Արցախի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Վահրամ Բալայեան «Լրագիր»-ին հետ ունեցաւ զրոյց մը, որուն մէջ անդրադարձաւ Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին եւ այդ պայմաններուն մէջ կատարուելիք աշխատանքներուն:
Ըստ անոր, պէտք է երեք հիմնական ուղղութիւններով աշխատանք տարուի այս իրավիճակին մէջ: «Պէտք է մեր ներքին ներուժը մեծցնենք, փորձենք առկայ եւ սպասուող մարտահրաւէրները դիմակայել: Երկրորդ, պէտք է Հայաստանի եւ սփիւռքի կարելիութիւնները մէկտեղել, Արցախի հետ միասին մէկ միասնական ճակատով գործել: Եւ երրորդը, պէտք է փորձել ռուսական իշխանութիւններուն հետ համագործակցութեան նոր մակարդակ ապահովել` փորձելով այդ տեսանկիւնէն նոյնպէս անվտանգային մթնոլորտ ձեւաւորել», յայտնեց ան:
Լրագրողը դիտել տուաւ, որ պատերազմէն ետք ռուս խաղաղապահները Արցախի մէջ տեղակայուեցան, սակայն տակաւին տարբեր դէպքեր կ՛արձանագրուին, նոյնիսկ Փառուխի վերաբերեալ շրջան ըրաւ տեղեկութիւն, որ ռուս խաղաղապահները իրե՛նք կողմերուն կոչ ուղղեցին զօրքերը ետ քաշելու, հայկական կողմն ալ քաշած է իր զօրքերը, որմէ ետք ալ ազրպէյճանցիները ներխուժած են Փառուխ ու յարակից տարածքներ:
Այս գծով Բալայեան ըսաւ, որ կարելի չէ մէկ դէպքէ ընդհանրացումներ կատարել: «Այսինքն` կրնայ ըլլալ չլուծուած խնդիրներ կան, բայց ընդհանրութեան մէջ վերջ ի վերջոյ առանց խաղաղապահ ուժերու այս պահուն կարելի չէ Արցախի մէջ խաղաղութիւն ապահովել: Միաժամանակ անհրաժեշտ է աշխատանք տանիլ նաեւ Մինսքի խմբակի համանախագահ միւս երկիրներուն հետ, քանի որ այդ կառոյցը տակաւին կը գործէ: Ի դէպ, եթէ համանախագահ երեք երկիրներուն միջեւ հիմա կան բաւական խոր հակասութիւններ, այս հարցին մէջ անոնք համերաշխ են: Թէկուզ վերցնենք այս վերջին զարգացումներուն վերաբերեալ կատարուած յայտարարութիւնները, այդ հարցով միակարծիք են: Այսինքն` ատիկա պէտք է օգտագործել, զարգացնել եւ փորձել ամրապնդել անվտանգային համակարգը»:
Անդրադառնալով այս պայմաններուն մէջ Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան փաստաթուղթ ստորագրելու հարցին մասին` Վահրամ Բալայեան դիտել տուաւ, որ Ազրպէյճան ամէն ձեւով կը փորձէ պարտադրել չակերտեալ խաղաղութիւնը:
Զինադադարէն մէկուկէս տարի ետք Արցախի եւ Հայաստանի մէջ ապահովական վիճակին վերաբերող հարցումի մը ի պատասխան` Արցախի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւորը յայտնեց, որ վտանգը միշտ կայ, եւ ատիկա կարգ մը պարագաներու մեզմէ կախեալ է թերեւս: «Ամիսներն ու տարիները կ՛անցնին, բայց ներքին ինքնակազմակերպուածութիւն չկայ: Մենք չենք կրցած ստեղծել ինքնակազմակերպուած բռունցք մը, որպէսզի կարենանք դիմակայել այս մարտահրաւէրները: Եւ ես համամիտ չեմ, երբ կ՛ըսեն, թէ մեր բանակը պարտուած է, ջախջախուած է: Իրականութեան մէջ մեր բանակը կայ, պարզապէս այդ ամէնը պէտք է կազմակերպել եւ փորձել ազգային հարցերը լուծել: Անոր վառ ապացոյցն են նոյնինքն Քարագլուխ բարձունքի վերջին իրադարձութիւնները, երբ նոյնիսկ փոքրաքանակ ուժերով կարելի եղաւ որոշակի հարցեր լուծել: Վերջ ի վերջոյ այդ բանակը ոչ հեռաւոր անցեալին մեծ խնդիրներ լուծած է: Հայ զինուորը ունակ է հարցեր լուծելու, պարզապէս պէտք է զայն կազմակերպել», եզրափակեց Բալայեան:


