան մը` Կովկասեան Ալպանիոյ ժառանգութիւնն են: Այս տեսութիւնը, որ պատմաբաններու մեծամասնութեան զօրակցութիւնը չի վայելեր,...

Տնտեսական Սուր Տագնապին Մասին  Յ. Բագրատունիի Գրառումը

Տնտեսական Սուր Տագնապին Մասին Յ. Բագրատունիի Գրառումը

Հայկական երեսփոխանական պլոքի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրեց հետեւեալ գրառումը. «Ամերիկեան տոլարին սակը կը նուազի... սակայն գիները կը մնան նոյնը: Երկիրը մութին մէջ կ՛ընկղմի... իսկ ելեկտրականութեան հոսանքի խոստումները կ՛անհետանան անոր մէջ: Մինչեւ ե՞րբ: Սառած եւ ոչ արդիւնաբեր իրավիճակ... իսկ ապրուստի վիճակը` դէպի նահանջ: Մինչեւ ե՞րբ»:    

Մենք փակած ենք 2020ի աշնան բացուած սուգի ու ընկճուածութեան էջը․ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

Մենք փակած ենք 2020ի աշնան բացուած սուգի ու ընկճուածութեան էջը․ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

Մեծայարգ հիւրեր, սիրելի հայրենակիցներ եւ ընկերներ, ՀՅԴ Օրը աշխարհով մէկ կը նշուի որպէս կազմակերպութեանս կողմէ հայրենի ժողովուրդի եւ Սփիւռքի հայութեան ներկայացուող հաշուետուութեան պահ եւ Դաշնակցութեան դիրքորոշումները փոխանցելու առիթ: Այսօր համահայկական առումով քաղաքական, պետականակերտ եւ ազգային ազատագրական պայքար մղող գլխաւոր կազմակերպութիւնն է ՀՅԴն որ կը գործէ ամենուրէք ուր հայ կայ՝ ծառայելով Հայաստանի, Արցախի եւ աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդի բազմաշերտ կարիքներուն, սատարելով ընկերային...

Փաշինեան, Ալիեւ, Միշել  Եւ Մաքրոն Առցանց Հանդիպում

Փաշինեան, Ալիեւ, Միշել Եւ Մաքրոն Առցանց Հանդիպում

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկրի` Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ եւ մասնակցութեամբ 4 փետրուարին տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի առցանց հանդիպումը: Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնեցին, որ կողմերը միտքեր փոխանակած են առկայ մարդասիրական խնդիրներու լուծման, երկու երկիրներու ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան ծիրին մէջ շրջանային...

52 Քոնկրեսական Միացած Է Ամերիկայի  Հայ Դատի Յանձնախումբի Նախաձեռնութեան

52 Քոնկրեսական Միացած Է Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Նախաձեռնութեան

Միացեալ Նահանգներու աւելի քան 52 քոնկրեսականէ բաղկացած երկկուսակցական խումբը միացած է Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահ Ֆրենք Փալոնին եւ Կաս Պիլիրաքիսին` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարութիւններէն պահանջելով արգելակել չորրորդ սերունդի «Էֆ-16» կործանիչներու եւ արդիականացման սարքաւորումներու վաճառքը Թուրքիոյ: Այս մասին կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը: 4 փետրուարին արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընին եւ պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթինին ուղղուած...

«Հայաստան» Եւ «Պատիւ Ունեմ»  Խմբակցութիւններու Յայտարարութիւնը

Հայաստանի Խորհրդարանական Ընդդիմութիւնը Պիտի Չմասնակցի Հայաստանի Նախագահի Ընտրութեան

Երէկ` ուրբաթ, 4 փետրուարին Ազգային ժողովի ընդդիմադիր «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւնները յայտարարեցին, որ «որեւէ ձեւով պիտի չմասնակցին» հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան: Յայտարարութեան մէջ նշուած է. «Հայաստանի Սահմանադրութիւնը պահանջում է, որ հանրապետութեան նախագահը պէտք է լինի անաչառ, առաջնորդուի համազգային եւ համապետական շահերով: Հայաստանն այսօր ներքին ու արտաքին լրջագոյն մարտահրաւէրներ է դիմագրաւում: Համազգային համախմբումը, հանրային համերաշխութիւնն այլընտրանք չունեն: Բայց երկիրը կործանման եզրին...

«Արցախի Փրկութիւն» Շարժումի Եւ ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչներու Հանդիպում

«Արցախի Փրկութիւն» Շարժումի Եւ ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչներու Հանդիպում

Չորեքշաբթի, 2 փետրուարին Արցախի Ազգային ժողովի «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն» խմբակցութեան եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամները հանդիպում ունեցան «Արցախի փրկութիւն» շարժումի ներկայացուցիչներուն հետ: Շարժման անդամները հանդիպումներու եւ խորհրդակցութիւններու սկսած են Արցախի քաղաքական եւ հասարակական դաշտի ներկայացուցիչներուն հետ, եւ այս ծիրին մէջ նախաձեռնուած էր այս հանդիպումին: Հանդիպումին ընթացքին անոնք խօսեցան իրենց առջեւ դրուած խնդիրներուն մասին: «Մեր հիմնական նպատակն է միաւորել Արցախի,...

Վերա Եագուպեան Կը Նշանակուի  Խմբագիրներու Սենտիքայի Խորհրդական

Վերա Եագուպեան Կը Նշանակուի Խմբագիրներու Սենտիքայի Խորհրդական

Խմբագիրներու սենտիքան երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ սենտիքայի խորհուրդը գումարած է ժողով մը, որուն ընթացքին կատարած է իր խորհրդականներուն նշանակումը, կազմած յանձնախումբերն ու մշակած սենտիքայի աշխատանքային ծրագիրը: Այս նշանակումներու շրջագիծին մէջ Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան նշանակուեցաւ Խմբագիրներու սենտիքայի խորհրդական: Նշենք, որ երկու ամիս առաջ Ժոզեֆ Քսայֆի վերընտրուեցաւ Խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ: Անոր նախագահութեան նստաշրջանը...

Հայաստանի Եւ Թուրքիոյ Յատուկ  Ներկայացուցիչներու Յաջորդ Հանդիպումը  24 Փետրուարին` Վիեննայի Մէջ

Հայաստանի Եւ Թուրքիոյ Յատուկ Ներկայացուցիչներու Յաջորդ Հանդիպումը 24 Փետրուարին` Վիեննայի Մէջ

Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթի ծիրին մէջ երկու երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչներու յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 24 փետրուարին, Վիեննայի մէջ: Այս մասին յայտնեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը: Նշենք, որ հայ եւ թուրք ներկայացուցիչներ Ռուբէն Ռուբինեանի եւ Սերտար Քըլըճի առաջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ 14 յունուարին Մոսկուայի մէջ, որմէ ետք կողմերը յայտարարեցին, թէ համաձայնած են շարունակել լիարժէք կարգաւորման վերաբերող բանակցութիւնները` առանց նախապայմաններու:...

Երեւան-Պոլիս Թռիչքները Սկսան

Երեւան-Պոլիս Թռիչքները Սկսան

2 փետրուարին սկսաւ հայկական «Flyone Armenia» օդանաւային ընկերութեան կողմէ իրականացուող առաջին թռիչքը` Երեւան-Պոլիս-Երեւան ուղղութեամբ, որով «Զուարթնոց» օդակայանէն շուրջ 60 ուղեւորներ տեղափոխեց Պոլիս: Առաջին թռիչքին անդրադառնալու եկած էին թրքական բոլոր յառաջատար լրատուամիջոցները: «Flyone Armenia» ընկերութեան խորհուրդի նախագահ Արամ Անանեան օդակայանին մէջ յայտարարութիւն կատարեց, ուրախութիւն յայտնեց եւ կարեւոր նկատեց Երեւանի եւ Պոլսոյ միջեւ փոխադարձ օդային հաղորդակցութեան վերականգնումը` դիտել տալով, որ իրենք թռիչքներ...

Page 321 of 797 1 … 320 321 322 … 797

Արխիւներ