Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը Եւ Իրեն Ընկերակցող Պատուիրակութիւնը Այցելեցին Սուրիոյ «Պաաս» Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան Ներկայացուցիչ Հիլալ Հիլալին

April 14, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ կէսօրուան ժամը 12:00-ին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանն ու իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը հասան Դամասկոս եւ հանդիպում ունեցան Սուրիոյ «Պաաս» կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Հիլալ Հիլալի հետ:

Հիլալ Հիլալ բարի գալուստի իր խօսքէն ետք «Պաաս» կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Պաշշար Ասատի ողջոյնները փոխանցեց պատուիրակութեան եւ անոր ճամբով հայութեան` դիտել տալով, որ սուրիահայութիւնը սուրիական ընկերութեան էական բաղադրիչներէն մէկն է: Հիլալ բարձր գնահատեց սուրիահայութեան ազգային, պատուաբեր դիրքորոշումները Սուրիոյ դէմ մղուած պատերազմի տարիներուն, ինչպէս նաեւ սուրիական խիզախ բանակին կողքին կանգնիլը:

Ապա Հիլալ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց հայութեան` երկրաշարժի աղէտին արաբ իր եղբայրներուն օգնութեան ձեռք երկարելու եւ անոնց վիշտը ամոքելու համար: Ան շեշտեց, որ երկու ժողովուրդները, կրած ըլլալով նոյն թշնամիին ոտնձգութիւններուն հետեւանքները, բարեկամական եւ փոխադարձ յարգանքի ամուր եւ պատմական կապեր ունին:

Իր խօսքի աւարտին Հիլալ ներկաներուն հետ զրուցեց շրջանային իրավիճակին եւ համաշխարհային տնտեսական տագնապին շուրջ` դիտել տալով, որ Սուրիան երկար տարիներ դիմադրեց պատերազմին ու ահաբեկչութեան, մնաց հաւատարիմ իր սկզբունքներուն, իսկ ներկայիս կը գտնուի շրջանային իր ձեռքբերումները յանուն ժողովուրդին լաւագոյն ձեւով շահարկելու մարտահրաւէրին դէմ յանդիման:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան իր կարգին յայտնեց, որ ճշմարտութեան համար պայքարողը կը յաղթէ, եթէ կը հաւատայ իր պայքարին: Տէր Խաչատուրեան իր ողջոյններն ու երախտագիտութիւնը յղեց «Պաաս» կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար տոքթ. Պաշշար Ասատին` դիտել տալով, որ Սուրիա միշտ նեցուկ կանգնած է հայութեան եւ պաշտօնապէս ճանչցած ու դատապարտած է Հայոց ցեղասպանութիւնը, բարձր գնահատելով երկու բարեկամ ժողովուրդներուն եւ կուսակցութիւններուն պատմական կապերը:

Տէր Խաչատուրեան շեշտեց, որ սուրիահայութիւնը կառչած կը մնայ սուրիական հայրենիքին ու ամէն ջանք ի գործ կը դնէ անոր վերականգնումին համար:

Իրենց հերթին, պատուիրակութեան անդամները «Պաաս» կուսակցութեան 76-ամեակին առիթով շնորհաւորեցին անոր ղեկավարութիւնը:

Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեան, ազգայիններ Արմէն Ուրֆալեան եւ Սուրէն Վարդանեան:

Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ «Պաաս» կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Եասեր Շուֆի:

Նախորդը

Արցախի Նախագահը Ուժայիններուն Հետ Քննարկած Է Անվտանգային Նոր Մարտահրաւէրները

Յաջորդը

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը Եւ Իրեն Ընկերակցող Պատուիրակութիւնը Այցելեցին Սուրիոյ Խորհրդարանի Նախագահին

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.