ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Ամերիկացի Նոր Համանախագահը Այս Շաբաթ Պիտի Այցելէ Հայաստան Եւ Ազրպէյճան
Կովկասի հարցերով բանակցութիւններուն մէջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի գլխաւոր խորհրդական, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ֆիլիփ Ռիքըր այս շաբաթ պիտի այցելէ Հայաստան: Այս մասին լրագրողներուն հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան փոխբանբեր Վետանթ Փաթել` ընդգծելով, որ ասիկա Ռիքըրի նոր պաշտօնին վրայ շրջան առաջին այցելութիւնը պիտի ըլլայ: «Մենք կ՛ակնկալենք, որ ասիկա շրջան կատարուելիք պարբերական այցելութիւններէն...




















