Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քլաար. «Ալիեւը Հաւատարիմ Է Հոլովոյթին, Իսկ Փաշինեանը Պարտաւորութիւններ Ունի»

March 9, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար յայտարարած է, որ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել կ՛ուզէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն հետ դարձեալ եռակողմ հանդիպում կատարել:

«Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել շատ կ՛ուզէ, որ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարները դարձեալ գան Պրիւքսել: Քանի մը շաբաթ առաջ ան ղեկավարներուն հետ հանդիպած է Միւնիխի մէջ: Այժմ մենք կը սպասենք, որ ղեկավարները մօտիկ ապագային դարձեալ հանդիպին Պրիւքսելի մէջ», «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Քլաար:

«Նախ, ես կը կարծեմ, որ Լաչինի ճամբով փոխադրումներու թափանցիկութեան ապահովման գաղափարը ամբողջովին օրինական է: Որովհետեւ մենք չենք ուզեր, որ Լաչինի ճամբան օգտագործուի լարուածութիւնը մեծցնող բեռներու համար, եւ անիկա օգտագործուի զինուորական կամ անօրինական նպատակներով: Թափանցիկութիւնը ամբողջովին ճիշդ է: Այս թափանցիկութեան հասնելու ուղիներն ու միջոցները, իմ կարծիքով, քննարկումներու եւ բանակցութիւններու առարկայ են», ըսած է Քլաար:

Դիւանագէտին պատկերացումով` «այդ թափանցիկութիւնը» ապահովելու միջոցները բանակցութիւններու եւ քննարկումներու նիւթ է: Որոշ քայլեր, իր տեղեկութիւններով, «անցեալին քննարկուած են»:

«Օրինակ անցակէտին վրայ ունենալ լրացուցիչ սարք, որպէսզի ռուսերը կարենան աւելի լաւ վերահսկել տարածքին մէջ երթեւեկը», ըսած է Քլաար` աւելցնելով, որ միեւնոյն ժամանակ` «Ղարաբաղի հայերուն համար կարեւոր է, որպէսզի իրենք անվտանգ տեղաշարժի կարելիութեան զգացում ունենան»:

Ան ըսած է, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանին վրայ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան դերը խաղաղ հոլովոյթին աջակցիլն է: «Մենք Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն տեղեկացուցած ենք Հայաստանի մէջ առաքելութեան մասին: Մենք Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն հետ անկեղծ եղած ենք: Մենք համաձայնութեան չենք եկած Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն հետ, որովհետեւ առաքելութիւնը կը գտնուի Հայաստանի տարածքին մէջ: Սակայն մենք ամբողջովին թափանցիկ եղած ենք այն հարցին մէջ, թէ ի՛նչ կ՛ընենք, ի՛նչ է այս առաքելութեան գործունէութիւնը: Առաքելութեան նպատակն է թէ՛ հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ եւ միջազգային սահմաններու երկայնքով ստեղծուած կացութեան առնչուած հայկական համայնքներուն մէջ վստահութեան ձեւաւորումը եւ թէ՛ խաղաղ հոլովոյթի խթանումը, որ շատ կարեւոր տարր է:

«Որովհետեւ, մեր կարծիքով, առաքելութեան նպատակը խաղաղ հոլովոյթին աջակցիլն է, եւ ի հարկէ, անիկա չի նկատուիր այլընտրանք, փոխարինում: Մեր կարծիքով` անիկա պէտք է խաղաղ հոլովոյթի խթանման դեր ունենայ, ինչպէս նաեւ պէտք է օգնէ հայկական կողմին, որ ինքզինք քիչ մը անվստահ կը զգայ, աւելի եռանդուն կերպով ներգրաւուելու խաղաղ հոլովոյթին եւ լաւ արդիւնքներու հասնելու: Ահա թէ ո՛րն է այս առաքելութեան առնչուած մեր նպատակը», ըսած է Քլաար:

Անոր համաձայն, կարեւոր է, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարները ունենան քաղաքական կամք` վերացնելու այս տագնապին (Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին) հետեւանքները: Քլաար ըսած է, որ այս տեսանկիւնէն Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ «հաւատարիմ է այս հոլովոյթին», իսկ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան «պարտաւորութիւններ ունի»:

Խօսելով Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ բանակցային հոլովոյթին Մոսկուայի եւ Պրիւքսելի ջանքերուն մասին` Քլաար նշած է, որ Եւրոպական Միութիւնը երբեք չէ ունեցած «Պրիւքսելեան հոլովոյթ` ընդդէմ այլ հոլովոյթի»: «Պարզ խօսքով` մենք կ՛ուզենք աջակցիլ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան»:

Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչը ընդգծած է, որ երկու երկիրներու կառավարութիւններուն համար կարեւոր է «ցոյց տալ թշնամանքի, տագնապներու դարաշրջանի աւարտը եւ յայտարարել գործընկերութեան ու բարեկամութեան նոր դարաշրջան սկսելու իրենց ցանկութեան մասին»:

Պատասխանելով Մոսկուայի այն պնդումներուն, թէ Եւրոպական Միութիւնը աշխարհաքաղաքական խաղ կը խաղայ Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան` խաղաղ բանակցութիւններուն մասնակցութեան վերաբերեալ Ռուսիոյ մտահոգութիւններուն մասին խօսելով` Քլաար ըսած է. «Ուրախ պիտի ըլլամ, եթէ Մոսկուան հասկնայ, որ եթէ մենք իսկապէս մէկ նպատակ ունինք, ապա մենք կրնանք ամբողջացնել իրարու ջանքերը եւ ատիկա չնկատել իբրեւ մրցակցութիւն մը, որ ներառուած չէ Եւրոպական Միութեան հեռանկարներուն մէջ»:

Մեկնաբանելով ռուս պաշտօնատարներու հետ իր հաղորդակցութիւնները, Քլաար նշած է, որ «չափազանց շատ պիտի ըլլայ «սերտ հաղորդակցութիւն» կոչելը:

«Եթէ  նկատի ունիք կապերը, այո՛, անոնք կան: Քանի մը շաբաթ առաջ ես հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցայ փոխնախարար Կալուզինի հետ: Հանդիպեցայ նաեւ Ռուսիոյ յատուկ ներկայացուցիչ Իկոր Խովայեւի հետ, նոյնիսկ 2022 թուականի սեպտեմբերին այցելեցի Մոսկուա եւ քննարկումներ ունեցայ այս հարցին շուրջ: Այսինքն` կան հաղորդակցութիւններ, ոչ շատ մտերիմ հազուադէպ եւ թոյլ, սակայն անոնք կան», նշած է Քլաար:

 

Նախորդը

Եւրոպական Միութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ` Երաշխաւորելու Բերձորի Միջանցքով Տեղաշարժելու Ազատութիւնն Ու Անվտանգութիւնը

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ ( 9 Մարտ 2023)

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.