Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեան 22 հոկտեմբերին ընդունած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Սիմոնեան ընդգծած է բարեկամ Իրանի հետ դրացիական յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը` շեշտելով, որ անոնց զարգացման ուղղուած ջանքերը կու տան իրենց պտուղները: «Սիւնիքի մարզի կեդրոն Կապանի մէջ ձեր ընդհանուր հիւպատոսութեան բացումը փաստ է, կը շնորհաւորեմ բոլորս այդ կարեւոր իրադարձութեան համար», նշած է Ալեն Սիմոնեան` աւելցնելով, որ Հայաստան պիտի ձգտի մօտիկ ապագային իր հիւպատոսութիւնը բանալ Թաւրիզի մէջ:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարը շնորհակալութիւն յայտնած է շնորհաւորանքին համար` ընդգծելով, որ Կապանի մէջ ընդհանուր հիւպատոսութեան հիմնումը կարեւոր ուղերձ կը պարունակէ, ըստ որուն` Իրան դէմ է բարեկամ Հայաստանի հետ սահմանի կամ տարանցիկ ուղիի հանդէպ խոչընդոտներուն եւ կողմնակից է շրջանի զարգացման: Ան աւելցուցած է նաեւ, որ իրենք հետաքրքրուած են Թաւրիզի մէջ Հայաստանի ընդհանուր հիւպատոսութեան բացումով:
Ապտոլլահեան երէկ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց. «Հայաստան այցելած ենք, որպէսզի պարոն Արարատ Միրզոյեանի հետ երկու երկիրներու համար սահմանենք երկարաժամկէտ տեւողութեամբ ճամբու քարտէսը»` այդ քարտէսին մասին մանրամասնութիւններ չյայտնելով:
Իրանեան դիւանագիտութեան պետը շեշտեց, որ իրենք կարեւոր կը նկատեն դրացի պետութիւններու, յատկապէս Հայաստանի Հանրապետութեան հետ յարաբերութիւնները:


