Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը նախանցեալ օր նստացոյցի սկսաւ Ստեփանակերտի մէջ` միանալով Վերածնունդի հրապարակին մէջ սկսած շարժումին: Այս մասին յայտարարեց ինք` Յարութիւնեան` հանդէս գալով ուղերձով:
«Սա լրացուցիչ ճիգ է միջազգային ուշադրութիւն գրաւելու, յորդորելու միջազգային հանրութեան պարտադրել կատարել իր ստանձնած պարտաւորութիւնները` մղելու հայ ժողովուրդը եւ մեր բոլոր բարեկամները աշխուժ եւ անյապաղ գործողութիւններու», ըսաւ Արայիկ Յարութիւնեան:
Յարութիւնեան նշեց, որ եթէ մէկ շաբթուան ընթացքին «միջազգային միջամտութեամբ Արցախի ժողովուրդի վիճակը չվերադառնայ քիչ թէ շատ բնականոն հուն», ապա անկէ ետք պիտի դիմեն աւելի կարծր գործողութիւններու` առանց յստակացնելու, թէ ճիշդ ինչի մասին է խօսքը:
Արցախի նախագահը ընդգծեց. «Շրջափակման ընթացքին յոյս ունեցած ենք, որ միջազգային հանրութեան տարբեր դերակատարներ պիտի վերացնեն շրջափակումը, պիտի կանխեն ատոր հետագայ խորացումը, սակայն մենք լսած ենք միայն բարի խօսքեր, բայց ո՛չ եռակողմ յայտարարութեան, ո՛չ ՄԱԿ-ի միջազգային դատարանի հրամաններու, ո՛չ ՄԻԵԴ-ի որոշումներու, ո՛չ ալ այլ դերակատարներու կոչերու գործնական կատարում տեսանք»:
Ան նշեց, որ այս քայլով իրենք կ՛ակնկալեն, որ Հայաստանը, Ռուսիան, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը եւ այլ լիազօր մարմիններ` «զերծ կը մնան նախ եւ առաջ Ազրպէյճանի հետագայ յարձակողապաշտ եւ յանցաւոր գործողութիւնները խրախուսելէ, իսկ այնուհետեւ կը կատարեն իրենց պարտաւորութիւնները եռակողմ յայտարարութեան, ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի հրամաններու պատշաճ կատարման ուղղութեամբ»:
Արցախի նախագահը վստահութիւն յայտնեց, որ տարբեր երկիրներու մէջ նստացոյցներու եւ բողոքի շարժումներու միջոցով կարելի է շօշափելի արդիւնք ապահովել այս պայքարին մէջ: «Միջազգային հանրութիւնը պէտք է զգայ հայ ժողովուրդի վճռական կամքն ու սատարումը Արցախին, քանի որ Արցախի հայկական ու արժանապատիւ ապագայի բանալին նոյնինքն հայ ժողովուրդի ձեռքերուն մէջ է», նշեց Արցախի նախագահը:
«Նստացոյցին միանալը իմ սահմանադրական, քաղաքացիական ու ազգային պարտաւորութիւններուն ուղղուած ծայրայեղ քայլ է, այս իրավիճակին մէջ ես աւելի արդիւնաւէտ այլ տարբերակ չեմ գտած», ըսաւ Արայիկ Յարութիւնեան` նշելով, որ անիկա որեւէ ձեւով պիտի չազդէ պետական համակարգի գործունէութեան վրայ:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահը ըսաւ. «Մենք կը պայքարինք մեր սեփական հայրենիքին մէջ մեր արժանապատիւ կեանքի եւ ինքնորոշման անօտարելի իրաւունքի իրականացման, ճանաչման ու պաշտպանութեան համար, իսկ այդ իրաւունքը բնական է ու ենթակայ չէ սակարկման ու զիջման: Ազրպէյճանի մէջ տիրող հայ ժողովուրդի դէմ ցեղային ատելութեան ու խտրականութեան համակարգային քաղաքականութեան պայմաններուն մէջ Արցախի հայերը կանգնած են ֆիզիքական ոչնչացման իրական սպառնալիքի առջեւ», յայտարարեց Յարութիւնեան:


