ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Արցախի Մէջ Տիրող Կացութեան Վերաբերեալ Նամակներ Յղեց Լիբանանի Մէջ Օտարերկրեայ Դեսպաններու
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը անցնող երկու օրերուն ընթացքին Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Եւրոպական Միութեան, Լեհաստանի, Շուէտի, Հնդկաստանի, Դանիոյ, Պելճիքայի, Զուիցերիոյ, Նետերլանտներու, Աւստրիոյ եւ Սպանիոյ դեսպաններուն յղեց Արցախի վերջին զարգացումներուն վերաբերեալ նամակներ: Հայ դատի մարմինը իր նամակին մէջ յայտնեց. «Ազրպէյճանական բռնատիրութեան կողմէ ժողովրդավար Արցախի Հանրապետութեան դէմ յարձակողական արարքներու այս նորագոյն ալիքը կացութիւնը ապակայունացնելու յստակ փորձ մըն է: Ազրպէյճանական...




















