Գլխաւոր լուրեր

Եգիպտացի Բեմադրիչ Իսամ Նաժիի  «Մոռցուած Հայրենիք» Վաւերագրական  Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն

Եգիպտացի Բեմադրիչ Իսամ Նաժիի «Մոռցուած Հայրենիք» Վաւերագրական Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն

Չորեքշաբթի, 10 մայիսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Ազդակ» օրաթերթի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ եգիպտացի բեմադրիչ Իսամ Նաժիի «Մոռցուած հայրենիք» վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութիւնը` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին: Ձեռնարկին բացումը ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին անունով կատարեց Ճօ Զուլիքեան, որ յիշեցուց բեմադրիչ Նաժիի «Միջազգային ընտանիքը Արցախի հարցին մէջ չի խորանար, ուստի իմ պարտաւորութիւնս է շարժանկարին ճամբով ճշմարտութիւնը ըսելու» եւ «Միջազգային...

Նախագահական Ընտրութեան Ընդառաջ.  Քաղաքական Մագոգային Ճիգերը  Թափ Կ՛առնեն Զանազան Ուղղութիւններով

Նախագահական Ընտրութեան Ընդառաջ. Քաղաքական Մագոգային Ճիգերը Թափ Կ՛առնեն Զանազան Ուղղութիւններով

Աւելի քան վեց ամիսներէ ի վեր նախագահական ընտրութեան ընդառաջ պատկան կողմերու միջեւ կայացած քուլիսային թէ բացայայտ ճիգերը ստեղծած էին «սպասման» վիճակ: Վերջերս ուշագրաւ աշխուժութիւն նկատուեցաւ մակընթացութեան նշեալ մթնոլորտին մէջ, երբ ներքին թէ արտաքին առնչակից կողմերու ներկայացուցիչներ ձեռնարկեցին մագոգային սերտ շփումներու: Քաղաքական, հոգեւորական, դիւանագիտական թէ կուսակցական անձնաւորութիւններու նախաձեռնած  այդ քայլերէն կարելի է յիշել, օրինակ` խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապի տեսակցութիւնները պատկան...

Արարատ Միրզոյեան. «Շրջանին Մէջ Խաղաղութեան  Ճամբուն Վրայ Կարեւոր Է Լեռնային Ղարաբաղի  Տագնապի Քաղաքական Լուծումը»

Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարները Մոսկուայի Մէջ Պիտի Հանդիպին 19 Մայիսին

Ռուսական կողմի հիւրընկալութեամբ, 19 մայիսին Մոսկուայի մէջ կը նախատեսուի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով հանդիպում, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը: Ըստ բանբեր Անի Բադալեանի, կը նախատեսուի նաեւ Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմ հանդիպում: Նախանցեալ օր Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Պարոյր Յովհաննիսեան ըսած էր, որ այս շաբաթավերջին Փաշինեան-Ալիեւ-Միշել պրիւքսելեան սպասուող հանդիպումէն...

Միջազգային Կարմիր Խաչի Ներկայացուցիչները Այցելած Են Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն

Ազրպէյճանը Թոյլ Չի Տար Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի Փոխադրակառքերուն Հիւանդները Տեղափոխել Արցախէն Հայաստան

Ազրպէյճանի իշխանութիւնները, Լաչինի միջանցքին անցակէտ տեղադրելու անօրինական գործողութենէն ետք, կ՛արգիլեն Կարմիր խաչի փոխադրակառքերուն տեղաշարժը եւ հիւանդներու տեղափոխումը միջանցքով: Ինչպէս կը հաղորդէ  «Արմէնփրես»-ը, իրավիճակի մասին ահազանգած է Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան: «Անցակէտ տեղադրելէ ետք Ազրպէյճանը ամէն կարելի ձեւով կը խափանէ Կարմիր խաչի գործունէութիւնը Արցախի մէջ: Արդէն 11 օր է` Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն չի կրնար առողջական ծայրայեղ վիճակի...

Պաքուի Մէջ Մեծ Աղմուկ.  Քըլըչտարօղլու Մետաքսի Ճամբան  Ներկայացուցած Է Առանց Ազրպէյճանի  Եւ «Զանգեզուրի Միջանցք»-ի

Պաքուի Մէջ Մեծ Աղմուկ. Քըլըչտարօղլու Մետաքսի Ճամբան Ներկայացուցած Է Առանց Ազրպէյճանի Եւ «Զանգեզուրի Միջանցք»-ի

Թուրքիոյ ընդդիմութեան նախագահի թեկնածու Քեմալ Քըլըչտարօղլուի ներկայացուցած Թուրքիա-Չինաստան ճամբու քարտէսը մեծ աղմուկ բարձրացուցած է Ազրպէյճանի մէջ եւ Թուրքիոյ ազգայնականներուն մօտ: Այս մասին կը հաղորդէ «Նիուզ.ամ» կայքը: Քըլըչտարօղլու ներկայացուցած է նախընտրական ծրագիրներէն մէկը, որ կ՛ենթադրէ Թուրքիոյ եւ Չինաստանի միջեւ արագ հաղորդակցութիւն, որուն ճամբան պիտի անցնի Իրանէն եւ Կեդրոնական Ասիոյ թրքալեզու հանրապետութիւններու մօտէն: Այս քարտէսը մեծ աղմուկ բարձրացուցած է Ազրպէյճանի մէջ, որովհետեւ...

Եգիպտացի Բեմադրիչ Իսամ Նաժիի  «Մոռցուած Հայրենիք» Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն

Եգիպտացի Բեմադրիչ Իսամ Նաժիի «Մոռցուած Հայրենիք» Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն

Երէկ` չորեքշաբթի, 10 մայիսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին, հոծ բազմութեան մը ներկայութեան, տեղի ունեցաւ եգիպտացի բեմադրիչ Իսամ Նաժիի «Մոռցուած հայրենիք» վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութիւնը: Ձեռնարկին բացումը Լիբանանի Հայ դատի մարմինին անունով կատարեց Ճօ Զուլիքեան, ապա խօսք առին Եգիպտոսի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Արմէն Մազլումեան եւ ժապաւէնի բեմադրիչ Իսամ Նաժի: Յաջորդեց ժապաւէնին ցուցադրութիւնը: Աւարտին եգիպտացի բեմադրիչը...

Կառավարութիւնը 22 Մայիսին  Պիտի Գումարէ Նիստ Մը

Կառավարութիւնը 22 Մայիսին Պիտի Գումարէ Նիստ Մը

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց կարգ մը նախարարներ, որոնց հետ քննարկեց երկրին եւ իւրաքանչիւր նախարարութեան հետ կապուած շարք մը հարցեր: Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան կապուած հարցերը, յատկապէս պատկերասփիւռի պետական կայանին վերաբերող: Միքաթիի այցելեց նաեւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ, որուն հետ քննարկեց Ժետտայի մէջ...

Ստեփանակերտի Մէջ Տեղի Ունեցաւ  «Ո՛չ Արցախի Ցեղային Զտման»  Շարժման Բազմամարդ Հանրահաւաքը

Ստեփանակերտի Մէջ Տեղի Ունեցաւ «Ո՛չ Արցախի Ցեղային Զտման» Շարժման Բազմամարդ Հանրահաւաքը

Երէկ` 9 մայիսին, «Ո՛չ Արցախի ցեղային զտման» շարժումին նախաձեռնութեամբ Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին մէջ տեղի ունեցաւ բազմամարդ  հանրահաւաք: «Արցախփրես»-ի թղթակիցին հաղորդումով` անիկա սկսած է Տէրունական աղօթքով եւ լռութեան վայրկեանով` ի յիշատակ Համաշխարհային Բ. պատերազմին եւ արցախեան պատերազմներուն ընթացքին նահատակուածներուն: Հանրահաւաքին ընթացքին «Ո՛չ Արցախի ցեղային զտման» շարժման նախաձեռնող խումբի անդամները վերահաստատած են իրենց պահանջները  ուղղուած Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու ղեկավարներուն ու  Հայաստանի...

Ուաշինկթըն. «Արլինկթընի Քննարկումներուն Մէջ  Բարդ Խնդիրներու Լուծման Գործին Մէջ Զգալի  Յառաջընթաց Արձանագրուած Է»

Ուաշինկթըն. «Արլինկթընի Քննարկումներուն Մէջ Բարդ Խնդիրներու Լուծման Գործին Մէջ Զգալի Յառաջընթաց Արձանագրուած Է»

Ուաշինկթընի կարծիքով` անցեալ շաբաթ Արլինկթընի մէջ տեղի ունեցած քառօրեայ քննարկումները կառուցողական էին, արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ կը կարծեն, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի պատուիրակութիւնները զգալի յառաջընթաց արձանագրուած են բարդ խնդիրներու լուծման գործին մէջ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերի տեղակալ Վետանթ Փաթել: «Երկու երկիրներն ալ, ինչպէս գիտէք, սկզբունքօրէն...

Երեւան Կը Պատասխանէ Չաւուշօղլուին.  «Նեմեսիս»-ի Արձանի Տեղադրումը  Հայաստանի Ներքին Հարցն Է

Երեւան Կը Պատասխանէ Չաւուշօղլուին. «Նեմեսիս»-ի Արձանի Տեղադրումը Հայաստանի Ներքին Հարցն Է

«Նեմեսիս» գործողութեան արձանը քանդելու մտադրութիւն Երեւանի իշխանութիւնը չունի, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնած են Երեւանի քաղաքապետարանէն: «Ազատութիւն»-ը հարցում ուղղած էր քաղաքային իշխանութեան, թէ արդեօք հայաստանեան օդանաւային ընկերութիւններու առջեւ օդային տարածքը փակելէ ու Թուրքիոյ մէջ բարձրացած աղմուկէն ետք Երեւանի իշխանութիւնը մտադրութիւն ունի՞ հեռացնելու «Նեմեսիս» գործողութեան նուիրուած արձանը, թէ օրակարգի վրայ նման հարց չկայ: «Արձանի տեղադրումը Հայաստանի ներքին հարցն է եւ ոեւէ մէկը...

Ֆատի Ալամէ Եւ Յ. Բագրատունի Հանդիպում Մը  Ունեցան Յորդանանի Դեսպանին Հետ

Ֆատի Ալամէ Եւ Յ. Բագրատունի Հանդիպում Մը Ունեցան Յորդանանի Դեսպանին Հետ

Արտաքին գործերու եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ֆատի Ալամէ եւ յանձնախումբի զեկուցաբեր, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ խորհրդարանին մէջ հանդիպում մը ունեցան Լիբանանի մէջ Յորդանանի դեսպան Ուալիտ Հատիտի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-յորդանանեան փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները` տարբեր մարզերու մէջ` նկատի ունենալով փոխադարձ կարիքներն ու...

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հասաւ Քուէյթ

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հասաւ Քուէյթ

«Սփիւռքի տարուան» ընթացքին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կողմէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերուն կատարուող հովուապետական այցելութիւններու շրջագիծին մէջ, երեքշաբթի, 9 մայիս 2023-ի առաւօտուն, վեհափառ հայրապետը հասաւ Քուէյթ եւ միջազգային օդակայանին մէջ պաշտօնապէս դիմաւորուեցաւ Քուէյթի եւ շրջակայից հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Պետրոս ծ. վրդ. Մանուէլեանի, Քուէյթի մէջ Լիբանանի դեսպան Ահմետ Արաֆայի, Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սարմէն Պաղտասարեանի, Ծոցի երկիրներու...

Ակնարկ.  Միջազգային Գործիքակազմի Ներդրումի Բուն Շարժառիթը

Ակնարկ. Միջազգային Գործիքակազմի Ներդրումի Բուն Շարժառիթը

Արլինկթընեան բանակցութիւններուն մասին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւններու պաշտօնական լրահոսներուն բովանդակութեան մէջ չկայ էական տարբերութիւն: Հիմնական բաժինը այն է, որ խաղաղութեան ծրագիրի կէտերէն ոմանց շուրջ գոյացած է համաձայնութիւն, իսկ որոշ կէտերու շուրջ` ոչ: Սակայն մինչեւ արլինկթընեան բանակցութիւններ բազմաթիւ նիւթեր կային Մոսկուայի մէջ ըլլալիք հանդիպման նախապատրաստութիւններուն մասին: Ուաշինկթընի միջամտութիւնը յանկարծակի էր եւ  Մոսկուայէն առաջ անցնելու յստակ քայլ: Կեդրոնանանք Ուաշինկթընի...

Շոյկուն` Յարութիւնեանին.  «Մոսկուան Պիտի Գործադրէ Հայ-Ազրպէյճանական  Սահմանին Իրադրութեան Խաղաղ  Հանգուցալուծման Բոլոր Ջանքերը»

Հայաստանի Սահմանը Հատած Ազրպէյճանցի Զինուորներէն Մէկը Դատապարտուած Է 11 Տարի 6 Ամիս Ազատազրկման

Սիւնիքի մարզի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը Հայաստանի սահմանը հատած երկու ազրպէյճանցի զինուորներէն մէկը` Ակշին Պապիրովը դատապարտած է 11 տարի 6 ամիս ազատազրկման: Այս մասին «Արմէնփրես»-ին յայտնեցին Ընդհանուր դատախազութեան հանրային կապերու բաժանմունքէն: «Դատարանի 4 մայիս 2023 թուականի դատավճիռով` Պապիրովի նկատմամբ վերջնական պատիժ սահմանուած է ազատազրկում` 11 տարի 6 ամիս 15 օր ժամկէտով», յայտնեցին Ընդհանուր դատախազութեան հանրային կապերու բաժանմունքէն: Ազրպէյճանցի զինուորը մեղաւոր ճանչցուած...

Յ. Բագրատունի Ընդունեց Պու Սաապը

Յ. Բագրատունի Ընդունեց Պու Սաապը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապը: Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան: Հանդիպումին ընթացքին Պու Սաապ ներկայացուց նախագահական ընտրութեան առումով քաղաքական ղեկավարներուն եւ հոգեւոր պետերուն իր կատարած այցելութիւններու արդիւնքները, ինչպէս նաեւ անոնց մօտ տիրող մթնոլորտը: Ներկաները համաձայն էին, որ խորհրդակցութիւնները...

Քայլարշաւ` Լիբանանի  Նահատակաց Օրուան Առիթով

Քայլարշաւ` Լիբանանի Նահատակաց Օրուան Առիթով

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Զաւարեան» ուսանողական միութեան եւ Լիբանանի երիտասարդական միութեան, մասնակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի սկաուտական շարքերուն եւ Լիբանանի պատանեկան միութիւններուն, ինչպէս նաեւ ներկայութեամբ հայկական եւ տեղական կուսակցութիւններու երիտասարդական եւ ուսանողական միաւորներու եւ հայկական այլ ուսանողական միութիւններու եւ համախմբումներու ներկայացուցիչներու, շաբաթ, 6 մայիս 2023-ին, յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, «Շաղզոյեան» կեդրոնէն սկիզբ առաւ քայլարշաւ մը դէպի Պէյրութի Նահատակաց հրապարակ: Մանրամասնութիւնները կու տանք հետագային:

Եգիպտացի Բեմադրիչ  Իսամ Նաժի Այցելեց «Ազդակ»

Եգիպտացի Բեմադրիչ Իսամ Նաժի Այցելեց «Ազդակ»

Եգիպտացի բեմադրիչ Իսամ Նաժի երէկ ընկերակցութեամբ Եգիպտոսի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Արմէն Մազլումեանի այցելեց «Ազդակ», ուր հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինի ատենապետ Վահրամ Էմմիեանի հետ: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ մօտէն ծանօթանալու Իսամ Նաժիի աշխատանքին, ինչպէս նաեւ ծանօթացնելու Լիբանանի Հայ դատի մարմինի եւ «Ազդակ» օրաթերթի աշխատանքը: Նշենք, որ չորեքշաբթի օր, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ պիտի...

խմբագրական.  նոր ճանապարհային քարտէսի գաղտնաբառը

խմբագրական. նոր ճանապարհային քարտէսի գաղտնաբառը

Արցախեան վերջին պատերազմէն ետք մայիսեան եռատօնի նշումը ա՛յլ նշանակութիւն ստացած է: Տօնական մթնոլորտը չքացած է հասկնալիօրէն: Որքան ալ եռատօնը կապուած ըլլար հայրենական պատերազմի յաղթանակին կամ պաշտպանութեան բանակի նուիրուած օրուան, այնուամենայնիւ ամէնէն շատ անիկա կը յատկանշուէր Շուշիի ազատագրումով: Հիմա 8 մայիսին վրայ պարտութեան, կորուստի ստուերը կայ ճնշիչօրէն, ինչ որ հիմնովին կ՛այլափոխէ եռատօնով խորհրդանշուող յաղթանակներու խորհուրդը: 8 մայիսը սակայն վերականգնումի համազգային յանձնառութեան...

Պնաշյիի Մէջ.   «Ֆրենժիէ Բոլորին Հետ Գործակցելու, Խօսելու  Եւ Ըմբռնումի Յանգելու Պատրաստ Է»  Շեշտեց Պու Սաապ

Պնաշյիի Մէջ. «Ֆրենժիէ Բոլորին Հետ Գործակցելու, Խօսելու Եւ Ըմբռնումի Յանգելու Պատրաստ Է» Շեշտեց Պու Սաապ

Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ երէկ այցելեց Պնաշյի, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի հետ: Հանդիպումէն ետք Պու Սաապ յայտնեց, որ այդ այցելութիւնը անհրաժեշտ էր` նկատի ունենալով քաղաքական հեղինակութիւններուն կատարած իր բոլոր այցելութիւնները, որոնք կը միտէին նախագահական ընտրութեան հարցով հասարակ յայտարարներու յանգիլ` փորձելով լուծում մը գտնել նախագահական դատարկութեան փուլին եւ լիբանանցիներուն դիմագրաւած հարցերուն: «Հանդիպումին ընթացքին յստակ դարձաւ,...

Քանատայի Նորանշանակ Դեսպանը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

Քանատայի Նորանշանակ Դեսպանը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

Ուրբաթ, 5 Մայիս 2023-ին, ՆՍՕՏՏ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Քանատայի նորանշանակ դեսպան Սթէֆընի Մըքքալըմին։ Հանդիպման ներկայ էին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետ Գրիգոր Մահսէրէճեան եւ դեսպանին քաղաքական հարցերու խորհրդականը։ Նկատի ունենալով, որ դեսպանին առաջին այցելութիւնն էր Մայրավանք՝ Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կառոյցները ու առաքելութիւնը։ Ապա, Հայրապետը կեդրոնացաւ Լիբանանի ու Քանատայի հայ...

Page 237 of 796 1 … 236 237 238 … 796

Արխիւներ