1 հոկտեմբերին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ, ՀՅԴ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանն ու Արեւմտեան Քանատայի Հայ դատի պատուիրակութիւնը Վանքուվըրի մէջ յատուկ հանդիպում ունեցան Քանատայի Նոր ժողովրդավար կուսակցութեան ղեկավար Ճակմիդ Սինկի հետ:
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Հայաստանի եւ Արցախի այսօրուան իրավիճակի հարցերը: ՀՅԴ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան յատկապէս անդրադարձաւ Հայաստանի այսօրուան ճգնաժամին եւ շեշտեց, որ Նոր ժողովրդավար կուսակցութիւնը ճնշում բանեցնէ Օթթաուայի կառավարութեան վրայ, որպէսզի խստիւ դատապարտուի Ազրպէյճանի յարձակողապաշտ վարքագիծը Հայաստանի հանդէպ: Արցախի հարցով նոյնպէս շեշտադրում կատարուեցաւ Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ Արցախի կարգավիճակի հարցը լուծելու եւ արցախահայութեան անվտանգութիւնը ապահովելու մասին:
Քանատահայութեան պարագային, Հայ դատի պատուիրակութիւնը գնահատեց Նոր ժողովրդավար կուսակցութեան հետ երկարամեայ համագործակցութիւնը` դաշնակցային եւ նահանգային մակարդակներուն վրայ:
Նոյն օրը, Հայ դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Պըրնըպիի քաղաքապետ Մայք Հըրլիի հետ: Քննարկուեցաւ վերջին տարիներուն Պըրնըպի գաղթած սուրիահայերու այսօրուան իրավիճակը:
Հանդիպումներու ընթացքին Հայ դատի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Քանատայի Արեւմտեան շրջանի Հայ դատի անդամներ Վահէ Անտոնեան, Մեղրիկ Չափանեան եւ Էտի Փափազեան:


