Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալիեւ. «Յոյսով Եմ, Որ Հայաստան Քաղաքական Կամք Պիտի Դրսեւորէ Եւ Պիտի Ստորագրէ Խաղաղութեան Համաձայնագիրը»

October 25, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլիի հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է, որ կարելիութիւն կայ Ազրպէյճանի, Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ խորհրդակցութիւններ կատարելու: Այս մասին հաղորդեց ազրպէյճանական «Մինվալ»-ը:

«Ղարաբաղեան պատերազմէն ետք նոր կացութիւն ստեղծուած է: Ես Վրաստանի վարչապետին տեղեկացուցած եմ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ընթացող խաղաղութեան բանակցութիւններուն մասին, եւ կը կարծենք, որ այս տագնապի լուծումը կը պահանջէ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրում: Մենք Հայաստանին արդէն ներկայացուցած ենք հինգ հիմնարար սկզբունքներ, եւ յոյսով ենք, որ Հայաստան քաղաքական կամք պիտի ցուցաբերէ, խաղաղ բանակցութիւններու պիտի սկսի եւ Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր պիտի ստորագրէ: Եթէ ատիկա տեղի ունենայ, Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւն պիտի հաստատուի, եւ համագործակցութեան նոր կարելիութիւններ պիտի յայտնուին:

«Այսօր մենք նաեւ կարելիութիւն ունինք խորհրդակցութիւններ կատարելու Ազրպէյճանի, Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ, եթէ Հայաստանը պատրաստ ըլլայ, մենք պատրաստ պիտի ըլլանք սկսելու այս ձեւաչափը թէկուզ եւ այսօր», ըսած է Ալիեւ:

«Սփութնիք Ճորճիա» հաղորդեց, որ Ղարիպաշվիլի իր կարգին յայտնած է. «Մենք անդրադարձած ենք նաեւ շրջանին մէջ տիրող կացութեան, վերջին շրջանին Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ձեռք բերուած խաղաղութեան բանակցութիւններու հոլովոյթի մեկնարկի մասին համաձայնութեան: Ասիկա, անշուշտ, մեզի մեծ յոյս կու տայ: Այստեղ ես կ՛ուզեմ վերահաստատել, որ Վրաստանը, անձամբ ես, եւ մեր կառավարութիւնը լիակատար պատրաստակամութիւն կը յայտնենք շարունակելու եւ աջակցելու խաղաղութեան քաղաքականութեան, որ մենք միասին սկսած ենք»:

Վրաստանի վարչապետը միեւնոյն ժամանակ ընդգծած է, որ խաղաղ դրացնութեան նախաձեռնութիւնը չի հակասեր կամ փոխարիներ համագործակցութեան այլ ձեւաչափերը, այլ ընդհակառակը, կ՛օգնէ:

«Ես կը հաւատամ, որ միասին մենք շատ աւելի կարեւոր բաներ պիտի ընենք: Ես նաեւ կ՛ողջունեմ Փրակայի մէջ ձեր կողմէ հնչած նախաձեռնութիւնը` Հարաւային Կովկասի մէջ միացեալ եռակողմ քննարկման ձեւաչափի մեքանիզմ ստեղծելու վերաբերեալ», ըսած է Ղարիպաշվիլի:

 

 

Նախորդը

Մաքրոն. «Ուքրանիոյ Պատերազմը Պէտք Չէ Մոռցնել Տայ Հայաստանի, Սուրիոյ Եւ Իրաքի Տագնապները»

Յաջորդը

Պրիւքսելի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Փոխվարչապետներու Հանդիպումն Ու Սահմանազատման Հարցով Յանձնախումբերու Նիստը

RelatedPosts

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ  Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Հայկական

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

November 6, 2026
Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն  Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը
Գլխաւոր լուրեր

Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը

November 6, 2026
Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ  Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ.  «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ  Պատերազմէն Դուրս Գանք»
Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ Պատերազմէն Դուրս Գանք»

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.