Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պոնօ Կը Վերահաստատէ Բերձորի Միջանցքով Ազատ Եւ Բաց Տեղաշարժի Անհրաժեշտութիւնը

Մարտ 9, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կովկասեան հարցերով աւագ խորհրդատու Լուի Պոնօ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, արտաքին գործոց փոխնախարար Վահէ Գէորգեանի եւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ հանդիպումներուն ընթացքին վերահաստատած է Միացեալ Նահանգներու պատրաստակամութիւնը` ներգրաւուելու երկկողմ, բազմակողմ ձեւաչափերով, ինչպէս նաեւ համախոհ գործընկերներու հետ օգնելու Հայաստանին ու Ազրպէյճանին` հասնելու տեւական եւ համապարփակ խաղաղութեան: Այս մասին կը հաղորդէ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը:

Ան ընդգծած է Բերձորի միջանցքով ազատ ու բաց առեւտրական եւ սեփական տեղաշարժի անհրաժեշտութիւնը:

Լուի Պոնօ նաեւ այցելած է Ցեղասպանութեան յուշահամալիր` յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան աւագ խորհրդականը «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Միացեալ Նահանգներ պատրա՞ստ են Պաքուի եւ Ստեփանակերտի երկխօսութեան միջնորդութիւնը ստանձնելու, յայտնած է. «Այս հոլովոյթին մէջ մեր դերը միջնորդութիւնը չէ, մենք այստեղ փաստաթուղթ պիտի չպարտադրենք` կողմերէն որեւէ մէկուն վիզին փաթթելու համար»:

«Այն, ինչ որ մենք կը փորձենք ընել, խաղաղութիւնը դիւրացնելն է: Նկատի ունիմ, որ մենք կ՛ուզենք, որ կողմերը իրենք մշակեն փաստաթուղթին բնագիրն ու պայմանները եւ միասին որդեգրեն զանոնք: Անոնք պէտք է ատոր վրայ միասին աշխատին, որովհետեւ որեւէ երկարատեւ, կայուն եւ հաւասարակշռուած խաղաղութիւն պէտք է կողմերէն գայ: Անիկա չի կրնար գալ երրորդ` դուրսի կողմէն», ըսած է ան:

Անդրադառնալով Արցախի մէջ ազրպէյճանական արիւնալի վերջին սադրանքին` Պոնօ ըսած է. «Ես Պաքու հասած եմ կիրակի երեկոյեան: Եւ երբ օդանաւէն դուրս եկած եմ, իմացած եմ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած ողբերգութեան շատ անհանգստացնող լուրը: Սակայն ինծի համար անիկա միայն ամրապնդեց առաքելութեանս կարեւորութիւնը, այս տագնապին վերջ տալու անհրաժեշտութիւնը: Մենք այլ ուղի չենք տեսներ, քան այն, որ պէտք է սերտօրէն համագործակցինք կողմերու հետ` թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ ալ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն հետ` խաղաղութիւն հաստատելու համար, խաղաղութիւն, որ պիտի ըլլայ երկարատեւ եւ հաւասարակշռուած»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Ստեփանակերտ-Պաքու ռուսական միջնորդութեամբ հաղորդակցութիւնները պիտի կոչէի՞ք անհրաժեշտ երկխօսութեան սկիզբ, ան ըսած է. «Իմ լիազօրութիւնս չէ մեկնաբանել Ռուսիոյ միջնորդութեամբ երկխօսութիւնը»:

«Կայուն, երկարատեւ եւ հաւասարակշռուած խաղաղութեան համաձայնագիր ունենալու համար անիկա պէտք է ներառէ Լեռնային Ղարաբաղը: Եւ Մենք յանձնառու ենք ատիկա աւարտին հասցնելու: Մենք կը գիտակցինք ատոր կարեւորութեան», ըսաւ ան:

«Նախ եւ առաջ Լեռնային Ղարաբաղը պիտի ըլլայ խաղաղ հոլովոյթի մէկ մասը: Կը կարծեմ, որ երկու կողմերն ալ ատիկա ճանչցած են: Սակայն, ինչպէս ես արդէն ըսի, մենք այստեղ չենք որեւէ համաձայնագիրի կամ համաձայնութեան շուրջ պայմաններ պարտադրելու համար: Կարեւոր է, որ կողմերը իրենք համաձայնութեան գան: Իսկ մենք պիտի աշխատինք երկու կողմերուն հետ: Նախագահ Ալիեւ Միւնիխի մէջ ըսած է, որ մէկը պիտի նշանակէ, որ պիտի գործակցի Ղարաբաղի ներկայացուցիչներուն հետ: Կը կարծեմ` ատիկա արդէն անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած է: Եւ ինծի հետ զրոյցի ընթացքին ան նշեց, որ պատրաստ է շարունակելու այդ քննարկումները: Այնպէս որ, մենք լաւատես ենք, որ կրնանք կողմերուն հետ աշխատիլ այդ ուղղութեամբ: Սակայն ատիկա դիւրին պիտի չըլլայ: Անիկա բոլոր կողմերէն պիտի պահանջէ շատ ծանր աշխատանք եւ յանձնառութիւն», յայտնեց Պոնօ:

Խօսելով Ռուսիոյ հետ համագործակցութեան կարելիութեան մասին` ամերիկացի դիւանագէտը ըսաւ. «Մենք պատրաստ ենք աշխատելու որեւէ եւ բոլոր կողմերուն հետ, որոնք հետամուտ են յառաջ տանելու այս հոլովոյթը: Իրականութեան մէջ ես հաղորդակցած եմ Մինսքի խմբակի իմ ռուս գործընկերոջս հետ: Որեւէ մեկնաբանութիւն պիտի չընեմ: Մենք այստեղ ենք ոչ թէ կողմերուն քննադատելու կամ աշխարհաքաղաքական որեւէ այլ խնդիրի անդրադառնալու համար, այլ ես այստեղ եմ, որպէսզի օգնեմ թէ՛ Հայաստանին, թէ՛ Ազրպէյճանին` գտնելու այս տագնապին լուծումը: Մենք պէտք է այս տագնապին վերջ դնենք: Ահա թէ ինչու ես այստեղ եմ»:

Պատասխանելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ռուս համանախագահ Իկոր Խովայեւի հետ հանդիպելու պատրաստակամութեան մասին հարցումի մը Պոնօ յայտնեց. «Ես պատրաստ եմ հանդիպելու ոեւէ մէկու հետ, որ պատրաստ է աշխատելու ինծի հետ, Միացեալ Նահանգներու հետ` այս հոլովոյթը յառաջ տանելու գործին մէջ: Ինչպէս ըսի, այս շրջանին մէջ մենք աւելի լայն օրակարգ չունինք: Ատիկա միայն խաղաղութիւնը խթանելն է: Այս տագնապը շատ երկար տեւեց: Շատ մարդիկ տուժած են: Շատ մարդիկ զոհուած են: Ատիկա պէտք է աւարտի»:

 

 

Նախորդը

Պաքուն Դարձեալ Կողմնակալութեան Մէջ Կը Մեղադրէ Փարիզը

Յաջորդը

Եւրոպական Միութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ` Երաշխաւորելու Բերձորի Միջանցքով Տեղաշարժելու Ազատութիւնն Ու Անվտանգութիւնը

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 12, 2025
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»-ը Աւարտեց Իր Երկօրեայ Աշխատանքները
Գաղութային

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Նիստին Քննարկուեցան Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Առնչուած Յայտարարութիւններն ու Աշխատանքները

Մայիս 12, 2025
Ակնարկ.  Մինչեւ 15 Մայիս
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մինչեւ 15 Մայիս

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?