Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 14 նոյեմբերին ընդունած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ռուս համանախագահ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման աջակցելու հարցերով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի յատուկ ներկայացուցիչ Իկոր Խովայեւը:
Ինչպէս «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցած են Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութենէն, հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի հանգուցալուծման առնչուող վերջին զարգացումները:
«Զրուցակիցները անդրադարձած են 31 հոկտեմբերին Սոչիի մէջ կայացած Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու վերջին եռակողմ հանդիպման ու ընդունուած միացեալ յայտարարութեան: Այս պարունակին մէջ Արարատ Միրզոյեան շեշտած է ուժի կամ ուժի սպառնալիքի կիրարկումէն զերծ մնալու կողմերու յանձնառութեան կարեւորութիւնը` նշելով, որ Ազրպէյճանը իր յարձակողապաշտ վարքագիծով եւ առաւելապաշտական նկրտումներով կը շարունակէ խոչընդոտել շրջանին մէջ կայուն ու երկարաժամկէտ խաղաղութեան հաստատման», կը նշուի հաղորդագրութեան մեջ:
Ըստ աղբիւրին, Արարատ Միրզոյեան եւ Իկոր Խովայեւ միտքեր փոխանակած են նաեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանազատման գործընթացի, ինչպէս նաեւ շրջանի փոխադրական ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման վերաբերեալ:
ՄԱԿ–ի Մնայուն Համակարգողի
Ժամանակաւոր Պաշտօնակատարին Հետ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը 14 նոյեմբերին ընդունած է նաեւ Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի մնայուն համակարգողի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Լիլա Փիթըրս Եահիան` վերջինիս պաշտօնավարման աւարտին առիթով:
Ինչպէս «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցած են Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութենէն, հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ՄԱԿ-ի համակարգին եւ մասնագիտացած գործակալութիւններուն հետ շարունակական համագործակցութեան, Կայուն զարգացման նպատակներու արդիւնաւէտ իրականացման առնչուող հարցեր:
Կը նշուի, որ 44-օրեայ պատերազմին, ինչպէս նաեւ 13-14 սեպտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ ազրպէյճանական նախայարձակման պատճառով ի յայտ եկած մարդասիրական եւ այլ բնոյթի խնդիրներու պարունակին մէջ Արարատ Միրզոյեան ընդգծած է ՄԱԿ-ի եւ մասնագիտացած գործակալութիւններու առաւել աշխուժ ներգրաւուածութեան անհրաժեշտութիւնը` իրենց լիազօրութեան համապատասխան առկայ մարտահրաւէրները արձանագրելու եւ հասցէագրելու նպատակով: