Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով. «Արեւմուտքը Անկեղծ Ցանկութիւն  Չունի Օգնելու Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ  Խաղաղութեան Հաստատման Գործընթացին»

Լաւրով. «Արեւմուտքը Անկեղծ Ցանկութիւն Չունի Օգնելու Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Խաղաղութեան Հաստատման Գործընթացին»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով համոզում յայտնեց, որ Արեւմուտքը անկեղծ ցանկութիւն չունի` օգնելու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղ կարգաւորման: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստէն ետք: «Ցաւօք, այն բանին մէջ, ինչ որ հիմա կ՛ընեն Միացեալ Նահանգները, եւ ինչ որ կ՛ընէ Եւրոպական Միութիւնը, մենք աւելի շատ կը...

Երասխի Մետաղաձուլական Գործարանին Մէջ  Բարձրացուեցան Հայաստանի  Եւ Միացեալ Նահանգներու Դրօշները

Երասխի Մետաղաձուլական Գործարանին Մէջ Բարձրացուեցան Հայաստանի Եւ Միացեալ Նահանգներու Դրօշները

Երասխի մետաղաձուլական գործարանին մէջ բարձրացուեցան Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու դրօշները: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Գործարանի ներկայացուցիչ Տիրան Յակոբեան, լրագրողներու հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ դրօշներու բարձրացումը զուտ հոգեբանական ազդեցութիւն կրնայ ունենալ ազրպէյճանցիներու վրայ, հայկական կողմը չ՛ակնկալեր, որ այս քայլը յատուկ զինուորական պաշտպանութիւն պիտի տայ: Գործարանի աշխատանքները սկսած են շուրջ 3 ամիս առաջ, եւ կը նախատեսուի, որ աւարտին...

Պայրամով. «Հայաստանի Հետ Կարգաւորման  Հեռանկարներ Բացուած Են»

Պայրամով. «Հայաստանի Հետ Կարգաւորման Հեռանկարներ Բացուած Են»

Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հեռանկարներ կ՛ուրուագծուին` «իրարու գերիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմաններու անքակտելիութեան սկզբունքներուն հիման վրայ»: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Լոնտոնի մէջ «Կասպեան կապ» խորհրդաժողովի ընթացքին երէկ յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով: Անոր համաձայն, լուրջ հեռանկարներ կան նաեւ շրջանին մէջ հաղորդակցութեան ուղիներու վերագործարկման տեսանկիւնէն, սակայն, Հայաստանը «դժուարութիւն կը յարուցէ այդ հարցին մէջ»:  

Լուքաշենքօ. «ՀԱՊԿ-էն Հայաստանի  Դժգոհութիւնները Հիմնաւոր Են»

Լուքաշենքօ. «ՀԱՊԿ-էն Հայաստանի Դժգոհութիւնները Հիմնաւոր Են»

Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ երէկ ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հետ հանդիպումի ընթացքին կոչ ուղղած է չխուսափելու խնդիրներէ, այլ զանոնք լուծելու, որքան ալ դժուար ըլլան անոնք: «ՊելԹԱ» կը գրէ, որ ան նշած է, թէ կազմակերպութեան համար այժմ շատ դժուար ժամանակահատուած է, որ կը պահանջէ ուժերու, փորձառութեան եւ ներուժի առաւելագոյն զօրակոչ` խաղաղութիւնը պահպանելու համար: Գնահատելով ՀԱՊԿ-ի գործունէութիւնը` Լուքաշենքօ նշած է,...

Եւրոպական Միութեան Մէկ Պատուիրակութիւնը  Այցելեց Պըրրիի Եւ Միքաթիի

Եւրոպական Միութեան Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Պըրրիի Եւ Միքաթիի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Եւրոպական Միութեան Արեւելեան երկիրներու հետ յարաբերութիւններու յանձնախումբը` նախագահութեամբ բարձրագոյն յանձնակատար Իզապել Սանթոսի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական ընտրութիւնն ու Լիբանանի եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին միջեւ բանակցութիւնները, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներուն գոյութիւնը Լիբանանի մէջ եւ երկրին վրայ այդ տագնապին ունեցած հետեւանքները: Այս առիթով Պըրրի անդրադարձաւ Լիբանանի եւ Եւրոպայի միջեւ պատմական...

Ազրպէյճան Տարբեր Տրամաչափի Հրաձգային  Զէնքերէ Կրակ Բացած Է Երասխի Մէջ Կառուցուող  Մետաղագործական Գործարանի Ուղղութեամբ

Ազրպէյճան Տարբեր Տրամաչափի Հրաձգային Զէնքերէ Կրակ Բացած Է Երասխի Մէջ Կառուցուող Մետաղագործական Գործարանի Ուղղութեամբ

Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները 19 յունիսի ժամը 13:25-ին տարբեր տրամաչափի հրաձգային զէնքերէ կրակ բացած են Երասխի մէջ օտարերկրեայ ներդրումներու միջոցով կառուցուող մետաղագործական գործարանի ուղղութեամբ: «Արմէնփրես»-ը այս մասին կը տեղեկանայ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութենէն: Յիշեցնենք, որ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերը 12 յունիսին եւս կրակ բացած էին գործարանին ուղղութեամբ,  այդ պատճառով ալ վիրաւորուած էին գործարանի շինարարութեան մէջ աշխատող Հնդկաստանի 2 քաղաքացիներ:...

Կապանի Մէջ Ռուսական Հիւպատոսարան  Բանալու Հարցը Քննարկումի Առարկայ

Կապանի Մէջ Ռուսական Հիւպատոսարան Բանալու Հարցը Քննարկումի Առարկայ

Կը քննարկուի Կապանի մէջ ռուսական հիւպատոսարան բանալու հարցը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեան: Թէ ի՛նչ ցանկութիւններով եւ նպատակներով Ռուսիան որոշած է Կապանի մէջ հիւպատոսարան բանալ, արտաքին գործոց փոխնախարարը ճիշդ նկատած է, որ հարցը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ռուսիոյ դեսպանատունը պարզաբանէ: «Մենք կ՛ողջունենք մեր...

Մաքրոնի Որոշումով` Միսաք Մանուշեանի  Աճիւնը Պիտի Ամփոփուի  Ֆրանսայի Պանթէոնին Մէջ

Մաքրոնի Որոշումով` Միսաք Մանուշեանի Աճիւնը Պիտի Ամփոփուի Ֆրանսայի Պանթէոնին Մէջ

18 յունիսին` Ֆրանսայի ազատագրման վերաբերեալ Շարլ տը Կոլի կոչի օրը, Էլիզէի պալատը պաշտօնապէս յայտարարած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի պատմական որոշումը` Ֆրանսական դիմադրութեան հերոս, Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած Միսաք Մանուշեանի աճիւնը Ֆրանսայի Պանթէոն տեղափոխելու վերաբերեալ: Այս մասին յայտնած է Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը: «Էլիզէի պալատի հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ նախագահ Էմանուել Մաքրոն բարձր գնահատած է «Միսաք Մանուշեանի բացառիկ սխրանքը,...

«Հայաստան» Եւ «Պատիւ Ունեմ»  Խմբակցութիւններու Յայտարարութիւնը

«Հայաստան» Եւ «Պատիւ Ունեմ» Խմբակցութիւններու Յայտարարութիւն

2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմի հանգամանքներն ուսումնասիրող Ազգային ժողովի քննիչ յանձնաժողովի յունիսի 20-ի նիստում Նիկոլ Փաշինեանի` նախապէս ազդարարուած մասնակցութեան եւ հրապարակային ցուցմունք տալու նախաձեռնութեան առիթով, վերաշարադրելով ընդդիմութեան նախկինում հրապարակած դիրքորոշման փաստարկները, վերահաստատում ենք. 1.- Քննիչ յանձնաժողովի ձեւաւորումն ինքնին իշխանական մեծամասնութեան կողմից չի կարող ապահովել անաչառութիւն, համապարփակութիւն, քանի որ իշխող ուժի` ճնշող մեծամասնութիւն ունեցող յանձնաժողովն ի զօրու չէ առարկայական քննել սեփական իշխանութեան,...

