Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՋԱՀ-ի Հրաւէրով Արցախէն Տաղանդաւոր Պատանիները Արդէն Հասան Լիբանան Եւ Յառաջիկային Պիտի Ներկայանան «Ղօղանջ Վերապրումի» Ելոյթներով

April 4, 2022
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախ աշխարհը սփիւռքահայութեան մտահորիզոնին եւ էութեան սեւեռակէտն ու  կազդուրիչ ուժը հանդիսացած է պատմութեան ընթացքին եւ ցայսօր: Արցախը փաստօրէն 1988-ի ղարաբաղեան շարժումէն մինչեւ մեր օրերը առօրեայ սնունդի, կենսատու ուժի, պայքարի, բռնագրաւեալ հողերու վերատիրացման տեսլականի, սփիւռքահայու գոյատեւման եւ մշակութային զարթօնքի խորհրդանիշ հանդիսացած է: Արցախ այցելած իւրաքանչիւր հայու սրտին մէջ անջնջելի դրոշմ մը ձգած է անիկա` ի տես արիւնակից եղբօր ու քրոջ ամէնօրեայ պայքարին: Անհերքելի իրականութիւն է, որ մասնաւորաբար Արցախը յատուկ տեղ կը գրաւէ լիբանանահայութեան կեանքին մէջ իր ջերմութեամբ, սիրով եւ պատմութեամբ: Արդ, ՋԱՀ-ի կողմէ կազմակերպուած Արցախէն տաղանդաւոր պատանիներու «Ղօղանջ վերապրումի» ելոյթը Լիբանան-Արցախ օղակին ամրապնդումն է:

ՋԱՀ-ին եւ «Ղօղանջ վերապրումի» ելոյթին մասին յաւելեալ տեղեկութիւն ունենալու նպատակով ուրբաթ, 1 ապրիլ 2022-ին, «Վանայ ձայն»-ին հարցազրոյց տուաւ ՋԱՀ-ի անդամ, «Արցախ ֆոնտ»-ի նախկին ատենապետ Զաքար Քէշիշեան:

Ան բացատրեց, որ նախկին «Արցախ ֆոնտ»-ը` ընդարձակելով իր գործունէութիւնը, այսուհետեւ կը կոչուի ՋԱՀ մարմին` ներառելով Հայաստանն ու Ջաւախքը, իսկ անունը յապաւումն է Ջաւախքի, Արցախի եւ Հայաստանի: Ան օժտուած է երիտասարդ անդամներով եւ ունի որոշ գործունէութեան ծիր մը, որուն մեկնարկը տրուեցաւ նամակարշաւով մը լիբանանահայ դպրոցականներու կողմէ ուղղուած դէպի Արցախ, իսկ երկրորդ ձեռնարկը Արցախէն տաղանդաւոր պատանիներու ժամանումն է, իսկ աւելի ուշ կայ Ջիւան Աւետիսեանի «Դրախտի դարպասներ» ժապաւէնի ցուցադրութիւնը Լիբանանի մէջ: Ան դիտել տուաւ, որ «Ազդակ» օրաթերթին մէջ ՋԱՀ-ի յատուկ էջ մըն ալ կը հրատարակուի:

Զաքար Քէշիշեան ըսաւ, որ, ինչպէս բոլորիս ծանօթ է, Արցախ աշխարհը օրհասական օրեր կ՛ապրի: Լիբանանահայութիւնը եւ արցախահայութիւնը սրտակիցներ են երեսունհինգ տարիներէ ի վեր, ուստի Լիբանան առաւ քայլը` նախաձեռնութեամբ մը Պէյրութ հրաւիրելով արհեստավարժ դաշնակահար մը եւ 8 տաղանդաւոր 12 -17 տարեկան պատանիներ` ասմունքող մը, քանոնահար, տհոլահար, փողահար եւ տուտուկ նուագողներ եւ երգողներ. անոնց կ՛ընկերակցի Արցախի մշակոյթի, գիտութեան, կրթութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ներկայացուցիչը: Այս պատանիները, որոնք Լիբանան հասան շաբաթ, 2 ապրիլին, Արցախ աշխարհի հոգին, ոգին եւ գեղարուեստը արդէն իսկ սկսան տարածել Լիբանանի մէջ (Այնճար այցելութեամբ) եւ պիտի շարունակեն այս շաբթուան ընթացքին ալ: Նախատեսուած համերգային ծրագիրին ընդմէջէն պիտի ամրապնդուի Արցախի եւ Լիբանանի կապը, յատկապէս մշակութային առումով, ձեւով մըն ալ ասիկա զօրակցութիւն է Արցախին` պատերազմէն ետք, ինչպէս նաեւ արցախցի տաղանդաւոր պատանիները իրենց արուեստի ճամբով, իրենց ներկայութեամբ եւ ոգիով պիտի գօտեպնդեն ծանր օրեր ապրող լիբանանահայութիւնը` զանոնք դրական տրամադրութեամբ լեցնելով:

Զաքար Քէշիշեան տեղեկացուց, որ պատանիներու խումբին մէջ կայ մրցանքներու դափնեկիր փողահար մը, որ վեց տարիներ առաջ եկած էր Լիբանան` իբրեւ տաղանդաւոր մանուկ, իսկ այժմ` իբրեւ դափնեկիր: Կայ այլ պատանի մը, որ Երեւանի մէջ միջազգային երկրորդ մրցանակը շահած է: Կայ տուտուկահար մը, որուն մեծ հայրը եկած է տարիներ առաջ, ինչ որ կ՛ենթադրէ մշակութային ժառանգութեան շարունակականութիւն:

Պատանիները պիտի շրջագային դպրոցներու մէջ, ելոյթներ պիտի ունենան, եւ մօտաւորապէս 2500 աշակերտներ պիտի լսեն զիրենք: Նաեւ գեղարուեստական բարձր մակարդակի երկու ելոյթներով պիտի ներկայանան լիբանանահայութեան` հինգշաբթի, 7 ապրիլ 2022-ի երեկոյեան, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահին մէջ, մուտքը ազատ է, իսկ երկրորդը` ուրբաթ, 8 ապրիլին, կալա-համերգ, դարձեալ նոյն սրահին մէջ: Պատանիները պիտի այցելեն նաեւ Լիբանանի տեսարժան վայրերը:

Համերգային ծրագիրէն զատ անոնք արդէն իսկ պատանեկան միութիւններու պատանիներուն հետ շաբաթ օր ունեցան հաճելի, մտերմիկ ու ընկերային հանդիպում մը` թէ՛ ծանօթացման եւ թէ՛ երգ ու պարի, իսկ այլ հանդիպումներ պիտի ունենան նաեւ լիբանանահայ աշակերտներուն հետ:

 

 

 

 

 

Նախորդը

Արցախցի Տաղանդաւոր Պատանիները Խանդավառեցին Այնճարցիները

Յաջորդը

Անթիլիասի Ուխտի Օրուան Առիթով Սուրբ Լուսաւորիչի Աջով Օրհնուեցան Մեր Ժողովուրդի Զաւակները

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.