Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պուրճ Համուտի Բնակչութեան Համար Քաղաքապետական Ծառայութիւնները Բարելաւելու Նոր Գրասենեակ

Մայիս 21, 2022
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցած պաշտօնական հանդիսութեամբ եւ մամլոյ ասուլիսով բացումը կատարուեցաւ քաղաքապետական ծառայութիւններու շրջանային թեքնիք գրասենեակին: Ներկայ էին Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, ներքին գործոց նախարարի ներկայացուցիչ, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու վարչութեան տնօրէն Ֆաթեն Ապու Հըսըն, ՄԱԿ-ի Բարգաւաճման ծրագիրի (Եու. Էն. Տի. Փի.) շրջանային տնօրէն Մելանի Հաունշթայն, ՄԱԿ-ի բնակավայրերու ծրագիրի (Եու. Էն. Հապիթաթ) շրջանային տնօրէն Թայնա Քրիսթընսըն, քաղաքապետութիւններուն օժանդակելու ծրագիրի (ՄԵՐՓ) տնօրէն Մարայա Տը Ուին, Եւրոպական Միութեան դեսպանատան գործակցութեան բաժանմունքի փոխվարիչ Ալիսիա Սքուարչելլա եւ այլ պաշտօնատարներ:

Եւրոպական Միութեան ֆինանսաւորումով եւ ՄԱԿ-ի գործակալութիւններուն օժանդաութեամբ հիմնուած այս գրասենեակին նպատակն է օժանդակել տեղական իշխանութիւններուն, որպէսզի կարենան դիմագրաւել ընկերային ու տնտեսական մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ բարելաւել իրենց շրջանի բնակչութեան մատուցուած հիմնական ծառայութիւնները:

Գրասենեակը, բարձրագոյն պատրաստութեամբ մասնագէտներով եւ արդի արհեստագիտութեամբ օժտուած, կ՛օժանդակէ քաղաքապետութեան զարգացնելու իր գործելաձեւը, բարելաւելու աշխատանքներու ծրագրումի եւ գործադրութեան գործընթացները, ինչպէս նաեւ ընդարձակելու շրջանի բնակչութեան մատուցուած հիմնական ծառայութիւններու ծիրն ու որակը:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան այս առիթով արտասանուած իր խօսքին մէջ հիւրերը ողջունելէ ետք նկատել տուաւ, որ այսօր Լիբանան, իր ժողովուրդը, պետութիւնն ու հաստատութիւնները աննախընթաց դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն:

Միւս կողմէ, ան հաստատեց, որ ընկերային զարգացումը, գործելաձեւի եւ արհեստագիտութեան մէջ յառաջդիմութիւնները շատոնց անհրաժեշտ դարձուցած էին բարելաւել տեղական ինքնակառավարման մարմիններու աշխատանքը, որպէսզի Լիբանանի քաղաքապետութիւններուն աշխատանքը պատշաճի 21-րդ դարու կարիքներուն եւ տուեալներուն: Բայց Լիբանանի օրէնքները, կանոնները եւ քաղաքապետութիւններուն նիւթական միջոցները թոյլ չէին տար, որ անոնք ներգրաւեն բարձր պատրաստութեամբ մարդուժ եւ արդի արհեստագիտութիւն:

Թեքնիք գրասենեակի ստեղծումը եկաւ լուծելու այդ հարցերուն մէկ մասը, եւ այդ գրասենեակին շնորհիւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը կրցաւ յառաջ տանիլ բազմաթիւ նախաձեռնութիւններ ու ծրագիրներ, ըսաւ ան, նկատել տալով, որ այդ գրասենեակին անձնակազմը սերտօրէն առնչուեցաւ շրջանի նորոգութեան եւ բարեզարդման նախաձեռնութիւններու ծրագրումի եւ գործադրութեան աշխատանքներուն հետ:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետը շնորհակալութիւն յայտնեց գրասենեակը ֆինանսաւորած Եւրոպական Միութեան եւ այս ծրագիրը գործադրած ՄԵՐՓ-ի աշխատակազմին (Եու. Հապիթաթի եւ «Եու. Էն. Տի. Փի.»-ի միացեալ խմբակ): Ան իր խօսքը եզրափակեց մաղթելով, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան հետ անոնց գործակցութիւնը շարունակուի եւ ընդարձակուի:

Ներքին գործոց նախարարի ներկայացուցիչ Ապու Հըսըն իր խօսքին մէջ հաստատեց այսպիսի գրասենեակներու անհրաժեշտութիւնն ու դերը: Ան նաեւ հաւաստեց տեղական մարմիններու վարչութեան պատրաստակամութիւնը ամէն ձեւով օժանդակելու անոնց եւ քաղաքապետութիւններուն` ընդգծելով, որ քաղաքապետութիւնները հիմնական դերակատարութիւն ունին տեղական բարգաւաճումին մէջ:

ՄԱԿ-ի բնակավայրերու ծրագիրի շրջանային տնօրէն Թայնա Քրիսթընսըն ներկայացուց թեքնիք գրասենեակներու հիմնադրութեան նպատակը` նեցուկ կանգնիլ քաղաքապետութիւններուն եւ զանոնք օժտել անհրաժեշտ միջոցներով, որպէսզի կարենան բարելաւել իրենց քաղաքները:

ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի շրջանային ներկայացուցիչ Մելանի Հաունշթայն ողջունեց այս ծրագիրին իրականացման նպաստած բոլոր կողմերուն ներդրումը` նշելով, որ ծրագիրը նաեւ աջակցած է Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան թէժ գիծի ստեղծումին` արագ ընդառաջելու համար բնակչութեան կարիքներուն:

Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցչութեան գործակցութեան բաժանմունքի փոխվարիչ Ալիսիա Սքուարչիլլա յայտնեց, որ միութիւնը «Մատատ» հիմնադրամի միջոցով սատար կը կանգնի այս եւ նման նախաձեռնութիւններու, որոնց նպատակն է յաւելեալ կարելիութիւն ընձեռել քաղաքապետութիւններուն` դիմագրաւելու մարտահրաւէրները, զարկ տալու վերականգնումին ու բարգաւաճումին եւ բարելաւելու բնակչութեան ընկերային ու տնտեսական պայմանները:

Ասուլիսի աւարտին ցուցադրուեցաւ թեքնիք գրասենեակներու աշխատանքներուն մասին տեսերիզ մը:

 

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Շնորհաւորէ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Նորընտիր Նախագահը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

«Սրտի ներդաշնակութիւն. ձայն եւ կիթառ» համերգ
Գաղութային

«Սրտի ներդաշնակութիւն. ձայն եւ կիթառ» համերգ

Հոկտեմբեր 21, 2025
Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 21, 2025
Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?