Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Պրիւքսելի Կատարած Աղտամի Նշումին Կապուած Հանգամանքները

Յուլիս 18, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պրիւքսելեան եռակողմ հանդիպումէն բխած Շարլ Միշելի կատարած յայտարարութիւնները, ինչպէս կ՛ակնկալուէր բեկումնային կամ շրջադարձային նորութիւն չեն բերեր: Հանդիպումը կը ծառայէ բանակցային գործընթացի ղեկը Եւրոպական Միութեան ձեռքերուն մէջ պահելու ծրագիրի գործնականացման: Փաստօրէն կը նշուի, որ կայ համաձայնութիւն  աշնան երկու տարբեր հանդիպումներ կազմակերպելու: Միշելը վերահաստատած է իր մտադրութիւնը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարները հրաւիրելու այս ամառուընէ ետք Պրիւքսելի մէջ կայանալիք յաւելեալ մէկ հանդիպումին, ինչպէս նաեւ հերթական հնգակողմ հանդիպումին, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ ղեկավարներուն մասնակցութեամբ Քանատայի մէջ, Եւրոպական Քաղաքական համայնքի յաջորդ վեհաժողովի ծիրին մէջ: Հանդիպումներու եւրոպական ձեւաչափը պահպանելու առաջադրանքն է առաջնայինը, քան ըստ էութեան հանգուցալուծումը:

Պաշտօնական Երեւանի հաղորդագրութիւնը այս  առիթով համեմատաբար ընդգծուած ձեւով ամփոփ է: Քննարկուած են Ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի ապօրինի փակման պատճառով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած խորացող մարդասիրական ճգնաժամին, երկու երկիրներուն միջեւ սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան ապահովման աշխատանքներուն, շրջանային փոխադրամիջոցային եւ տնտեսական ենթակառոյցներու ապաշրջափակման, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման համաձայնագիրին, Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հասցէագրման, ինչպէս նաեւ գերիներու, անհետ կորսուածներու եւ այլ մարդասիրական խնդիրներուն վերաբերող հարցեր:

Ազրպէյճանական պաշտօնական լրահոսը յատուկ հաղորդագրութեան փոխարէն ամփոփ լրատուութիւններ շրջանառութեան մէջ դրած է: Ուշագրաւը այս պարագային ազրպէյճանական Քալիպըր.ազ կայքի հրապարակումներն են, որոնց տեղ տուած է Պաքուի պաշտօնական լրահոսը: Իբրեւ թէ որոշ փակագիծեր բանալով` Պաքուն կը խօսի Պրիւքսելի մէջ արծարծուած առանցքային հարցերու մասին: «Միջանցք»-ի կամ «Արեւմտեան Ազրպէյճան»-ի կամ «ազրպէյճանցի գաղթականներու» եւ «տարածաշրջանի բնիկ»-ներու մասին դասական յանկերգներէն զատ ուշագրաւ է ազրպէյճանական կայքի կատարած հրապարակումին հետեւեալ կէտը. «Ղարաբաղի մէջ ազգութեամբ հայ բնակչութեամբ խիտ բնակեցուած շրջաններ մարդասիրական փոխադրումներու երթուղիի` Լաչինի ճանապարհի փոխարինումը Պարտա-Աղտամ ճանապարհով»:

Ահա այստեղ է Պրիւքսելի բերած նոր արծարծումը, կամ Միշելի յայտարարութեան ամէնէն խնդրայարոյց բաժինը: 4-րդ կէտը կը կրէ «Մարդասիրական խնդիրներ» խորագիրը, ուր Միշել կ՛արձանագրէ. «Ես ընդգծած եմ Լաչինի ճամբու բացման անհրաժեշտութիւնը: Ես նաեւ նշած եմ Աղտամի միջոցով մարդասիրական մատակարարումներ կատարելու Ազրպէյճանի պատրաստակամութիւնը: Ես երկու տարբերակներն ալ կարեւոր կը նկատեմ եւ կը խրախուսեմ մարդասիրական առաքումներ կատարել երկու կողմերէն` բնակչութեան կարիքները ապահովելու համար: Ես ողջունած եմ նաեւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին կողմէ բժշկական տարհանումներու վերսկսումը»:

Արցախի ապաշրջափակումը զուտ մարդասիրական աղէտի յաղթահարման ուղղութեամբ պահանջելու մօտեցումները իրենց մէջ վտանգ կը ներառեն: Պաքուի մարտավարութիւնը` Բերձորի միջանցքը Աղտամի ճանապարհով փոխարինելու, լրիւ կը տեղաւորուի Ազրպէյճանի հետ Արցախի համարկումի օրակարգին շրջածիրին մէջ:

Միշելը փաստօրէն հաւասար զուգահեռ գիծերու վրայ տեղադրած է Բերձորն ու Աղտամը, մէկ կողմէ հայկական եւ միջազգային պահանջ-որոշումը իրականացնելու, միւս կողմէ Ազրպէյճանի համարկումի օրակարգին սատարելու ուղղութիւններով: Այլ խօսքով` միջնորդութիւն խաղալու:

Արցախի ժողովուրդին Արցախէն ելքի եւ վերադարձի ազատ տեղաշարժը, ըստ համաձայնութեան, կ՛ապահովէր ռուսական կողմը: Հիմա Պաքուն արգելափակած է այդ ելքը եւ կը խօսի նոր ելքի մասին: Պրիւքսելը նշումի կարգով կ՛արծարծէ այդ կարելիութիւնը եւս:

Ռուսական գործառոյթներու փոխարինման այս գործողութիւններուն առընթեր է, որ կ՛արձանագրուին Մոսկուա-Անգարա եւ Մոսկուա-Պաքու սուր յայտարարութիւններ: Էրտողան կը յիշեցնէ ռուս խաղաղապահութեան ժամկէտի աւարտը եւ կը յուսայ, որ Մոսկուան կը յարգէ համաձայնութիւնը եւ կը հեռանայ Արցախէն, իսկ Պաքուն կը մերժէ Մոսկուայի յայտարարութիւնը` պաշտօնական Երեւանի ճամբով Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը ճանչնալու առումով:

Այս հանգամանքներուն նկատառումով կ՛ընկալուին Պրիւքսելի յայտարարութեան խնդրայարոյց բաժինները եւ անոնց հիման վրայ կը նախանշուին Եւրոպական Միութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունենալիք հետագայ հանդիպումներէն բխելիք յայտարարութիւնները:

«Ա.»

Նախորդը

Ռուսիան Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Մօտիկ Ապագային Մոսկուայի Մէջ Արտաքին Գործոց Նախարարներու Եռակողմ Հանդիպում Կազմակերպելու

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ ( 18 Յուլիս 2023)

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?