Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Հասնելու Հարցին Մէջ Ֆրանսայի Դիրքորոշումը Կը Մնայ Անփոփոխ

October 20, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հասնելու հարցին մէջ Ֆրանսայի դիրքորոշումը կը մնայ անփոփոխ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Լրագրողները հետաքրքրուած են` Ֆրանսայի կառավարութիւնը ինչպէ՞ս կ՛արձագանգէ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին, որ քննադատած էր նախագահ Մաքրոնը եւ պնդած, թէ ան «փողոցային բառապաշար օգտագործած է» «Ֆրանս 2»-ին տուած հարցազրոյցին մէջ, եւ այլեւս չի կրնար հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններուն մէջ անաչառ միջնորդ ըլլալ:

Մաքրոն այդ հարցազրոյցին մէջ պնդած էր, որ Ռուսիան կ՛ապակայունացնէ Հարաւային Կովկասի մէջ կացութիւնը եւ Թուրքիոյ մասնակցութեամբ Ազրպէյճանի խաղը կը խաղայ:

«Նախագահ Ալիեւի այդ խօսքերը որեւէ կերպով չեն շեղեր Ֆրանսայի` ամբողջ ուժով հայ-ազրպէյճանական կարգաւորման նպաստելու ջանքերը: Հանրապետութեան նախագահի յանձնառութեան շնորհիւ է, որ կարելի դարձաւ քառակողմանի հանդիպում կազմակերպել 6 հոկտեմբերին` նախագահ Ալիեւի, Եւրոպական խորհուրդի ղեկավար Շարլ Միշելի եւ վարչապետ Փաշինեանի մասնակցութեամբ», յայտարարած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը` աւելցնելով, որ Փարիզ լիովին կ՛աջակցի Եւրոպական Միութեան հետ սկսած նախաձեռնութեան, որուն նպատակն է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքել:

 

Նախորդը

Ապտոլլահեան. «Իրան Պիտի Չարտօնէ Փակել Հայաստանի Հետ Իր Ճամբան»

Յաջորդը

ԵԱՀԿ-ն Խումբ Պիտի Ուղարկէ Հայաստան` Սահմանամերձ Շրջաններուն Մէջ Իրավիճակի Գնահատման Համար

RelatedPosts

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ  Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Հայկական

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

November 6, 2026
Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն  Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը
Գլխաւոր լուրեր

Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը

November 6, 2026
Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ  Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ.  «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ  Պատերազմէն Դուրս Գանք»
Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ Պատերազմէն Դուրս Գանք»

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.