Խորհրդարանը Վաւերացուց Այն Հաշիւները,  Որոնց Շնորհիւ Պետական Մարզի Պաշտօնեաներուն  Ամսական Աշխատավարձը Պիտի Տրամադրուի

Խորհրդարանը Վաւերացուց Այն Հաշիւները, Որոնց Շնորհիւ Պետական Մարզի Պաշտօնեաներուն Ամսական Աշխատավարձը Պիտի Տրամադրուի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին նախագահեց խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին, որուն ընթացքին վաւերացուեցան այն հաշիւները, որոնց շնորհիւ պետական մարզի պաշտօնեաներուն, հանգստեան կոչուածներուն եւ Լիբանանեան համալսարանի դասախօսներուն ամսական աշխատավարձը պիտի տրամադրուի: Նիստին ընթացքին Պըրրի յայտնեց, որ ոմանք սահմանադրութիւնը կը բացատրեն այնպէս, որ կառավարութիւնը նիստ չգումարէ եւ խորհրդարանը օրէնսդրական աշխատանք չկատարէ: «Եթէ անոնց փափաքին ընդառաջենք, չենք աշխատիր», ըսաւ ան:...

Ողջոյն Մայիսի 28-ին` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 104-ամեակին

Խմբագրական. Անկախութեան Հռչակագիրն ու Յօդուած 13-ը

Հայաստանի զինանշանը Հայաստանի խորհրդարանի նիստին, խնդրոյ առարկայ դարձաւ հանրապետութեան Զինանշանի խորհուրդը: Հին արժէքները հակադրուեցան նոր արժէքներուն, պատմական Հայաստանը` իրական Հայաստանին, զինանշանի խորհուրդն ու նկարագրութիւնը մեկնաբանուեցան իւրովի եւ սուր ենթակայականութեամբ, շեշտելու համար, որ մեր Զինանշանի խորհուրդը այսօրուան իրականութեան հետ կապ չունի: Այն ձեւակերպումով, որ 1991-ին հիմնադրուած պետութեան հետ ի՞նչ կապ ունի Զինանշանը: Սահմանադրութեան Զինանշանին վերապահած բաժինը կարեւոր է վերստին կարդալ: Յօդուած...

Բանակի Հրամանատարութիւնը Կը Վերահաստատէ  Իր Դիրքորոշումը` Յորդորելով  «Դադրեցնել Անհիմն Մեղադրանքները»

Ազրպէյճանի Զինեալ Ուժերը Կրակ Բացած Են Սահմանագօտիի Արեւելեան Եւ Հարաւարեւելեան Ուղղութեամբ Տեղակայուած Հայկական Դիրքերուն Ուղղութեամբ

Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները 18 յունիսի ժամը 3:20-4:10 տարբեր տրամաչափի հրաձգային զէնքերէ կրակ բացած են սահմանագօտիի արեւելեան (Վերին Շորժա, Սոթք) եւ հարաւարեւելեան (Ներքին Հանդ) ուղղութեամբ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ: Ինչպէս «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցին Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութենէն, հայկական կողմը տուժածներ չունի: Միւս կողմէ, Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը շաբաթ օր երկրորդ անգամ ըլլալով ապատեղեկատուութիւն տարածած է: «Արմէնփրես»-ը այս մասին կը տեղեկանայ Հայաստանի Հանրապետութեան...

Ֆրանսան Զսպուածութեան Եւ Քաղաքային  Բնակչութեան Պաշտպանութեան Կոչ Կ՛ուղղէ

Ֆրանսան Զսպուածութեան Եւ Քաղաքային Բնակչութեան Պաշտպանութեան Կոչ Կ՛ուղղէ

Փարիզ ափսոսանք կը յայտնէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանի քանի մը կէտերուն վրայ վերջին օրերուն տեղի ունեցած զինեալ միջադէպերու, ներառեալ Հայաստանի տարածքին մէջ գտնուող Երասխի մէջ քաղաքային աշխատակազմի վրայ կրակոցներու առնչութեամբ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին նշած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ: Ֆրանսան զսպուածութեան, լարուածութեան թուլացման եւ խաղաղ բնակչութեան պաշտպանութեան կոչ կ՛ուղղէ, «նաեւ կը վերահաստատէ իր...

Լիբանանի Քաղաքական Տագնապը Լուծելու  Մանրամասնութիւնները  Կը Գտնուին Լը Տըրիանի Մօտ

Լիբանանի Քաղաքական Տագնապը Լուծելու Մանրամասնութիւնները Կը Գտնուին Լը Տըրիանի Մօտ

Նախագահական ընտրութիւն կատարելու իմաստով Լիբանանի խորհրդարանին կողմէ արձանագրուած վերջին ձախողութենէն ետք երկրին մէջ արդէն իսկ ինքզինք պարտադրող անորոշութիւնը աւելի եւս ամրապնդուած է եւ քաղաքական տագնապը աւելի եւս խորացած` իրեն հետ բարդացնելով երկրին բոլոր մարզերուն եւ հաստատութիւններուն իրավիճակը: Լիբանանցի քաղաքական պատասխանատուներուն յայտնուած անել կացութեան դիմաց շրջանային եւ միջազգային միջամտութիւնները բնականաբար յաւելեալ աշխուժութիւն կ՛ապրին եւ բարեկամութեան պիտակին տակ կու գան օժանդակելու Լիբանանին...

Ռուսիոյ Դեսպանին Ներկայացուած Է  Հայաստանի Խիստ Դժգոհութիւնը Հակարի Կամուրջին Մօտ  Տեղի Ունեցած Միջադէպին Կապակցութեամբ

Ռուսիոյ Դեսպանին Ներկայացուած Է Հայաստանի Խիստ Դժգոհութիւնը Հակարի Կամուրջին Մօտ Տեղի Ունեցած Միջադէպին Կապակցութեամբ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ 16 յունիսին կայացած հանդիպումին ժամանակ Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինին ներկայացուած է Հայաստանի խիստ դժգոհութիւնը Հակարի կամուրջին մօտ ռուս խաղաղապահներու ներգրաւուածութեամբ միջադէպին կապակցութեամբ: «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին այս մասին ըսաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Անի Բադալեան, պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ նպատակով Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինը այցելած էր արտաքին գործոց...

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն.  «Ստեփանակերտի Համար Բացարձակապէս  Անընդունելի Է Ստեփանակերտի Եւ Պաքուի  Միջեւ Երկխօսութեան Տեսլականը»

Ստեփանակերտը Անհրաժեշտ Կը Նկատէ Միջազգայնօրէն Ճանչցուած Բանակցային Ձեւաչափի Վերականգնումը

Արցախի շարունակուող խիստ շրջափակման, ուժի կիրարկման եւ ցեղային զտման ահագնացող սպառնալիքներու պայմաններուն մէջ, երբ Արցախի 120 հազար բնակչութիւնը, ըստ էութեան, կը գտնուի պատանդի կարգավիճակին մէջ, ազրպէյճանա-ղարաբաղեան տագնապի քաղաքական լուծման ուղիներուն շուրջ իրական երկխօսութեան սկսիլը անիրատեսական է: Այս մասին յայտարարեց Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ստեփանակերտի եւ Պաքուի միջեւ երկխօսութիւն հաստատելու փորձերու մասին վերջերս ռուսական շարք մը լրատուամիջոցներու մէջ անանուն դիւանագիտական աղբիւրներուն...

Պըրրի. «Մենք Հսկայ Տագնապէ Մը Փրկուած Ենք».  Պու Սաապ. «Առաջարկեցի Կանխահաս  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ Կատարել»

Պըրրի. «Մենք Հսկայ Տագնապէ Մը Փրկուած Ենք». Պու Սաապ. «Առաջարկեցի Կանխահաս Խորհրդարանական Ընտրութիւններ Կատարել»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ նախագահական ընտրութեան չորեքշաբթի օրուան նիստին` աւելցնելով, որ յաջորդ նախագահական ընտրութեան նիստը հրաւիրելու իմաստով պիտի չաճապարէ` սպասելով ներկայիս ընթացող շրջանային եւ միջազգային շարժումներուն: Պըրրի հաստատեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի ստացած քուէներուն թիւը յստակ պատգամ մը կը նկատուի: «Ֆրենժիէի ստացած քուէներուն թիւը անակնկալի մատնած է հակառակորդ կողմը, որ արդէն իսկ անակնկալի մատնուած...

Ակնարկ.  Միջնորդական Հակամարտութիւնը Եւ Միջազգային Երաշխիքները

Ակնարկ. Միջնորդական Հակամարտութիւնը Եւ Միջազգային Երաշխիքները

Ռուսական լրատուամիջոցները սուր կերպով ընդգծեցին ամերիկեան միջամտութեան իրողութիւնը: Ըստ անոնց, Մոսկուան մտահոգ է, որ Միացեալ Նահանգները կը փորձեն  միջնորդական ծառայութիւններ պարտադրել Պաքուի եւ Ստեփանակերտի միջեւ երկխօսութեան գործընթացին, նոյնիսկ սպառնալիքի միջոցով: Այս տեղեկատուութեան հրապարակման մէջ յղում կատարուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կապուած աղբիւրներու: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը անդրադարձած է հարցին` ընդգծելով, որ առաջին անգամն է, որ միջնորդի դեր վերցուցած...

Բերձորի Միջանցքին Վրայ Ազրպէյճանի Կողմէ  Անցարգելի Հաստատման Վերաբերեալ  Միջազգային Կեցուածքներ

Ազրպէյճան Յառաջխաղացման Փորձ Կը Կատարէ Հակարիի Կամուրջին Ուղղութեամբ Եւ Կ՛արգիլէ Բերձորի Միջանցքով Բոլոր Մարդասիրական Փոխադրումները

Երէկ առաւօտուն Հայաստան-Արցախ սահմանագիծին` Հակարիի կամուրջի տարածքին մէջ լսուած են առաջին կրակոցները: Ժամը 8:40-ի սահմաններուն մէջ ազրպէյճանցի խումբ մը սահմանապահ զինուորներ յառաջխաղացման փորձ կատարած են կամուրջի ուղղութեամբ` փորձած են Հայաստանի տարածքին մէջ դրօշ տեղադրել: Հայաստանի սահմանապահ ծառայութենէն տեղեկացուցած են, որ ձեռնարկուած միջոցներուն շնորհիւ ազրպէյճանցի զինուորներու յառաջխաղացման եւ դրօշ տեղադրելու փորձը կանխուած է: Աւելի ուշ տարածուեցաւ տեսանիւթ մը, որու մէջ կ՛երեւի,...

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց  ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի  Նորընտիր Անդամները

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի Նորընտիր Անդամները

14 յունիսին Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի նորընտիր անդամները` գլխաւորութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի: Յակոբ Տէր Խաչատուրեան վեհափառ հայրապետին ներկայացուց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի նորընտիր կազմը: Այս առիթով Ամենայն հայոց կաթողիկոսը իր օրհնութիւնն ու շնորհաւորանքները յայտնեց ներկաներուն` ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն  մարմինի կազմի անդամ ընտրուելու առիթով:  Վեհափառ հայրապետը նկատեց,...

Page 230 of 796 1 … 229 230 231 … 796

Արխիւներ