Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Մոսկուայի Պատասխանը Էրտողանին. Չկայ Միակողմանի Հեռացում

Յուլիս 21, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մոսկուայի արձագանգը կամ պատասխանը Էրտողանի յայտարարութեան, թէ` ռուս խաղաղապահները պէտք է հեռանան Արցախէն համաձայնուած ժամկէտի աւարտին, անմիջական չէր: Քանի մը օր պէտք էր սպասել, որպէսզի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը արձագանգէր:

Ըստ մամլոյ բանբերին, ուրեմն  Թուրքիան Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու եռակողմ համաձայնագիրին կողմ չէ:

Մոսկուայի ներկայացուցիչը պարզապէս պարզաբանած է եռակողմ յայտարարութեան համապատասխան կէտը` ընդգծելով խաղաղապահ զօրակազմի տեղակայման պայմանները, ժամկէտը, զայն երկարաձգելու կամ կասեցնելու համաձայնութիւնները: Ըսել կ՛ուզուի, որ պարզ է համաձայնութիւնը. հետեւաբար, Անգարայի կողմէ հիմա յատուկ կերպով այս մասին յայտարարութիւն կատարելը եւ աւելցնելը, որ կը յուսան, որ Մոսկուան կը յարգէ համաձայնութիւնը, այլ նպատակ կը հետապնդէ:

Այստեղ կարեւոր երանգ կայ: Էրտողանը խօսած է եռակողմ յայտարարութեան մէկ կէտին մասին: Զախարովան կը պատասխանէ, որ Անգարան ընդհանրապէս եռակողմ համաձայնութեան համաձայն չէ:

Հակասութեան շրջածիրը այսպիսով կ՛ընդլայնուի Մոսկուայի կողմէ, որուն ներկայացուցիչը Թուրքիոյ կը վերագրէ ընդհանրապէս եռակողմ համաձայնութիւնը եւ անոր երաշխաւորութիւնը Ռուսիոյ դաշնութեան կողմէ: Ասիկա պարզ է, որ միայն Անգարայի առաջադրանքը չէ: Ուղղակի եւ բացայայտ առաջադրանքն է հաւաքական Արեւմուտքին, որ յայտարարութիւններով խնդրոյ առարկայ կը դարձնէ ռուսական երաշխաւորութիւնը, միջնորդութիւնն ու խաղաղապահութիւնը եւ այդ ճամբով կ՛աշխատի տարածաշրջանէն դուրս մղել Ռուսիոյ դաշնութիւնը:

Ռուս դիւանագէտին կողմէ այս ձեւով կը կատարուի նոյնացում Անգարայի եւ հաւաքական Արեւմուտքի դիրքորոշումներուն: Հակասութիւններու խորացումը ունի անշուշտ իր նախադրեալները, որոնք կ՛անցնին Ֆինլանտայէն եւ Շուէտէն` «Ազով»-ի գումարտակի շարժումներուն արձանագրումով:

Մոսկուայի ներկայացուցիչը անշուշտ չի բաւարարուիր Թուրքիոյ անհամաձայն ըլլալու յիշեցումով: Կը վերահաստատէ, որ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը կը շարունակէ կարեւոր կայունացնող դեր ունենալ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, որուն հիմնական գործառոյթը հրադադարի եւ ռազմական գործողութիւններու դադրեցման վիճակի պահպանումն է: Հաշուի առնելով տարածաշրջանին մէջ շարունակուող լարուած իրավիճակը` անոր գործունէութիւնը աւելիով պահանջուած է: Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան պահպանումը կը բխի ինչպէս Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի, այնպէս ալ  տարածաշրջանի երկիրներու, այդ շարքին նաեւ` Թուրքիոյ շահերէն: Ամէնէն անուղղակի ուղերձը սակայն հետեւեալ բաժնին մէջ ամփոփուած է: «Լաւ համակարգուած փոխգործակցութիւնը թուրք գործընկերներու հետ Աղտամի տարածաշրջանային ռուս-թրքական համատեղ կեդրոնի շրջանակներուն մէջ է»:

Աղտամի կեդրոնը տարածաշրջանային համագործակցութեան տարողութիւն ունի, որովհետեւ ռուս-թուրք համաձայնութեամբ կայացած համատեղ խաղաղապահ գործունէութիւն է: Էրտողանի զգուշացումը ուրեմն այդ համակարգուած տարածաշրջանային գործակցութեան հարուած է: Աւելի՛ն: Այս ձեւով Մոսկուայի ներկայացուցիչը կ՛ըսէ, թէ բացառապէս միայն ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հեռացման խնդիր չի կրնար դրուիլ առանձին: Ռուսական զօրակազմի հեռացումը կ՛ենթադրէ նախ թրքական զօրախումբի հեռացում եւս, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային համագործակցութեան կեդրոնի չեղարկում:

Հիմա զգուշացումը Մոսկուան է, որ կ՛ուղղէ Անգարային: Չկայ ռուսական զօրակազմի հեռացում, այնքան ատեն որ լարուած իրավիճակ է. հեռացումի պարագային անիկա չի կրնար ըլլալ միակողմանի: Թրքական զօրախումբը եւս պէտք է ցտեսութիւն ըսէ Հարաւային Կովկասին, ուր մուտք գործած էր ռուսական համաձայնութեամբ:

«Ա.»

Նախորդը

Արձագանգելով Էրտողանի` «Ռուսիան 2025-ին Պէտք Է Ղարաբաղէն Հեռանայ» Յայտարարութեան` Զախարովա. «Անգարան Եռակողմ Յայտարարութիւններու Կողմ Չէ»

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Թրամփ. «Եթէ Իրանի Դէմ Զինուորական  Միջամտութեան Մը Կարիքը Զգացուի Պիտի Միջամտենք,  Եւ Իսրայէլ Անոր Պիտի Մասնակցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Խրիմին Վերատիրացում Եւ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութիւն Տեղի Պիտի Չունենայ»

Օգոստոս 19, 2025
Ռուսիա Դարձեալ Հարուածած Է Օտեսայի Մէջ  Ազրպէյճանական ՍՈՔԱՐ-ի Կառոյցները
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիա Դարձեալ Հարուածած Է Օտեսայի Մէջ Ազրպէյճանական ՍՈՔԱՐ-ի Կառոյցները

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?