Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի ղեկավարութեամբ 1 փետրուարին տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ընթացքին ներկայացուած են շրջափակման տնտեսական եւ ընկերային հետեւանքներու մեղմացման ուղղուած միջոցառումները:
«Մենք կը փորձենք առաւելագոյնս աջակցիլ, որպէսզի աշխատատեղերը պահպանուին: Ցաւօք, այս իրավիճակին մէջ շատերը կորսնցուցած են աշխատանքը: Մշակուած ծրագիրներուն միջոցով պիտի փորձենք ըստ կարելւոյն աջակցիլ թէ՛ տնտեսվարողներուն, թէ՛ ընկերային գետնի վրայ աւելի դժուար վիճակի մէջ յայտնուած քաղաքացիներուն», ինչպէս «Արմէնփրես»-ը կը տեղեկացնէ պետական նախարարի աշխատակազմին տարածած հաղորդագրութիւնը, ըսած է Վարդանեան:
Միջոցառումներու մշակման աշխատանքային խումբի ղեկավար, պետական նախարարի խորհրդական Գրիգորի Մարտիրոսեան տեղեկացուցած է, որ կը նախատեսուի իրականացնել չորս ծրագիր, որոնցմէ երկուքը ունին տնտեսական, երկուքը` ընկերային ուղղուածութիւն:
Տնտեսական ծրագիրները կը վերաբերին շրջափակման հետեւանքով առաւելապէս տուժած ոլորտներուն եւ կը նախատեսեն աջակցութեան տրամադրում տնտեսվարողներուն եւ անհատ ձեռնարկատէրերուն: Ծրագիրներու նպատակն է նախ եւ առաջ պահպանել աշխատատեղերը, տնտեսվարողներուն աջակցիլ աշխատավարձերու վճարման ապահովման հարցին մէջ, իսկ անհատ ձեռնարկատէրերուն ամսական աջակցութիւն տրամադրել:
Ընկերային ծրագիրներէն առաջինը կը վերաբերի 12 դեկտեմբերէն մինչեւ 1 փետրուար ինկած ժամանակահատուածին մէջ աշխատանքէ ազատ կացուցուած անձերուն: Եթէ ճգնաժամի պատճառով տնտեսվարողները ստիպուած եղած են երթալ գործէ արձակումներու եւ կրճատումներու, ապա այդ աշխատողներուն յունուար ամսուան համար նուազագոյն աշխատավարձի չափով աջակցութիւն պիտի տրամադրուի (եթէ աշխատավարձը եղած է այդ չափէն պակաս, ապա` այդ գումարը): Միւս ծրագիրը կը վերաբերի նոյն ժամանակահատուածին մէջ արձանագրուած աշխատանք չունեցող անձերուն. իւրաքանչիւր երեխայի հաշուով անոնց պիտի տրամադրուի որոշակի գումարի չափով աջակցութիւն:
Պետական նախարարը ընդգծած է միջոցառումներու թափանցիկ եւ հասցէական իրականացման կարեւորութիւնը: Ան յանձնարարած է հաշուարկել նաեւ շրջափակման հետեւանքով տնտեսութեան կրած ընդհանուր վնասի չափը:
Խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած են նաեւ կրթութեան, առողջապահութեան եւ ընկերային ոլորտներուն վերաբերող հրատապ հարցեր:
Երէկ Ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի փակման 52-րդ օրն էր: Շրջափակման պատճառով ստեղծուած տնտեսական բարդ իրավիճակին պատճառով նախնականօրէն 5103 մարդ կորսնցուցած է իր աշխատանքը եւ եկամուտի աղբիւրը:


