Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շրջափակման 56-րդ Օրը. Ստեփանակերտի Մէջ Վառարան Եւ Վառելափայտ Կը Տրամադրեն Բնակիչներուն

February 6, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ այսպէս կոչուած ազրպէյճանցի «բնապահպան»-ներու կողմէ Արցախը Հայաստանին միացնող միակ ճամբուն` Բերձորի միջանցքի փակման 56-րդ օրն էր: Կազամատակարարման վերականգնումէն ետք պետական ծրագիրով վառարանի եւ վառելափայտի տրամադրման ծրագիրը որոշակի փոփոխութիւններու ենթարկուած է: Այս մասին կը յայտնեն Արցախի Հանրային պատկերասփիւռի կայանէն: Առաջնահերթութիւնները վերատեսութեան ենթարկուած են, յստակացուած են: Վառարան ու փայտ կը տրամադրեն նախ եւ առաջ խոցելի հատուածին, այս պարագային անոնց, որոնք կազով ջեռուցման կարելիութիւն չունին:

Միւս կողմէ, Արցախի մէջ շրջափակման հետեւանքներու մեղմացման ուղղուած ընկերային ծրագիրներու շրջանակին մէջ նիւթական աջակցութիւն պիտի ցուցաբերուի 12 դեկտեմբեր 2022-էն մինչեւ 1 փետրուար 2023 ինկած ժամանակահատուածին մէջ աշխատանքէ ազատ կացուցուած անձերուն:

Այս մասին «Արմէնփրես»-ի թղթակիցին տեղեկացուց Արցախի Հանրապետութեան ընկերային զարգացման եւ գաղթի նախարար Արմէն Մանգասարեան` մանրամասնելով, որ աշխատանքէ ազատ կացուցուած աշխատողներուն ընթացիկ տարուան յունուար ամսուան համար նուազագոյն աշխատավարձի չափով աջակցութիւն պիտի տրամադրուի այն պարագային, երբ  ճգնաժամի պատճառով տնտեսվարողները ստիպուած եղած են կրճատումներ կատարել:

«Այն աշխատողները, որոնք աշխատանքային յարաբերութիւններու մէջ գտնուած են շրջափակման հետեւանքով տուժած ոլորտներու կառոյցներու հետ եւ ազատ կացուցուած են աշխատանքէն կամ աւարտած են քաղաքացիաիրաւական պայմանագիրի գործողութեան ժամկէտը, կը դիմեն նախարարութիւն եւ կը ստանան մինչեւ 68 հազար դրամ աջակցութիւն: Եթէ աշխատավարձը կը կազմէր 68 հազար դրամէն ցած, ապա այդ չափով աջակցութիւն պիտի ցուցաբերուի, իսկ աւելի բարձրի պարագային` 68 հազար դրամ», յայտնեց Մանգասարեան` աւելցնելով, որ ընկերային միւս ծրագիրով ալ 12 դեկտեմբեր 2022-էն մինչեւ ընթացիկ տարուան 1 փետրուարը արձանագրուած աշխատանք չունեցող անձերուն պետութիւնը պիտի տրամադրէ միանուագ նիւթական աջակցութիւն:

«Այս պարագային չաշխատող պիտի նկատուին նաեւ չարձանագրուած աշխատողները: Եթէ մինչեւ 18 տարեկան երեխաներ ունեցող ընտանիքի մէջ ծնողներէն երկուքը չեն աշխատիր, ապա իւրաքանչիւր երեխայի համար պիտի տրամադրուի 40 հազարական դրամ, իսկ եթէ ծնողներէն մէկը չ՛աշխատիր, ապա 20 հազար դրամ աջակցութիւն: Միակ ծնողի չաշխատելու պարագային ընտանիքին պիտի տրամադրուի 40 հազար դրամ», մանրամասնեց  նախարարը. աւելցնելով, որ ընկերային աջակցութեան վերաբերեալ այս որոշումը յառաջիկային պիտի ներկայացուի հաստատման:

 

 

Նախորդը

Փարիզ. «Անվերապահօրէն Կ՛աջակցինք Եւրոպական Միջնորդութեան Եւ Կ՛ուզենք, Որ Հայաստան – Ազրպէյճան Բանակցութիւնները Վերսկսին»

Յաջորդը

«Հորիզոն»-ի Խմբագրական. Հայ Դատի Յանձնախումբերը Մի՛շտ Պատնէշի Վրայ

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.