Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրազեկման Քայլեր` 5 Ապրիլի Հանրահաւաքին Ընդառաջ

April 4, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 3 ապրիլին Երեւանի շարք մը վարչական շրջաններու մէջ տեղի ունեցան 5 ապրիլի հանրահաւաքի իրազեկման քայլեր:

Ընդդիմադիր երիտասարդներն ու պատգամաւորները քաղաքացիներուն կը տեղեկացնէին, որ 5 ապրիլին, ժամը 18:30-ին, Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենայ հանրահաւաք:

Անոնք կը շրջէին Երեւանի փողոցները եւ գրքոյկներ կը բաժնէին` քաղաքացիներուն կոչ ուղղելով գալու Ազատութեան հրապարակ եւ մասնակցելու հանրահաւաքին:

«Հանրահաւաքի օրակարգն է ի պաշտպանութիւն Արցախի եւ Հայաստանի, ուր պիտի հնչեն մեր դիրքորոշումները մեր երկրին առջեւ կանգնած մարտահրաւէրները լուծելու ուղղութեամբ: Այս օրերուն այս հանրահաւաքը մենք կը գտնենք խիստ կարեւոր եւ անհրաժեշտ: Կը հրաւիրենք մեր քաղաքացիները հանրահաւաքի, որպէսզի իրենց ներկայութեամբ «ոչ» ըսեն այս իշխանութիւններու պարտուողական քաղաքականութեան, որ մեր երկիրը կը տանի դէպի կործանում եւ անդունդ», իրազեկման քայլերու ժամանակ լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան:

ՀՅԴ-ի անդամ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեանի համաձայն, իրազեկման քայլերուն նպատակն է քաղաքացիները տեղեակ պահել 5 ապրիլին իրականացուող ցոյցին մասին, ինչպէս նաեւ Արցախի եւ Հայաստանի անվտանգային խնդիրներուն մասին: Այսպէս մարդկային շփումով կարելի է շատ աւելի պարզ, հասկնալի բացատրել: Մարդոց մէջ վախ սերմանելով կը փորձեն ստեղծել տրամադրութիւն մը, որ այլ ելք չկայ: Կը փորձենք մարդոց բացատրել, որ այս զիջողական քաղաքականութիւնն է հիմնական պատերազմի վտանգը:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան նշեց, որ վտանգուած Արցախը վտանգուած Հայաստանն է: 3 տարի շարունակ մենք մեր հասարակութիւնը կը զգուշացնէինք, որ Արցախի անվտանգութիւնը Հայաստանի անվտանգութիւնն է, զիջելով Արցախը մենք կը զիջինք Հայաստանը: Արցախ-Հայաստան ամբողջական միասնական անվտանգային համակարգը խեղուեցաւ: Իշխող քաղաքական ուժը դաւաճանեց մեր ազգային շահերուն: Մենք կը զգուշացնէինք հանրութիւնը, որ այս իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութիւնը կը տանի  Հայաստանի մեկուսացման:

Նախորդը

Իշխան Սաղաթէլեան. «Մենք Կ՛ուղղուինք Այս Պայքարը Համազգային Դարձնելու Ճամբով»

Յաջորդը

Ուքրանական Պատուիրակութիւն. «Ռուսիան Բանակցութիւններուն Մէջ Փութին-Չելենսքի Հանդիպումի Մը Կայացման Համար Բաւարար Յառաջդիմութեան Արձանագրումը Կը Նշէ»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.