Արաբական պետութիւններու լիկայի խորհուրդի նախարարական նիստին հրաւիրուած Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 9 մարտին Գահիրէի մէջ հանդիպում ունեցած է Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրիի հետ:
Ինչպէս «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութենէն, զրուցակիցները գոհունակութիւն յայտնած են Հայաստանի եւ Եգիպտոսի ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան վրայ հիմնուած յարաբերութիւններու, բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութեան կապակցութեամբ: Երկուստեք համոզմունք յայտնուած է, որ յունուարին Եգիպտոսի նախագահի պատմական այցելութիւնը Հայաստան նոր խթան պիտի հանդիսանայ երկկողմանի համագործակցութեան ընդլայնման համար:
Կը նշուի, որ Արարատ Միրզոյեան եւ Սամեհ Շուքրի միտքեր փոխանակած են առեւտրատնտեսական, տեղեկատուական արհեստագիտութեան, զբօսաշրջութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ երկու երկիրներու փոխադարձ գործակցութեան հեռանկարներուն շուրջ: Այս առումով կարեւոր նկատուած է հայ-եգիպտական միջկառավարական յանձնախումբի յաջորդ` 6-րդ նիստի կայացումը եւ գործարար կապերու աշխուժացման անհրաժեշտութիւնը:
Հանդիպումին անդրադարձ կատարուած է միջազգային ու շրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան հարցերու:
«Նախարար Միրզոյեան գործընկերոջ ներկայացուցած է Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման վերջին զարգացումները, շրջանին մէջ խաղաղութիւն ու կայունութիւն հաստատելուն ուղղուած հայկական կողմի ջանքերը եւ վերջին օրերուն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ազրպէյճանի կողմէ լարուածութեան սրումը: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը ընդգծած է, որ Ազրպէյճանը կը շարունակէ փակուած պահել Բերձորի միջանցքը` կոպտօրէն խախտելով 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւնները:
Անդրադառնալով արաբական աշխարհի երկիրներուն հետ Հայաստանի աւանդական բարեկամական յարաբերութիւններուն` նախարար Միրզոյեան անթոյլատրելի նկատած է Ազրպէյճանի կողմէ կրօնական գործօնի շահարկումներն ու անհիմն փորձերը, որոնք նպատակ կը հետապնդեն կրօնական երանգ հաղորդել բացառապէս քաղաքական ու մարդասիրական խնդիրներուն եւ մոլորեցնել միջազգային հանրութիւնը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Երկուստեք ընդգծուած է շրջանին նկատմամբ միջազգային հանրութեան ուշադրութեան պահպանման եւ շահագրգիռ դերակատարներու կառուցողական ներգրաւուածութեան կարեւորութիւնը:


