17 նոյեմբերին` ժամը 11:00-ին, հայ-ազրպէյճանական սահմանագօտիի արեւելեան հատուածին մէջ տեղակայուած մարտական դիրքին մէջ հակառակորդի կրակոցէն վիրաւորուած է զինուորական ծառայող մը` Հ. Ա.:
Լուրը հաղորդեց պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղարը` դիտել տալով, որ վիրաւոր զինուորին առողջական վիճակը միջին ծանրութեան է, եւ անոր կեանքին վտանգ չի սպառնար:


