Գլխաւոր լուրեր

«Էս. Օ. Էս. Արցախ». 24-Ժամեայ Նստացոյց

«Էս. Օ. Էս. Արցախ». 24-Ժամեայ Նստացոյց

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի Հանրային կապերու գրասենեակը կը հաղորդէ, որ 27 յունիսին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը կը նախաձեռնէ 24-ժամեայ նստացոյց` Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ Դաշնութեան, Ֆրանսայի Հանրապետութեան դեսպանատուներուն եւ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցչութեան դիմաց: Նստացոյցի նպատակն է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներէն եւ Եւրոպական Միութենէն պահանջել չբաւարարուիլ լոկ յայտարարութիւններով, այլ գործուն քայլերու ձեռնարկել Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակումը անյապաղ վերացնելու...

Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային  Միութիւնը Ճանչցած Է Արցախի Ժողովուրդի  Ինքնորոշման Իրաւունքը

Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութիւնը Ճանչցած Է Արցախի Ժողովուրդի Ինքնորոշման Իրաւունքը

22-25 յունիս 2023-ին Փանամայի մէջ տեղի ունեցած է Ընկերվար երիտասարդներու միջազգային միութեան բարձրագոյն ժողովը: Երկու տարին մէկ պարբերականութեամբ գումարուող ժողովին մասնակցած  են կազմակերպութիւններ շուրջ 70 երկիրներէ` 300 պատուիրակներով: Բարձրագոյն ժողովին ղեկավար մարմինը կը ներկայացնէ հաշուետու զեկուցում, կը ճշդուին կազմակերպութեան ապագայ ընելիքները, կ՛ընտրուի նոր ղեկավար մարմին: ՀՅԴ Երիտասարդականին կողմէ ժողովին կը մասնակցէին ՀՅԴ Երիտասարդականի անդամ Յասմիկ Բուրուշեանը եւ ՀՅԴ-ի կողմէ Ընկերվար...

Ակնարկ.  Հայկակա՛ն Ոսպնեակը Բանեցնելով

Ակնարկ. Հայկակա՛ն Ոսպնեակը Բանեցնելով

Ռուսական «Վակներ» ստորաբաժանման դիմած ապստամբական գործողութիւնը կարճատեւ կեանք ունեցաւ: Արագ բռնկման եւ նոյնքան հանգուցալուծման պատճառները տակաւին պարզ չեն: Քաղաքական հետեւանքներ կ՛արձանագրուին անպայման: Անվտանգային մարզի կարեւորագոյն պաշտօնատարներու փոփոխութիւնները չեն բացառուած, հակառակ անոր որ պաշտօնական յայտարարութիւններով կը հաստատուի, որ անվստահութեան հարց գոյութիւն չունի սկսելու համար պաշտպանութեան նախարարին նկատմամբ որուն դէմ էր ուղղուած հիմնականին մէջ Վակների ապստամբութիւնը: Ստորաբաժանումները վերադարձած են իրենց ճամբարները: Խնդիրը,...

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն.  «Ստեփանակերտի Համար Բացարձակապէս  Անընդունելի Է Ստեփանակերտի Եւ Պաքուի  Միջեւ Երկխօսութեան Տեսլականը»

Ստեփանակերտը Կ՛ողջունէ ԵԽԽՎ-ի Բանաձեւը

Արցախը կ՛ողջունէ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին (ԵԽԽՎ) կողմէ քանի մը օր առաջ ընդունուած «Լաչինի միջանցքով ազատ եւ անվտանգ մուտքի ապահովումը» բանաձեւը: Բանաձեւը կոչ կ՛ուղղէ Ազրպէյճանին ապահովելու Լաչինի միջանցքով ազատ եւ անվտանգ տեղաշարժը` համաձայն 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան, ինչպէս նաեւ անյապաղ Մարդու իրաւունքներու  եւրոպական դատարանին կողմէ կիրարկած միջանկեալ միջոցները եւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումը: «Ճանչնալով 2020 թուականին Ազրպէյճանի կողմէ ուժի...

Միջազգային Կարմիր Խաչի Ներկայացուցիչները Այցելած Են Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն

Կարմիր Խաչի Միջոցով Արցախէն Հիւանդներու Հայաստանի Հանրապետութիւն Տեղափոխումը Վերսկսած է

Արցախի առողջապահութեան նախարարութեան «Հանրապետական բժշկական կեդրոն»-էն 25 յունիսին 15 հիւանդներ` 9 ուղեկցողներու հետ, Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի Արցախի գրասենեակի միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ, տեղափոխուած են Հայաստանի Հանրապետութեան մասնագիտացած բժշկական կեդրոններ: Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի տեղեկատուական շտապը` աւելցնելով, որ այս հոլովոյթը վերսկսած է տասնօրեայ լիակատար փակումէն ետք: «Տակաւին բազմաթիւ հիւանդներ կը սպասեն Հայաստանի Հանրապետութիւն իրենց տեղափոխման եւ Արցախ վերադարձին: «Կը նախատեսուի...

Լիբանան Կատարած Իր Այցելութեան Աւարտին.   «Պիտի Ջանամ Լիբանանցիներուն Միջեւ  Երկխօսութեան Կայացումը Դիւրացնել  Եւ Մօտիկ Ապագային Պիտի Վերադառնամ Պէյրութ»  Շեշտեց Լը Տըրիան

Լիբանան Կատարած Իր Այցելութեան Աւարտին. «Պիտի Ջանամ Լիբանանցիներուն Միջեւ Երկխօսութեան Կայացումը Դիւրացնել Եւ Մօտիկ Ապագային Պիտի Վերադառնամ Պէյրութ» Շեշտեց Լը Տըրիան

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի` Լիբանանի համար յատուկ անձնական պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիան շաբաթ կէսօրին հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի հետ: Լը Տըրիանի ընկերակցեցաւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիօ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական ուժերուն հետ Լը Տըրիանի ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները` պայմանաւորուելով խորհրդակցութիւնները շարունակել: Լիբանան կատարած իր այցելութեան աւարտին Լը...

Ակնարկ.  ԵԽԽՎ-ի Խիստ Բանաձեւը Եւ Ուաշինկթընի  Անհամբերութիւնը

Ակնարկ. ԵԽԽՎ-ի Խիստ Բանաձեւը Եւ Ուաշինկթընի Անհամբերութիւնը

ԵԽԽՎ-ի բանաձեւը իբրեւ բովանդակութիւն խիստ է ու հասցէական: Յստակ մեղադրանք կայ Ազրպէյճանին նկատմամբ եւ ուղղակի պահանջ այդ երկրին ուղղուած` վերջ տալու Արցախի ապաշրջափակումին: Անկախ անկէ, որ բանաձեւը կոչի սահմաններուն մէջ է եւ պարտադիր բնոյթ չունի, պէտք է փորձել եւրոպական հայեցակէտերէ դիտել խնդիրը: Եւրոպական խորհրդարանի պաշտպանութեան ենթայանձնախումբի պատուիրակութիւնը դիտորդական խումբին հետ կ՛այցելէր Սիւնիք` Բերձորի միջանցքի հայաստանեան հատուած պարեկութիւն կատարելու համար: Այս...

ԵԽԽՎ-ն Ընդունած Է «Լաչինի Միջանցքով  Ազատ Անվտանգ Մուտքի Ապահովումը» Բանաձեւը

ԵԽԽՎ-ն Ընդունած Է «Լաչինի Միջանցքով Ազատ Անվտանգ Մուտքի Ապահովումը» Բանաձեւը

Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը (ԵԽԽՎ) նախանցեալ օր ընդունած է «Լաչինի միջանցքով ազատ անվտանգ մուտքի ապահովումը» բանաձեւը եւ խորհրդատուութիւնները: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այս մասին Դիմատետրի իր էջին մէջ տեղեկացուցած է Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան: «Քիչ առաջ ԵԽԽՎ-ն քուէարկութեամբ ընդունեց «Լաչինի միջանցքով ազատ անվտանգ մուտքի ապահովումը» բանաձեւը եւ խորհրդատուութիւնները: Ազրպէյճանի պատուիրակութիւնը ըրաւ ամէն ինչ բանաձեւը փոփոխութեան ենթարկելու կամ անոր ընդունումը տապալելու...

Զախարովա. «Ազրպէյճանի Կողմէ Բերձորի  Միջանցքի Փակումը Երեք Երկիրներու  Ղեկավարներու Միացեալ Յայտարարութեան Խախտում Է»

Զախարովա. «Ազրպէյճանի Կողմէ Բերձորի Միջանցքի Փակումը Երեք Երկիրներու Ղեկավարներու Միացեալ Յայտարարութեան Խախտում Է»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա յայտարարած է, որ Ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցք մուտքի փակումը Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու միացեալ յայտարարութեան խախտում, որ կը յանգեցնէ լարուածութեան խորացման: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով, այս մասին նշած է Զախարովա` մեկնաբանելով Բերձորի միջանցքին շուրջ ստեղծուած իրավիճակը: «Ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի  մուտքը փակելու կապակցութեամբ ուշադրութեան կը հրաւիրենք այն փաստին վրայ, որ նման գործողութիւնները Ռուսիոյ,...

Ազրպէյճան Շաղախէ Արգելապատնէշով  Փակած Է Բերձորի Միջանցքը

Ազրպէյճան Շաղախէ Արգելապատնէշով Փակած Է Բերձորի Միջանցքը

Ազրպէյճանական կողմը 22 յունիսին դիմած է հերթական սադրանքին ու յանցաւոր գործողութեան` շաղախէ արգելապատնէշով փակելով Արցախ-Հայաստան միակ ճամբան` Բերձորի միջանցքը: Այս մասին կը յայտնէ Արցախի տեղեկատուական շտապը: «Փաստօրէն, ի լրումն ապօրինի անցակէտի եւ զրահամեքենաներու միջոցով ճամբու փակման` Ազրպէյճան այժմ ցուցադրական կերպով կը փակէ ճամբան` բացառելով որեւէ տեղաշարժ, ներառեալ Կարմիր խաչի եւ խաղաղապահներու կողմէ: «Այս դէպքը անգամ մը եւս կը ցուցադրէ ազրպէյճանական...

Լը Տըրիան Կը Շարունակէ Լիբանանեան Քաղաքական  Ուժերուն Հետ Հանդիպումներ Ունենալ

Լը Տըրիան Կը Շարունակէ Լիբանանեան Քաղաքական Ուժերուն Հետ Հանդիպումներ Ունենալ

Նախագահական ընտրութեան սահմանադրական գործընթացի տագնապը, որ տակաւին կը յամենայ, կը խանգարէ երկրին դիմագրաւած քաղաքական տագնապին լուծումը: Այս տագնապը լուծելու նպատակով Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի` Լիբանանի համար յատուկ անձնական պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիան Պէյրութի մէջ կը շարունակէ հանդիպումներ ունենալ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն հետ` իմանալու համար անոնց տեսակէտները: Ֆրանսական դեսպանատան մէջ Լը Տըրիան ընդունեց Անկախութիւն շարժումի նախագահ, երեսփոխան Միշել Մուաուատը, որուն...

Ազրպէյճան Մարտակերտի Շրջանին  Ուղղութեամբ Խախտած Է Հրադադարը,  Պաշտպանութեան Բանակի Զինուոր Մը` Վիրաւոր

Ազրպէյճան Մարտակերտի Շրջանին Ուղղութեամբ Խախտած Է Հրադադարը, Պաշտպանութեան Բանակի Զինուոր Մը` Վիրաւոր

22 յունիսի ժամը 13:00-ի սահմաններուն մէջ, Ազրպէյճանի զինեալ ուժերը Մարտակերտի շրջանին ուղղութեամբ խախտած են հրադադարը` կիրարկելով հրաձգային զէնք, որուն պատճառով վիրաւորուած է Արցախի պաշտպանութեան բանակի պայմանագրային զինուոր Մհեր Կամոյի Յակոբեանը, այս մասին կը հաղորդէ պաշտպանութեան բանակը: Ըստ հաղորդագրութեան, Ազրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ հրադադարի խախտման եւ զինուորի վիրաւորման մասին հաղորդուած է Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան: Երէկ առաւօտեան Պաքուն Ստեփանակերտը մեղադրած...

Փալոն. «Միացեալ Նահանգները Պէտք Չէ Թոյլ Տան,  Որ Ազրպէյճանը Ռազմատենչ Վարքագիծ Դրսեւորէ  Եւ Թելադրէ Վերջնական Համաձայնագիրի Պայմանները»

Փալոն. «Միացեալ Նահանգները Պէտք Չէ Թոյլ Տան, Որ Ազրպէյճանը Ռազմատենչ Վարքագիծ Դրսեւորէ Եւ Թելադրէ Վերջնական Համաձայնագիրի Պայմանները»

Ազրպէյճանը ակնյայտօրէն կանխամտածուած քայլերու կը ձեռնարկէ Արցախէն բնիկ հայ ազգաբնակչութիւնը հեռացնելու եւ նախնիներու ժողովրդավար երկրին մէջ ազատ ու արժանապատիւ ապրելու կարելիութենէն զրկելու համար: Ատիկա, ըստ էութեան, զտումներու յստակ նշան է, ինչ որ պէտք չէ անտեսուի: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան հայկական յանձնախումբի համանախագահ Ֆրենք Փալոն Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Թոմ Լանթոսի անուան մարդու իրաւունքներու յանձնախումբին մէջ...

Լուազօ. «Մեր Աչքերով Տեսանք Ազրպէյճանի Կողմէ  Լաչինի Միջանցքի Ամբողջական Եւ Ապօրինի Փակումը»

Լուազօ. «Մեր Աչքերով Տեսանք Ազրպէյճանի Կողմէ Լաչինի Միջանցքի Ամբողջական Եւ Ապօրինի Փակումը»

Եւրոպական խորհրդարանի պաշտպանութեան ենթայանձնախումբի պատուիրակութիւնը եւրոպացի դիտորդներու հետ 21 յունիսին այցելեց Սիւնիք: Դիտորդները պարեկութիւն կատարեցին Արցախը Հայաստանին կապող Բերձորի միջանցքին մօտ: Վերոնշեալ ենթայանձնախումբի նախագահ Նաթալի Լուազօ եւ Եւրոպական խորհրդարանի ապահովութեան եւ պաշտպանութեան ենթայանձնախումբի պատուիրակութիւնը Սիսիանի օդակայանին մէջ ընդունուեցան Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան ղեկավար Մարքուս Ռիթըրի եւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անտրէա Վիքթորինի կողմէ, եւ միասին մեկնեցան Բերձորի միջանցք, ուր...

Դատապարտելով Ազրպէյճանի Կողմէ  Միջազգային Օրէնքներու Անտեսումը`  Լիբանանեան Կուսակցութիւններու Եւ Ազգային  Ուժերու Պատուիրակութիւնը Այցելեց Երեսփոխան  Յակոբ Բագրատունիի Եւ Պահանջեց  Վերջ Տալ Արցախի Շրջափակման

Դատապարտելով Ազրպէյճանի Կողմէ Միջազգային Օրէնքներու Անտեսումը` Լիբանանեան Կուսակցութիւններու Եւ Ազգային Ուժերու Պատուիրակութիւնը Այցելեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի Եւ Պահանջեց Վերջ Տալ Արցախի Շրջափակման

Կուսակցութիւններու պատասխանատուներու կատարած իր այցելութիւններու ծիրին մէջ, Լիբանանեան կուսակցութիւններու եւ ազգային ուժերու եւ անձնաւորութիւններու հանդիպումը ներկայացնող համակարգումի մարմինը այցելեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի: Խորհրդակցութիւնը կեդրոնացաւ տեղական թէ արտաքին իրադարձութիւններուն վրայ: Հանդիպումի աւարտին անոնք հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, ուր քննադատեցին կարգ մը կողմերու ցուցաբերած կեցուածքը: «Լիբանանի մէջ քաղաքականութեան անունով ոմանց որդեգրած քայլերը պարզապէս «յիմարներու ողբերգութիւն»  կարելի է անուանել»,...

Խմբագրական.  Համահայկական Օրակարգի  Հրատապ Առաջնային Կէտը

Խմբագրական. Համահայկական Օրակարգի Հրատապ Առաջնային Կէտը

Արդէն մէկ շաբաթէ ի վեր Արցախը ամբողջովին շրջափակուած է: Կասեցուած է տեղաշարժը երկկողմանիօրէն: Այս իրավիճակը կ՛առաջնորդէ մարդասիրական ծանրագոյն աղէտի: Պաքուն բացայայտօրէն կը դիմէ ռազմական նոր յանցագործութեան` ամբողջ ազգաբնակչութեան դէմ սովամահութեան կանխամտածուած ցեղասպանական արարքի դիմելով: Պաքուն սառնասրտօրէն կը դիմէ ցեղային զտման քաղաքականութեան, պարզ այն պատճառով, որ լաւ կը գիտակցի, որ միջազգային ընտանիքը որեւէ ազդեցիկ ճնշամիջոցի պիտի չդիմէ ապաշրջափակելու համար Արցախը: Համոզուած...

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն.  «Ստեփանակերտի Համար Բացարձակապէս  Անընդունելի Է Ստեփանակերտի Եւ Պաքուի  Միջեւ Երկխօսութեան Տեսլականը»

Ստեփանակերտ. «Ամբողջովին Փակելով Բերձորի Միջանցքը` Ազրպէյճանը Փաստացի Նոր Մակարդակի Հասցուցած Է Արցախի Ցեղային Զտման Իր Նպատակաուղղուած Քաղաքականութիւնը»

Բերձորի միջանցքի ամբողջական եւ կամայական փակումը միջազգային իրաւունքին մէջ կը դիտարկուի իբրեւ պատերազմական յանցագործութիւն: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այս մասին նշուած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած յայտարարութեան մէջ: «15 յունիսէն ի վեր` արդէն 7-րդ օրն է, որ Ազրպէյճանը ամբողջութեամբ փակած է Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմի եւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի կողմէ Բերձորի միջանցքով իրականացուող բոլոր տեսակի մարդասիրական բեռներու, ներառեալ պարէնի...

Արցախի Նախագահը Հրաւիրած Է  Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի

Արցախի Նախագահը Հրաւիրած Է Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 21 յունիսին հրաւիրած է Անվտանգութեան խորհուրդի նիստի` քննարկելու Արցախի շուրջ ձեւաւորուած ռազմաքաղաքական ընթացիկ վիճակը, մարտահրաւէրներն ու ընելիքները: Նախագահի աշխատակազմէն կը յայտնեն, որ միտքեր փոխանակուած են Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի հանդէպ ճնշումներու ու սպառնալիքներու շարունակական աճի պայմաններուն մէջ արտաքին ու ներքին ուղղութիւններով առաջնահերթ ու ռազմավարական ընելիքներու շուրջ: Նախագահ Յարութիւնեան համապատասխան յանձնարարականներ տուած է լիազօր մարմիններու ղեկավարներուն:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմին. «Ազրպէյճան Պատերազմական Գործողութիւններու Շղթայազերծման Նախապատրաստական Աշխատանք Կը Տանի»

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, թէ ազրպէյճանական կողմը վերջին օրերուն զինուորական գործողութիւններու շղթայազերծման աշխուժ նախապատրաստութիւն կը կատարէ: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները` սահմանամերձ տարբեր շրջաններու մէջ ազրպէյճանական կողմի զինադադարի խախտման տարբեր դէպքերը թաքցնելու փորձով մը, 11-19 յունիսին հրապարակեցին շուրջ 25 ապատեղեկատուութիւն, իբրեւ թէ հայկական զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները խախտած են զինադադարը: 19 յունիսին ազրպէյճանական լրատուամիջոցներ...

Կառավարութիւնը Ջնջեց Այս Տարուան  Պրէօվէի Քննութիւնը

Կառավարութիւնը Ջնջեց Այս Տարուան Պրէօվէի Քննութիւնը

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց ընթացիկ հարցերու կառավարութեան նիստին, որուն ընթացքին վաւերացուեցան շարք մը հարցեր եւ տրուեցան որոշումներ: Այս շրջագիծին մէջ Միքաթի յայտնեց, որ իրենց նպատակն է ժողովուրդին դիմագրաւած հարցերուն ընթացքը դիւրացնել` աւելցնելով, որ իրենք չեն փափաքիր հարցեր ստեղծել, այլ իրենց նպատակն է ժողովուրդին կեանքը դիւրացնել: Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարարի գործակատար, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար...

Page 229 of 796 1 … 228 229 230 … 796

Արխիւներ