Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. Հալէպի Մէջ Գումարուեցաւ Հայ Դատի Միջին Արեւելքի Յանձնախումբերու Խորհրդաժողովը

April 17, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
16 եւ 17 Ապրիլ 2023-ին‚ Հալէպի «Արամ Մանուկեան» ժողովրդային տան մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի Միջին Արեւելքի յանձնախումբերու խորհրդաժողովը, որուն ընթացքին ներկայացուեցան տարբեր շրջաններու տարած աշխատանքներու մասին զեկոյցներ‚ Միջին Արեւելքի մէջ Հայ Դատի հետապնդման գծով մարտահրաւէրներն ու կարիքները, եւ լուծումներ առաջարկուեցան այդ բոլոր դիմագրաւելու միջոցներու մասին։
Ժողովին ներկայ էին Իրանի երկու շրջաններու, Լիբանանի, Սուրիոյ եւ արաբական շարք մը երկիրներու մէջ գործող Հայ Դատի յանձնախումբերու ներկայացուցիչները եւ Հայ Դատի Միջին Արեւելքի գրասենեակին (Պէյրութ) տնօրէնը՝ Վերա Եագուպեան։ ՀՅԴ Բիւրոյին կողմէ ներկայ էր ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ եւ Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Դաւիթ Իշանեանն ու ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակի պատասխանատու Կիրո Մանոյեանը։ Ժողովին մասնակցեցան նաեւ ՀՅԴ կառոյցի տարածաշրջանի մարմիններու եւ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի անդամներ եւ հրաւիրեալ պատասխանատու ընկերներ։
Երկօրեայ խորհրդաժողովը՝
Ա) Զեկոյցներ եւ լուսաբանութիւններ ստացաւ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն մէջ եւ շուրջ տեղի ունեցող, ինչպէս նաեւ Հայ դատի աշխատանքներուն առնչուող Միջին Արեւելքի մէջ աշխարհաքաղաքական զարգացումներուն մասին։
Բ) Զեկոյցներ եւ լուսաբանութիւններ ստացաւ Հայ Դատի Կեդրոնական եւ Միջին Արեւելքի գրասենեակներուն, ինչպէս նաեւ առանձին երկիրներու մէջ Հայ Դատի յանձնախումբերուն կողմէ անցած մէկ տարուան ընթացքին կատարուած աշխատանքներու մասին։
Գ) Զեկոյց ստացաւ «Հայ Դատի աշխատանքներուն առնչուող աշխարհաքաղաքական զարգացումները Միջին Արեւելքի մէջ» նիւթին մասին եւ ծաւալեց քննարկում։
Դ) Քննարկեց «Միջին Արեւելքի Հայ դատի աշխատանքներու քաղաքական առաջնա-հերթութիւններն ու գործունէութեան հիմնական ուղղութիւնները արտաքին եւ ներքին ճակատներու վրայ» ընդհանուր թեման եւ եզրակացութիւններ հանեց հետեւեալ հարցերու մասին.
– Ցեղասպանութեան ճանաչում, հատուցումներ, Հայաստան-Թուրքիա, հայ-թրքական յարաբերութիւններ, Թուրքիոյ հակահայ քաղաքականութիւն, եւայլն.
– Արցախի ինքնորոշման իրաւունք, Ադրբեջանի հակահայ քաղաքականութիւն, եւայլն։
Ե) Քննարկեց եւ առաջարկներ բանաձեւեց «Ընդհանուր մարտահրաւէրներ, մարդուժի հարցեր եւ գրասենեակներ-շրջաններ կապ» նիւթին շուրջ։
Սպառելով իր օրակարգի հարցերը, ժողովը փակուեցաւ հիւրընկալ շրջանին եւ Հայ Դատի Միջին Արեւելքի ու Կեդրոնական գրասենեակներու պատասխանատուներուն խօսքերով։

ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

17 Ապրիլ 2023
Նախորդը

Լիբանանի Խորհրդարանի Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին Եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Պատուիրակութիւնը Այցելեցին Բերիոյ Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդին

Յաջորդը

ՀՅԴ Հայ Դատի Միջին Արեւելքի Յանձնախումբերու Խորհրդաժողովի Մասնակիցները Ծաղիկներ Զետեղեցին Արցախի Հալէպահայ Նահատակներու Յոշակոթողին Դիմաց

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.