Հայ բարեգործական ընդհանուր միութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Ժիրայր Թիւֆէնքճեանի, այցելեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Սիլվա Լիպարիտեան, Արին Ղազարեան, Վազգէն Հատիտեան, Վիգէն Չէրչեան եւ Արթօ Գունտաքճեան:
Պատուիրակութեան անդամները շնորհաւորեցին Յակոբ Բագրատունին իր երեսփոխան վերընտրուելուն առիթով: Ապա անդրադարձան լիբանանահայ համայնքին դիմագրաւած հարցերուն, երկրին քաղաքական ընդհանուր իրավիճակին եւ հայկական կազմակերպութիւններու միջեւ համագործակցութիւնը զարգացնելու անհրաժեշտութեան:
Յակոբ Բագրատունի շնորհակալութիւն յայտնեց պատուիրակութեան եւ ընդգծեց, որ ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ հրամայական կը դառնան յաճախակի հանդիպումները, խորհրդակցութիւնները եւ համագործակցութիւնը համայնքին մէջ աւանդ ունեցող կազմակերպութիւններուն միջեւ` նպատակ ունենալով կրթական, երիտասարդական, մշակութային եւ մարզական համակարգերու հայեցի դիմագիծի պահպանումը:


