Երէկ` չորեքշաբթի, 30 մարտին, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեանը եւ խմբակցութեան պատգամաւորներ Հռիփսիմէ Ստամբուլեանն ու Արթուր Խաչատրեանը հիւրընկալած են Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անն Լույոն եւ դեսպանատան առաջին խորհրդական Քրիստոֆ Քացախեանը:
Հիւրերուն խնդրանքով պատգամաւորները անդրադարձած են Արցախի մէջ ստեղծուած ռազմաքաղաքական, մարդասիրական եւ շրջանին մէջ ձեւաւորուած անվտանգային խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ներքաղաքական հարցերուն:
Ընդդիմադիր խմբակցութեան ներկայացուցիչները, արժեւորելով հայ-ֆրանսական աւանդական բարեկամական կապերը, բարձր գնահատած են Ֆրանսայի միջնորդական առաքելութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի շրջագիծին մէջ, ինչպէս նաեւ` Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի կոչը 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին:
Պատգամաւորները դիմած են դեսպան Լույոյին` առաջարկելով աշխուժացնել ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի աշխատանքներուն վերսկսման ուղղուած ջանքերը:
Պատգամաւորները ներկայացուցած են նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ, մասնաւորապէս, Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ ձեւաւորուած իրավիճակի իրենց գնահատականները, ինչպէս նաեւ Հայաստանին եւ Արցախին սպառնացող մարտահրաւէրներու լուծման` «Հայաստան» խմբակցութեան այլընտրանքային մօտեցումները:


