Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արձագանգելով Էրտողանի` «Ռուսիան 2025-ին Պէտք Է Ղարաբաղէն Հեռանայ» Յայտարարութեան` Զախարովա. «Անգարան Եռակողմ Յայտարարութիւններու Կողմ Չէ»

July 21, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա մամլոյ ասուլիսի ընթացքին արձագանգած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի յայտարարութեան, թէ ռուս խաղաղապահները 2025-ին պէտք է հեռանան Արցախէն եւ որ ատիկա նախատեսուած է Մոսկուա-Երեւան-Պաքու եռակողմ փաստաթուղթով:

«Յիշեցնեմ, որ Անգարան Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու` 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան կողմ չէ: Ճիշդ այս փաստաթուղթին հիման վրայ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ տեղակայուած է ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը: Ճիշդ այդ փաստաթուղթին մէջ յստակ ներկայացուած են զօրակազմի տեղակայման ժամկէտները, ինչպէս նաեւ հաւանական հնգամեայ ժամկէտով երկարաձգման շրջագիծերը: Յիշեցնեմ, որ Ռուսիոյ խաղաղապահները կը շարունակեն կարեւոր կայունացնող դեր ունենալ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Հիմնական գործառոյթը կրակոցի, զինուորական գործողութիւններու դադրեցման դրութեան պահպանումն է` հաշուի առնելով շրջանին մէջ պահպանուող լարուած կացութիւնը», ըսած է Զախարովա:

Ան աւելցուցած է, որ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատումը կը համապատասխանէ ոչ միայն Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի, այլ նաեւ Թուրքիոյ շահերուն:

Ան նաեւ յիշեցուցած է Արցախի բռնագրաւուած Ակնայի շրջանին մէջ ռուս-թրքական միացեալ դիտորդական կեդրոնի համակարգուած աշխատանքը:

Զախարովա ըսած է, որ Հայաստանի մէջ ՀԱՊԿ-ի առաքելութեան ծաւալումը զգալի աւանդ պիտի ներդրէր հայ-ազրպէյճանական սահմանի կացութեան կայունացման գործին մէջ: «Գնդակը հայկական կողմին դաշտն է», նշած է ան եւ յիշեցուցած, որ Լեռնային Ղարաբաղը չի մտներ ՀԱՊԿ-ի պատասխանատուութեան գօտիին մէջ:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ռուսական կողմը արդեօք ունի՞ Բերձորի միջանցքի շրջափակման հարցին մէջ, կոչերէն բացի, Ազրպէյճանի վրայ ազդելու կարելիութիւն, եւ արդեօք կարելի՞ է Արցախ մարդասիրական օգնութիւն հասցնել ուղղաթիռներով եւ օդանաւերով, որոնք ռուս խաղաղապահները ունին, ան ըսած է.«Մենք կ՛աշխատինք բոլոր կողմերուն հետ, ոչ միայն հրապարակային հարթութեան մէջ, ինչ կը վերաբերի մեթոտաբանութեան»:

«Ինչ կը վերաբերի մարդասիրական օգնութեան, ապա, ինչպէս կը հասկնաք, միջազգային կառոյցի առանձին երկիրներ այդ հարցի լուծման տարբեր տարբերակներ կ՛օգտագործեն», նշած է Զախարովա:

Խօսելով Մոսկուայի մէջ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումի կարելիութեան մասին` Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտնած է. «Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու Մոսկուայի մէջ եռակողմ հանդիպում կատարելու առիթները մեծ են»:

Ան խոստացած է հանդիպման ժամանակացոյցի մասին տեղեկութիւն տրամադրել կողմերուն հետ բոլոր հարցերը մշակելէ ետք:

 

 

Նախորդը

Պաքուն Պաշտօնապէս Երեւանէն Պահանջած Է Երասխի Գործարանի Շինարարութիւնը Դադրեցնել

Յաջորդը

Ակնարկ. Մոսկուայի Պատասխանը Էրտողանին. Չկայ Միակողմանի Հեռացում

RelatedPosts

Լիլիթ Գալստեան Պատրաստակամութիւն  Կը Յայտնէ Անձամբ Մեկնեու Պաքու`  Մարդասիրական Առաքելութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Լիլիթ Գալստեան Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Անձամբ Մեկնեու Պաքու` Մարդասիրական Առաքելութեամբ

October 5, 2026
Ըստ Դաւիթ Բաբայեանի` Երեք Հայ Գերիներու  Փաստաբանները Դիմած Են Ազրպէյճանի  Գերագոյն Դատարան
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ Դաւիթ Բաբայեանի` Երեք Հայ Գերիներու Փաստաբանները Դիմած Են Ազրպէյճանի Գերագոյն Դատարան

October 5, 2026
Ստեղծուած Է Ազգային  Ժողովի Քննիչ Յանձնախումբ`  Եկեղեցւոյ Վերաբերող Իրավիճակը  Ուսումնասիրելու
Հայկական

Ստեղծուած Է Ազգային Ժողովի Քննիչ Յանձնախումբ` Եկեղեցւոյ Վերաբերող Իրավիճակը Ուսումնասիրելու

October 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.