Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձած է ազրպէյճանական զինեալ ուժերու կողմէ 5 մարտին Արցախի մէջ գործուած յարձակումին` յայտարարելով, որ տագնապը զինուորական լուծում չունի:
«Մենք կը հետեւինք 5 մարտին Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին մէջ 5 անձերու (նկատի ունի նաեւ Ազրպէյճանի զոհերը) կեանք խլած փոխադարձ հրաձգութեան միջադէպի մասին հաղորդումներուն: Մենք զօրակցութիւն կը յայտնենք զոհուածներու եւ վիրաւորուածներու ընտանիքներուն:
«Տագնապը չի կրնար զինուորական լուծում ունենալ, իսկ վէճերու լուծման նպատակով ուժի կիրարկումը երբեք չի կրնար ընդունելի ըլլալ: Խաղաղութեան պահպանման միակ ճամբան բանակցային սեղանի շուրջ աշխատիլն է, իսկ ուժի կիրարկումը կը խաթարէ բանակցութիւնները: Կովկասեան բանակցութիւններու հարցերով աւագ խորհրդական Լու Պոնօ շրջանին մէջ է` ընդգծելու, որ յառաջընթացի միակ ճամբան ուղղակի երկխօսութիւնն է եւ դիւանագիտութիւնը: Եւ ինչպէս արտաքին գործոց նախարարը (Էնթընի Պլինքըն, «Ա.») ընդգծած է, Միացեալ Նահանգներ յանձնառու են աջակցելու հայ-ազրպէյճանական խաղաղութեան բանակցութիւններուն», ըսած է Փրայս:
Անդրադառնալով երկիրներուն միջեւ բանակցային հոլովոյթին` արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը ըսած է, որ ամերիկեան կողմին համար կարեւոր է ուղիղ երկխօսութիւնը:
«Մենք երկու երկիրներուն համար ալ գործընկերոջ դեր կատարած ենք` նպաստելով եռակողմ ձեւաչափով ներգրաւուածութեան` արտաքին գործոց նախարարներու եւ ղեկավարներու մակարդակով: Մենք պատրաստ ենք` ըլլայ երկկողմ, եռակողմ, բազմակողմ ձեւաչափերու մէջ, շարունակելու գործընկեր ըլլալ կայուն խաղաղութիւն ապահովելու ջանքերու յառաջ մղման գործին մէջ», աւելցուցած է Փրայս:
Լրագրող մը Փրայսին հարցում ուղղելու ընթացքին ըսած է, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Ազրպէյճան կատարած այցելութեան ժամանակ հասկցուցած է, որ խնդիրը լուծելու աւելի լաւ միջոց է ռուսական միջնորդական ջանքերուն հաւատարիմ մնալը: «Ուստի ես կ՛ուզեմ, որ բացատրէք, թէ ինչո՞ւ Արեւմուտքի միջնորդութիւնը պէտք է յառաջընթաց ունենայ», հետաքրքրուած է լրագրողը:
«Ասիկա ինքնին կողմերուն (որոշելու) հարցն է, եւ մենք չենք պատրաստուիր միջնորդութեան որեւէ այլ առաջարկի դէմ կանգնիլ, եւ իրականութեան մէջ մենք միջնորդ չենք: Մենք երկու երկիրներու գործընկերն ենք: Կը կարծեմ` մենք թէ՛ խօսքով, թէ՛ գործով ցոյց տուած ենք երկու երկիրներուն հետ մեր յարաբերութիւններու բնոյթը, երկու երկիրները միաւորելու մեր կարողութիւնը, մեր ցանկութիւնն ու պատրաստակամութիւնը` օգնելու լրացուցիչ յառաջընթաց ապահովել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ:
«Մենք ատիկա չենք ըներ իբրեւ Մոսկուայի հետ մրցելու միջոց: Մենք ատիկա կ՛ընենք` ձգտելով հասնելու այս երկու երկիրներուն միջեւ երկարատեւ վէճի կարգաւորման ու լուծման, եւ, ցաւօք, վէճի մը, որ հետեւողականօրէն մարդկային կեանքեր կը խլէ, ինչպէս ատիկա տեղի ունեցաւ 5 մարտին: Մեր շահը այստեղ խաղաղութիւնը եւ անվտանգութիւնն են: Ատիկա կը բխի նաեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ժողովուրդներու շահերէն», ըսած է Փրայս: