Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ-ի Ուղեկից Միութիւններու Խորհրդաժողով

November 15, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` երկուշաբթի, 14 նոյեմբեր 2022-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ-ի ուղեկից միութիւններու` ՀՕՄ-ի, ՀՄԸՄ-ի եւ Համազգայինի, ինչպէս նաեւ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի խորհրդաժողով, որուն մասնակցեցան միութիւններու Կեդրոնական վարչութիւնները:

ՀՅԴ Բիւրոյի կազմակերպութեամբ հրաւիրուած խորհրդաժողովին բացումը կատարուեցաւ առաւօտեան ժամը 9:00-ին` ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի կողմէ, որ ողջունեց ներկաները, անդրադարձաւ նման խորհրդաժողովի կայացման նպատակներուն ու առաջադրանքներուն:

Խորհրդաժողովին նպատակն է սփիւռքի, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ գործող երեք միութիւններու գործունէութիւններու ռազմավարութեան աշխատանքային ուղղութիւններու, հասարակ յայտարարներու կտրուածքով, քննարկում եւ համադրում: Անիկա կ՛առաջադրէ համահայկական եւ համազգային աշխատանքներու համակարգում կատարել, համագործակցութեան զարգացման յաւելեալ թափ հաղորդել, ճշդել 3 ուղեկից միութիւններու միացեալ աշխատանքի կարելիութիւնը եւ որդեգրուելիք չափանիշները:

Իւրաքանչիւր միութիւն ներկայացուց ամփոփ զեկուցում` ներկայ եւ յառաջիկայ աշխատանքներուն, ծրագիրներուն մասին, անդրադարձ կատարուեցաւ նոր շրջաններու մէջ ուղեկից միութիւններու ներկայութեան: Յատուկ կերպով շեշտը դրուեցաւ երիտասարդութեան ներգրաւման կարեւորութեան եւ անոր համապատասխան միջոցներու ձեռնարկման վրայ` նկատի ունենալով մերօրեայ պայմաններն ու երիտասարդութեան հետաքրքրութիւններու ծիրը: Լուսարձակի տակ առնուեցան նաեւ ուղեկից միութիւններու քարոզչական ծրագիրներու համակարգումը, յատկապէս` համահայկական հարցերու առնչութեամբ:

 

 

Նախորդը

Նախագահական Ընտրութեան Փութացման Տեղական Թէ Արտաքին Ճիգերու Լոյսին Տակ. Պատկան Մարմիններ Կը Ջանան Ընդառաջել Լիբանանցիներու Կենցաղային Տարրական Հրատապ Պահանջներուն

Յաջորդը

ՀՕՄ-ի, ՀՄԸՄ-ի եւ Համազգայինի Գործունէութեան Եւ Ապագայ Ծրագիրներու Ներկայացում

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.