Լաւրով Ընդգծած Է Լաչինի Միջանցքով Երթեւեկութեան Շուտափոյթ Վերականգնման Անհրաժեշտութիւնը
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ ազրպէյճանցի իր գործընկեր Ճէյհուն Պայրամովի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին ընդգծած է Լաչինի միջանցքով լիարժէք երթեւեկութեան շուտափոյթ վերականգնման անհրաժեշտութիւնը` հիմնուած 9 նոյեմբերի յայտարարութեան չափանիշներուն վրայ: Ըստ պաշտօնական Մոսկուային, ռուսական կողմը շեշտած է նաեւ յարակից բոլոր հարցերով փոխադարձ ընդունելի լուծումներ գտնելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու պայմանաւորուածութիւններուն հիման վրայ վերսկսի հայ-ազրպէյճանական կարգաւորման գործընթացը:




















