Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմէն կը տեղեկացնեն, թէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին կրկին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցան` քննարկելով Լեռնային Ղարաբաղի հարցը:
Կողմերը քննարկած են ազրպէյճանական ստորաբաժանումներու` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատուութեան գօտի ներխուժման իբրեւ արդիւնք ստեղծուած լարուած իրավիճակին վերաբերող հարցեր:
Իսկ Քրեմլինի տարածած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Ռուսիոյ նախագահն ու Հայաստանի վարչապետը շարունակեցին միտքերու փոխանակումը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կայունութեան պահպանման հարցերուն շուրջ: Հաստատուեցաւ Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներուն` 9 նոյեմբեր 2020-ին, 11 յունուարին եւ 26 նոյեմբեր 2021-ին ստորագրուած եռակողմանի պայմանաւորուածութիւններու անշեղօրէն կատարման անհրաժեշտութիւնը:


