3 հոկտեմբերի ժամը 21:30-ի սահմաններուն մէջ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները, ականանետերու եւ խոշոր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներու կիրարկումով կրակ բացած են հայ-ազրպէյճանական սահմանի արեւելեան հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական մարտական դիրքերուն ուղղութեամբ: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
«Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերու ստորաբաժանումներու պատասխան գործողութիւններով հակառակորդի կրակը լռեցուած է: Հայկական կողմէն կորուստներ չկան», կը յայտնէ նախարարութիւնը:


