Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վլատիմիր Փութին Լեռնային Ղարաբաղի Հարցը Քննարկեց Նիկոլ Փաշինեանի Եւ Ալիեւի Հետ

Ապրիլ 1, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն ընթացքին քննարկեց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող իրավիճակը:

Լուրը հաղորդեց Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը, ըստ որուն, քննարկուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերող իրավիճակի զարգացումը` շեշտը դնելով շրջանին մէջ անվտանգութեան եւ կայունութեան ապահովման համար գործնական խնդիրներու լուծման վրայ: Վերահաստատուեցաւ 9 նոյեմբեր 2020-ի, 11 յունուարի եւ 26 նոյեմբեր 2021-ի եռակողմանի յայտարարութիւններուն բոլոր դրոյթներուն հետեւողական իրականացման կարեւորութիւնը:

Նշուեցաւ, որ երկիրներու ղեկավարները պայմանաւորուած են հետագայ շփումներու մասին:

Իսկ Հայաստանի վարչապետին աշխատակազմէն յայտնեցին, որ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին վարչապետ Փաշինեան Ռուսիոյ նախագահին ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու պատասխանատուութեան գօտի ազրպէյճանական ստորաբաժանումներու ներխուժումէն ետք ստեղծուած իրավիճակը եւ ցաւով արձանագրեց, որ իրադրութիւնը ո՛չ միայն չէ կարգաւորուած, այլ նաեւ, որոշ տուեալներու համաձայն, Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատուութեան գօտիին մէջ հաւանական են ազրպէյճանական ստորաբաժանումներու նոր սադրանքներ:

Վարչապետը Ռուսիոյ նախագահին ներկայացուց հայկական կողմին ակնկալիքը, որ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբը միջոցներու պիտի ձեռնարկէ ազրպէյճանական ներխուժած ստորաբաժանումները Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատուութեան գօտիէն դուրս բերելու համար:

Ալիեւ. «Պէտք Է Կարճ Ժամկէտներու Մէջ Ստորագրենք Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Համաձայնագիրը»

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յոյս յայտնած է, որ 6 ապրիլին Պրիւքսելի մէջ Փաշինեանի եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի հետ հանդիպումը արդիւնաւէտ ըլլայ: Այս մասին հաղորդեց «Ինթըրֆաքս Ազրպէյճան»-ը:

«Եւրոպական Միութիւնը յայտարարած է, որ Շարլ Միշելի նախաձեռնութեամբ Հայաստանի վարչապետին հետ նոր հանդիպում տեղի պիտի ունենայ: Յոյս ունիմ, որ անիկա արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ: Արդէն քանի մը հանդիպում տեղի ունեցած է, եւ մենք պէտք է շարժինք Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքման ուղղութեամբ եւ կարճ ժամկէտներու մէջ ստորագրենք այդ փաստաթուղթը: Ազրպէյճան ներկայացուցած է իր սկզբունքներն ու տեսակէտը», ըսած է Ալիեւ` ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարար Զպիկնիւ Ռաուի հետ հանդիպումի ընթացքին:

Ան պնդած է, թէ Ազրպէյճան լուծած է ղարաբաղեան տագնապը, ապա աւելցուցած. «Տագնապը արդէն լուծուած է: Ազրպէյճանը ինք ատիկա ըրած է, եւ այժմ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւնները կարգաւորելու ժամանակն է: Մենք որոշակի հաղորդումներ կը ստանանք Հայաստանի պաշտօնական անձնաւորութիւններէն: Ինչպէս ինծի վերջերս յայտնած են, այդ հաղորդումներէն մէկը այն է, որ անոնք ընդունելի կը նկատեն մեր առաջարկները: Ատիկա լաւ նորութիւն է, եւ ես յոյսով եմ, որ այդ հարցը պիտի յստականայ Պրիւքսելի հանդիպումին ընթացքին»:

Ալիեւ վստահեցուցած է, որ իրենց ներկայացուցած հինգ սկզբունքները կ՛արտացոլեն միջազգային իրաւունքի արժեչափերը, որոնք երկիրներու միջեւ միջպետական յարաբերութիւններու հիմնարար սկզբունքներ են: «Տարածքային ամբողջականութեան եւ միջազգային սահմաններու անխախտելիութեան փոխադարձ ճանաչումը, ապա սահմանազատումը` կը կարծեմ, որ այդ հիմքին վրայ Կովկասի մէջ խաղաղութիւն պիտի հաստատուի: Մենք ատիկա կ՛ուզենք», յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահը:

Ըստ անոր, իրենք Հարաւային Կովկասի 3 երկիրներուն միջեւ եռանդուն համագործակցութեան կարողականութիւն կը տեսնեն` նկատի ունենալով նաեւ Թուրքիան:

 

Նախորդը

Չաւուշօղլու. «Թէ՛ Մենք, Թէ՛ Ազրպէյճանը Պիտի Բանանք Հայաստանի Հետ Մեր Սահմանները, Յարաբերութիւնները Պիտի Կարգաւորուին»

Յաջորդը

«Երկրին Փտածութեան Մաս Չենք Կազմեր, Մեր Դաշնակիցները Կռնակէն Չենք Հարուածեր Եւ Կը Պատկանինք Հայկական-Լիբանանեան Առանցքին» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

RelatedPosts

Կոչ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն

Օգոստոս 11, 2022
ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի Յայտարարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի Յայտարարութիւնը

Օգոստոս 11, 2022
«Ազրպէյճան Դրական Տրամադրուած Է Շրջանին Մէջ  Համագործակցութեան Նոր Ձեւաչափի Նկատմամբ,  Սակայն Ատոր Դիմաց Կը Տեսնենք Հայաստանի  Ապակառուցողական Քայլերը»  Կ՛ըսէ Պայրամով
Հայկական

Պայրամով. «Ազրպէյճանի Եւ Նախիջեւանի Միջեւ Կապ Պիտի Հաստատուի Իրանի Տարածքով` Շրջանցելով Հայաստանը»

Օգոստոս 11, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In