Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար թրքական «Միլլիեթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին անդրադարձած է հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններուն:
«Հայաստանը պէտք է սեղմէ խաղաղութեան ձեռքը, որ իրեն երկարած են Իլհամ Ալիեւն ու Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը: Տրամաբանական չէ, որ Հայաստանը դուրս կը մնայ ազդեցութեան ոլորտէն եւ կ՛երազէ: Խորհուրդ կու տանք օգտագործել ընձեռուած կարելիութիւնը», ըսած է Աքար:
«Զանգեզուրի միջանցքը» եւ ատոր ճամբով անցնող երկաթուղիներն ու մայրուղիները շատ արժէքաւոր են շրջանի տնտեսական, ընկերային կեանքին եւ անվտանգութեան համար», նշած է ան: