Վերջին օրերուն տարբեր յայտարարութիւններ կատարուեցան Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերող օրակարգին գծով` հայկական ու ազրպէյճանական կողմէ:
Արդարեւ, Պրիւքսելի մէջ «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտնեց, որ Ազրպէյճան ցարդ չէ ընդունած Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման օրակարգին մէջ նաեւ Ղարաբաղի հետագայ կարգավիճակն ու անվտանգութիւնը ներառելու` Երեւանի առաջարկը: Ան դիտել տուաւ նաեւ. «Մենք նաեւ կը կարծենք, թէ կարեւոր է խաղաղութեան համաձայնագիրին շուրջ այս բանակցութիւնները շարունակել ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի շրջանակներուն մէջ եւ համանախագահութեան լիազօրութեան համաձայն: Մինչ այժմ մենք Ազրպէյճանէն դրական արձագանգ չենք ստացած այս առաջարկներուն, բայց ջանքեր կը գործադրուին, որպէսզի այդ բանակցութիւնները կարելի դառնան»:
Մինչ նախարար Միրզոյեան հանդիպումներ կ՛ունենար Պրիւքսելի մէջ` դժգոհելով, թէ Պաքուն երկրորդ ամիսն է` չէ արձագանգած հայկական կողմի առաջարկներուն, Ազրպէյճանի նախագահը Հայաստանը մեղադրեց «անպատասխանատու վերաբերմունքի համար»:
Պաքուի մէջ ընդունելով Եւրոպական Միութեան անդամ Լիթուանիոյ նախագահը` Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, թէ Երեւան երկու անգամ չեղեալ նկատած է համաձայնեցուած հանդիպումները` սահմանազատման ու սահմանի անվտանգութեան հարցով: «Ինքնին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը առաջարկած էր առաջին հանդիպումը կայացնել սահմաններու հարցով: Ազրպէյճան ընդունեց այդ առաջարկը, եւ մենք պատրաստ էինք պատուիրակութիւն ուղարկել: Սակայն վերջին օրը` 29 ապրիլին, Հայաստան չեղեալ յայտարարեց արդէն համաձայնեցուած հանդիպումը: Ասիկա շատ հիասթափեցնող է: Ա՛լ աւելի հիասթափեցնող է, որ Հայաստան մերժեց նաեւ 7-11 մայիսի միջեւ նոր հանդիպում կայացնելու նախնական առաջարկը», պնդեց Ազրպէյճանի նախագահը:
Պաշտօնական Երեւանը հերքեց Ազրպէյճանի նախագահին մեղադրանքները: Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը 19 մայիսին յայտարարեց, որ հայկական կողմը որեւէ հանդիպում չեղեալ չէ յայտարարած եւ չէ մերժած: «Երկու երկիրներու ղեկավարներուն` Սոչիի եւ Պրիւքսելի մէջ ձեռք բերած պայմանաւորուածութիւններուն լոյսին տակ հայկական կողմը կը շարունակէ պատրաստակամ ըլլալ յանձնախումբերու աշխատանքներուն մեկնարկը տալու համար», ըսաւ մամլոյ քարտուղարը:
Պաշտօնական Երեւան յոյս ունի, որ որեւէ պահու Հայաստանն ու Ազրպէյճանը կը գտնեն ընդհանուր յայտարար` խաղաղութեան օրակարգի շուրջ: «Ազատութեան» հարցումին պատասխանելով այս մասին յայտնեց Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան` շեշտելով, որ խաղաղութեան օրակարգը չի կրնար միակողմանի ըլլալ: Ան վերահաստատեց Երեւանի դիրքորոշումը` Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի առաջարկած փաթեթները պէտք է միացնել եւ ատոր հիման վրայ սկսիլ բանակցութիւններու` խաղաղութեան օրակարգին շուրջ:
Արմէն Գրիգորեան նաեւ աւելցուց, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանազատման եւ սահմանագծման հարցով յանձնախումբի հանդիպումը տեղի չ՛ունենար թեքնիք համաձայնութիւն ձեռք չբերելու պատճառով: Հայկական կողմը յոյս ունի, որ մօտիկ ապագային գոյութիւն ունեցող այդ հարցերը կը լուծուին, եւ կարելի կ՛ըլլայ հանդիպում կազմակերպել: Ան դիտել տուաւ, որ հայկական կողմին համար առաջնային է Արցախի ժողովուրդի անվտանգութիւնն ու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, Հայաստան այս օրակարգով կ՛երթայ բանակցութիւններու:


