Արցախի Խորհրդարանի Երեք Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն Ազգային Ժողովի Նիստը
«Հաշուի առնելով ներքին խնդիրները, մեր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները, երեք քաղաքական ուժերով յաւելեալ քննարկումներ ունեցած ենք եւ որոշած, որ պիտի չմասնակցինք այսօրուան նիստին», այս մասին 23 փետրուարին կայացած Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի հերթական նիստի սկիզբը յայտարարեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան: Ան յիշեցուց, որ երէկ երեք ընդդիմադիր քաղաքական ուժերով Արցախի ներքաղաքական խնդիրներու...




















