Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայաստան» Խմբակցութիւնը Լուսարձակի Տակ Առաւ Ընկերային-Տնտեսական Մտահոգիչ Վիճակը

November 18, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նոյեմբեր 17-ին «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ Գեղամ Մանուկեանն ու Թադեւոս Աւետիսեանը տուին մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին ամփոփեցին շաբաթուան կարեւորագոյն իրադարձութիւնները եւ պատասխանեցին լրագրողներուն հարցումներուն:

Գեղամ Մանուկեան անդրադարձաւ «Հայաստան» խմբակցութեան` քառօրեայ նիստերուն մասնակցելուն եւ նշեց, որ այս լիագումար նիստին մասնակցիլը պայմանաւորուած էր անով, որ իրենք հաղորդակից դառնան քննարկման այն կարեւոր հարցերուն, որոնք կան իրենց օրակարգին վրայ, եւ որոնք պէտք է լուսարձակի տակ բերուին:

Ան խօսեցաւ նաեւ «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան կողմէ ներկայացուած 2 նախագիծերուն մասին, որոնք շեշտը կը դնեն մանրամասնութիւններուն վրայ եւ ոչ թէ արմատական հարցերու:

«2 տարի է իշխանութիւնը կը խօսի բանակի բարեփոխումներու ռազմավարութեան մասին: 2022 թուականի փետրուարին Սուրէն Պապիկեան յայտարարեց, որ ռազմավարութիւնը պատրաստ է, բայց արդէն հասած ենք նոյեմբեր ամիս, դեռ ընդհանուր ռազմավարութիւնը ներկայացուած չէ, եւ փոքր մանրամասնութիւններով կը փորձեն տպաւորութիւն ստեղծել, որ արմատական բարեփոխումներ կը կատարուին: Իրականութեան մէջ այս նախագիծը պիտի փոխարինէ «Ես եմ» ծրագիրին, որուն մասին իշխանութիւնը նշեց, որ չէ յաջողած, ինչ որ կը նշանակէ, թէ այս իշխանութիւնը` իր նշանակած պաշտպանութեան նախարարներով, զինուորական վերնախաւով տապալած է այդ ծրագիրը եւ կը խօսի նոր ծրագիրի մասին, որ խնդրայարոյց է»: Մանուկեան նշեց, որ այդ պատճառով ալ «Հայաստան» խմբակցութիւնը ձեռնպահ քուէարկեց 2 ծրագիրներուն:

Թադեւոս Աւետիսեան նշեց, որ հանրութեան համար աւելի պարզ լեզուով պէտք է քանի մը դիտարկումներ կատարել: Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարը` ելեւմուտքի նախարարին հետ միասին մշակած են պետական պիւտճէի նախագիծ, որով կ՛առաջարկեն յաջորդ տարի բարձրացնել նախարարներուն աշխատավարձերը 142.000 դրամով, վարչապետինը` 200.000 դրամով, իսկ աշխատող աղքատին աշխատավարձը` 7000 դրամով:

«Այս թիւը ինքնին խօսուն է, ալ կարիք չկայ գնահատելու, միւս բաները, որոնց մասին կը խօսին, պարզապէս ծրագրաւորում է հիմնականին, բայց զանոնք բանալու պարագային պիտի տեսնենք, որ վարչապետը իր աշխատավարձը բարձրացուցած է 25 տոկոսով, իսկ աշխատող աղքատին աշխատավարձը` 10 տոկոսով: Աղքատներու գնողականութիւնը յարաբերականօրէն աւելի արագ կը նուազի, որովհետեւ անոնց եկամուները չեն բաւեր նուազագոյն կարիքները հոգալու համար», դիտել տուաւ ան:

Պատգամաւորը լուսարձակի տակ առաւ նաեւ տարբեր խնդիրներ, որոնք հետզհետէ աւելի կը բարդանան, ինչպէս` ծնելիութեան մակարդակի նուազումը, արտագաղթի աճը:

«Միւս մտահոգիչ փաստը գիւղատնտեսութիւնն է: Իրական ծաւալները հետեւողականօրէն կը նուազին: Պատճառներէն մէկը այն է, որ առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներուն գինը էապէս բարձր է, քան` միջին գնաճը: Սննդամթերքը մէկուկէս անգամ աւելի սղած է, քան` միջին գնաճը, որ կայ Հայաստանի մէջ: Մենք կ՛ընթանանք աշխարհին հակառակ ուղիով, մեր երկրին մէջ 2018-էն այս պահը պարէնային ապրանքներու ապահովուածութեան գործակիցը 65 տոկոսէն նուազած է մինչեւ 47 տոկոս: Մեր երկիրը մինչեւ 2018 թուական պարէնային զամբիւղին մէջ գտնուող ապրանքներու մասով ունեցած է ներքին ապահովուածութիւն 65 տոկոս, մեզի մնացած էր 35 տոկոս ապահովուածութիւն, որպէսզի կարենայինք ամբողջականօրէն ապահովել այդ զամբիւղը: Հիմա իջած է, ինչ որ լուրջ խնդիր է», յայտնեց Աւետիսեան:

Ան շեշտեց, որ ասոնք շատ լուրջ հարցեր են, բայց եւ այնպէս ասոնց զուգահեռ կան ահագնացող գնաճի բոլոր գործօնները, որոնք նախատեսուած են նաեւ յաջորդ տարի, այնպէս որ այն պիւտճէն, զոր առաջադրած է այսօրուան իշխանութիւն, կը յուշէ, որ ամէն յաջորդ օր մեր քաղաքացիները, աշխատող աղքատները, միայնակ կենսաթոշակառուները, միայնակ մայրերը աւելի վատ պիտի ապրին, քան նախորդ օրը:

 

 

Նախորդը

Հակառակորդի Կրակոցէն Զինուոր Մը Վիրաւորուած Է

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի Լրիւ Կազմը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.