Պրիւքսելի մէջ նոյեմբերի առաջին շաբթուան ընթացքին տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան յանձնախումբերու նիստը:
Հայաստանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակէն «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին հաստատած են լուրը:
Փրակայի մէջ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ քառակողմանի հանդիպումի ընթացքին համաձայնութիւն գոյացած էր Պրիւքսելի մէջ յանձնախումբերու նիստ գումարել հոկտեմբերի վերջաւորութեան:
Աւելի ուշ, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը «Թուիթըր»-ի վրայ գրած էր, որ Հայաստան Ազրպէյճանին առաջարկած է 31 հոկտեմբերին Պրիւքսելի մէջ սահմանի սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան յանձնախումբի նիստ գումարել:


