Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Դիմադրութեան» Շարժումը Կը Պատրաստուի Այսօրուան Հանրահաւաքին

May 21, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Դիմադրութեան» շարժումը 20 մայիսի առաւօտեան Ֆրանսայի հրապարակէն երթ կատարեց դէպի նախագահական նստավայր, ուր տեղի պիտի ունենար Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի եւ պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Լիթուանիոյ հանրապետութեան նախագահ Կիթանաս Նաուսետայի հանդիպումը:

ՀՅԴ-ի անդամ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան յայտարարեց, որ Բաղրամեան 26 պիտի գայ Լիթուանիոյ նախագահը, եւ իրենք հոն պիտի ըլլան` արտայայտելու իրենց քաղաքական պահանջները, բացայայտելու այս իշխանութեան սուտերը:

Երթին մասնակիցները բարձրացուցած էին հայերէն եւ անգլերէն գրութիւններով պաստառներ, քաղաքական բանտարկեալներու նկարներ:

Նախագահական պալատին առջեւ հաւաքուած էին մեծ թիւով ոստիկաններ, որոնք ցուցարարներուն դիմաց քանի մը շարք պատ կազմեցին:

Նախագահական նստավայրէն երթը ուղղուեցաւ Հանրապետութեան հրապարակ` «Մարիոթ» պանդոկ, ուր տեղի պիտի ունենար քննարկում` Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսիի ու Նիկոլ Փաշինեանի մասնակցութեամբ:

Ոստիկանները շղթայ կազմեցին պանդոկին դիմաց, ուր հասաւ Նիկոլ Փաշինեան` ոստիկանական բազմաթիւ ուժերով ու թիկնապահներով շրջապատուած: «Նիկո՛լ, դաւաճան», «Առանց Նիկոլ Հայաստան», «Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ չի կրնար ըլլալ» վանկարկումներուն ներքեւ ան մուտք գործեց պանդոկ: Քանի մը ընդդիմադիր պատգամաւորներ մտան պանդոկ, փորձեցին մուտք գործել քննարկման սրահ, սակայն անվտանգութեան աշխատակիցները թոյլ չտուին անոնց մուտքը` պատճառաբանելով, որ անոնց անունները չկան հրաւիրեալներու ցանկին մէջ:

Պատգամաւորներուն եւ անվտանգութեան աշխատակիցներուն միջեւ լարուածութիւն յառաջացաւ:

Որոշ ժամանակ հոն մնալէ ետք «Դիմադրութեան» շարժման մասնակիցները երթով ուղղուեցան դէպի Մաշտոցի պողոտայ եւ փակեցին Ամիրեան-Մաշտոց փողոցներուն խաչմերուկը, անոնք նստան փողոցը, երգեցին հայրենասիրական երգեր: Ոստիկանութեան ներկայացուցիչը կոչ ուղղեց խաչմերուկը բանալու:

Հակառակ անձերեւին, «Դիմադրութեան» շարժման մասնակիցները ժամը 4:30-ին Ֆրանսայի հրապարակէն երթով ուղղուեցան դէպի Մատենադարան, ուր պիտի այցելէր Լիթուանիոյ հանրապետութեան նախագահ Կիթանաս Նաուսետան: Անոնց ձեռքին պաստառներ կային` քաղաքական բանտարկեալներու, բռնութիւններ կիրարկած ոստիկաններու նկարներով: Հոն եւս ոստիկանութիւնը պատ կազմած էր եւ չարտօնեց, որ ցուցարարները մօտենան եւ իրենց բողոքի ձայնը բարձրացնեն:

Անբարենպաստ եղանակին պատճառով «Դիմադրութեան» շարժման երեկոյեան հանրահաւաք չկայացաւ:

Դիմատետրի իր էջով ուղիղ եթերով ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան անդրադարձաւ օրուան իրենց նախաձեռնութիւններուն, դիտել տուաւ, որ Ազրպէյճանն ու Թուրքիան խիստ անհանգստացած են Հայաստանի մէջ իրենց գործընկեր Նիկոլ Փաշինեանի ճակատագիրով եւ կը փորձեն արագացնել հակահայ փաստաթուղթի ստորագրութեան ընթացքը:

Լուսարձակի տակ առնելով այն, որ 22 մայիսին Նիկոլ Փաշինեան Պրիւքսելի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Ալիեւի հետ, ան կոչ ուղղեց 21 մայիսին համախմբուելու Ֆրանսայի հրապարակ եւ ո՛չ ըսելու յանձնուողականութեան, ո՛չ` երկիրը նոր զիջումներու տանելու: «Վաղուան մասնակցութեամբ յստակ ուղերձ պիտի յղէք ամբողջ աշխարհին, որ այս մարդը, որ ժողովուրդը մոլորեցնելով յայտնուած է իշխանութեան ղեկին` այլեւս չունի որեւէ լիազօրութիւն ժողովուրդին անունով խօսելու, Հայաստանը ներկայացնելու», ըսաւ ան:

Նախորդը

Չաւուշօղլու. «Հայաստանի Կառավարութիւնը Ներքին Արմատականներու Եւ Սփիւռքի Կողմէ Ճնշումներու Կ՛ենթարկուի»

Յաջորդը

Փենթակոն. «Կը Կարծենք, Որ Ուքրանիոյ Տագնապին Տեւողութիւնը Երկար Պիտի Ըլլայ»

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք`  Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր  Պատգամաւորներու Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք` Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Միջեւ

October 30, 2026
Լեւոն Մնացականեան Պաքուի Դատարանին Մէջ Հերքած Է Ազրպէյճանցիի Մեղադրանքը
Հայկական

Ըստ Հայաստանի Իշխանութիւններուն Գերիներու Հարցի Լուծման Ուղին Կ՛անցնի Ազրպէյճանի Հետ Երկխօսութեան Ընդմէջէն

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.