«Անցեալ ամիս Միւնիխի մէջ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու հանդիպումէն ետք Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն ինծի հրահանգեց շրջան այցելել», ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու հաղորդումով, այս մասին ըսած է Պաքու այցելած Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Կովկասի մէջ բանակցութիւններու հարցերով գլխաւոր խորհրդական Լուի Պոնօ: Ան նշած է, որ իր գլխաւոր նպատակը Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան հասնիլն է:
«Խաղաղութեան համաձայնագիրը պէտք է կայուն ըլլայ: Եւ ատիկա պէտք է բխի կողմերէն, եւ ոչ թէ Միացեալ Նահանգներէն կամ այլ երկիրներէ», ըսած է ան:
Անոր համաձայն, Ուաշինկթընի համար կարեւոր է, որ Ազրպէյճանը եւ Հայաստանը հաղորդակցին` անկախ միջնորդական ձեւաչափէն:
«Խաղաղութիւն` յօգուտ երկու կողմերուն: Կողմերը նաեւ Միւնիխի մէջ յայտարարեցին, որ խաղաղութիւն կը ցանկան: Մեր նպատակն այն է ինչպէ՛ս ատոր հասնիլ: Վաղը ես հանդիպում ունիմ Երեւանի մէջ: Իմ այցելութեանս նպատակը կողմերը երկխօսութեան հրաւիրելն ու մօտալուտ հանդիպումին նպաստելն է», ընդգծած է դիւանագէտը:
«Ի հարկէ, մենք կը հասկնանք անվտանգութեան առնչուած Ազրպէյճանի շահերը: Բնականաբար, մենք կը հասկնանք բոլոր կողմերու անվտանգութեան շահերը», շեշտած է ամերիկացի դիւանագէտը` յիշեցնելով, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Միւնիխի մէջ իր դիրքորոշումը յայտնած է Բերձորի ճամբուն շուրջ տիրող կացութեան վերաբերեալ:
Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Պոնոյի հետ հանդիպումի ընթացքին գոհունակութիւն յայտնած է Միւնիխի անվտանգութեան խորհրդաժողովի ծիրին մէջ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու հանդիպումի արդիւնքներուն նկատմամբ:
Ան երախտագիտութիւն յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընին` այդ ուղղութեամբ անոր մնայուն ջանքերուն համար:
Միւս կողմէ, ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Միշել Սիսընի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարած է. «Հայաստանը չի հրաժարիր սադրանքներէն»:
«Հակառակ Ազրպէյճանի կողմէ ձեռնարկուող խաղաղարար ջանքերուն, Հայաստան կը շարունակէ սադրանքներու դիմել», պնդած է ան` աւելցնելով. «Հայաստանը հակառակ ստանձնած պարտաւորութիւններուն կը շարունակէ ականային վտանգներ ստեղծել»:


