Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Պայտընին Կոչ Կ՛ուղղէ` Հայաստանի Մէջ Նոր Դեսպան Առաջադրելու

May 20, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ իր աւելի քան եռամեայ դիւանագիտական ծառայութենէն ետք դեսպան Լին Թրէյսին դարձեալ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբէն ստացած է «ԷՖ» (Ֆէյլըր/Ձախողութիւն) գնահատականը: Առաջին անգամ դեկտեմբեր 2020-ին Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը դիմած էր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան` խնդրելով վերատեսութեան ենթարկել դեսպանի դիւանագիտական գնահատականը` հաշուի առնելով 15 ոլորտներու մէջ անոր ձախողութիւնները:

Անցնող գրեթէ մէկուկէս տարիներուն ընթացքին Թրէյսին նոյնպէս, ի շարս այլ հարցերու, ձախողած է հայ ժողովուրդին համար խիստ կարեւորութիւն ունեցող այնպիսի բնագաւառներու մէջ, ինչպիսիք են արցախցի տեղահանուած անձերու համար ամերիկեան օժանդակութեան բացակայութիւնը, հայաստանեան քաղաքական դաշտին մէջ նախասիրած ուժեր ունենալը, Հայաստանի անվտանգութեան եւ շրջանային յարաբերութիւններու շարունակական բարդացումը, հայ պատերազմական գերիներու անօրինական կալանաւորումներուն, բռնութիւններուն ու սպանութիւններուն պատշաճ չանդրադառնալը:

Այս առիթով Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Րաֆֆի Համբարեան նշած է. «Ինչպէս նախապէս ըսած եմ` Հայ դատի յանձնախումբը կ՛ուզէ, որ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու իւրաքանչիւր դեսպան ըլլայ յաջողակ: Ցաւօք, դեսպան Թրէյսին իր լռութեան աւելցուցած է 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին աւելի քան 90.000 տեղահանուած արցախահայերուն եւ Հայաստանի գերիշխան տարածքին մէջ ազրպէյճանական շարունակական ոտնձգութիւններուն նկատմամբ անխոհեմ արհամարհանքը: Հայաստանի մէջ դեսպանի պաշտօնին մէջ իր պաշտօնավարման երեք տարին ամբողջացնելէ ետք դեսպան Թրէյսի կը շարունակէ ձախողիլ հարց առ հարց` շատ հեռու ըլլալով Հայաստանի մէջ ամերիկեան յանձնառու դեսպանի հիմնական մասնագիտական որակներէն»:

Իբրեւ կանոն` Միացեալ Նահանգներ դիւանագիտական ծառայութեան աշխատակիցները երեք տարին անգամ մը փոփոխութեան կ՛ենթարկեն, վերջիններս կը ստանան դիւանագիտական նոր յանձնարարութիւն: Որովհետեւ Հայաստանի մէջ գործող դեսպանի երեք տարին արդէն ամբողջացուցած է, Հայ դատի յանձնախումբը նախագահ Պայտընի վարչակազմին կոչ կ՛ուղղէ` ամուր հիմերու վրայ վերականգնելու Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան յարաբերութիւնները` առաջադրելով նոր դեսպան: Յանձնախումբը սերտօրէն պիտի աշխատի Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին հետ` երաշխաւորելու համար, որ յաջորդ դեսպանը անյապաղ հաստատուի եւ իրապէս արտացոլացնէ ամերիկեան արժէքները:

ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

19 մայիս 2022

Նախորդը

Երեւանը Եւ Պաքուն` Կարգաւորման Հոլովոյթի Ձգձգման Մասին

Յաջորդը

«Դիմադրութեան» Շարժումը Յայտարարեց, Որ Փաշինեան Իրաւունք Չունի Ժողովուրդին Անունով Բանակցութիւն Կատարելու

RelatedPosts

Ակնարկ.  Հիմնական Դերակատարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հիմնական Դերակատարութիւն

September 17, 2026
Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք  Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր  Զայն Թիրախաւորել»
Գաղութային

Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր Զայն Թիրախաւորել»

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.