Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան` ընկերակցութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմին Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեանին եւ Լիբանանի Հայոց թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Սիսլեանին, 23 մայիսին այցելեց «Ազդակ» եւ տեսակցեցաւ տնօրէնութեան հետ:
Սրբազան հայրն ու Ազգային վարչութեան ատենապետը մօտէն ծանօթացան թերթին աշխատանքներուն, հաստատեցին, որ իրենց շրջանէն մեծ է թիւը «Ազդակ»-ի ընթերցողներուն եւ մաղթեցին, որ «Ազդակ»-ը, հակառակ երկրի դժուար պայմաններուն, վերանորոգ թափով շարունակէ իր սփիւռքեան մամուլի առաքելութիւնը: