Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ան Քլեր Լըժանտր «Էռ.Թէ.Վէ.Ի.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին անդրադարձած է շրջափակուած Արցախի կացութեան:
«Այսօր մենք չափազանց մտահոգ ենք Լաչինի միջանցքի շրջափակումով, մենք անընդհատ կը պահանջենք, որ այդ միջանցքը ապաշրջափակուի, եւ բնակչութեան մատակարարուի պարենային եւ մարդասիրական օգնութիւն: Լեռնային Ղարաբաղի մէջ լուրջ մարդասիրական ճգնաժամի իրական վտանգ կայ: Բացի ատկէ, մենք կ՛ուզենք եւ կ՛աջակցինք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններու վերսկսման:
«Գոյութիւն ունի եւրոպական միջնորդութիւն, որուն մենք անվերապահօրէն կ՛աջակցինք: Ֆրանսայի նախագահին շնորհիւ երկու երկիրներու ներկայացուցիչները կրցած են իրարու հետ զրուցել անցեալ տարուան հոկտեմբերին Փրակայի վեհաժողովի ծիրին մէջ, եւ մենք ատոր ծիրին մէջ որոշած ենք Եւրոպական Միութեան առաքելութիւն ուղարկել Հայաստանի սահման` լարուածութիւնը նուազեցնելու եւ սահմաններու պահպանման նպատակով:
«Կը կարծեմ, որ մեր աջակցութիւնը արտայայտուած է բարձրագոյն պետական մակարդակով: Ֆրանսայի նախագահը անձամբ գործադրած է բոլոր ջանքերը, որպէսզի մենք կարենանք վերսկսիլ բանակցութիւնները, եւ այս կացութիւնը լուծուի, լարուածութիւնը մեղմանայ», ըսած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը: