Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Արցախեան Հակամարտութեան Վերամիջազգայնացման Առիթով

Օգոստոս 19, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի արտակարգ նիստէն որեւէ յայտարարութիւն, կոչ կամ բանաձեւ չէ բխած: Նոյնիսկ եթէ հրապարակուէր նման նիւթ այնուամենայնիւ պարտադիր բնոյթ պիտի չունենար:

ՄԱԿ իրաւականօրէն բոլոր պատճառները ունէր նոյնիսկ առանց արտակարգ նիստ գումարելու պարզապէս պահանջելու, որ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի տուած որոշումները կիրարկուէին: Չկիրարկելու պարագային, Ազրպէյճան պէտք է սկսելու համար իրաւականօրէն պատասխան տար: Միջազգային մակարդակի վրայ նման նախադէպերու պարագային կ՛որդեգրուին պատժամիջոցներ, ինչ որ կը բացակային Ազրպէյճանի պարագային:

Ազրպէյճան գիտակից է, որ կրնայ համաձայնութիւններ չյարգել, միջազգային կոչեր, որոշումներ անտեսել եւ մնալ անպատժելի: Գիտակից է, որ Ուքրանիոյ պատերազմը, Թուրքիա-Ռուսիա լարուած համագործակցութեան ընթացքը, նաւթային եւ կազային իր գործարքները տարբեր երկիրներու հետ եւ միջնորդական մրցապայքարը տարբեր պետութիւններու միջեւ` երաշխիքներ են իր անպատժելիութեան:

Նկատելի է, որ ՄԱԿ շատ արագ արդէն երկրորդ անգամ ըլլալով Ապահովութեան խորհուրդի նիստ կը գումարէ: Արցախի հարցի միջազգայնացման արագութիւնը որոշ տրամաբանութիւն կը յուշէ անշուշտ: Ոչ այնքան մարդասիրական բնոյթ հաղորդելն է խնդիրին,  որքան աշխարհաքաղաքական մրցապայքարը տարածաշրջանին մէջ: Հիմնական շարժառիթը միջազգային ընտանիքին ժողով կայացնելու որոշում տալու կամ միջազգային դատարանի որոշումը չպարտադրելու այս հանգամանքներէն կը բխի:

Նախ կեդրոնանանք մարդասիրական բնոյթ հաղորդելու անպատեհութեան վրայ:  Ազրպէյճանը իր քաղաքական օրակարգը առաջ տանելու համար կը փորձէ օգտագործել մարդասիրական տագնապի թեման` առարկելով, որ նախ Բերձորի միջանցքը փակ չէ, այլ անցակէտեր տեղադրուած են Հայաստանէն դէպի Արցախ զինամթերքի փոխադրութիւնը կանխարգիլելու համար: Եւ եթէ մարդասիրական օժանդակութիւն պէտք է հասցնել, ապա այդ պարագային կարելի է օգտագործել Աղտամ- Ստեփանակերտ ճանապարհը:

Այլընտրանքային ճանապարհը ընդունիլ տալը միջազգային ընտանիքին ամբողջ Պաքուի ռազմավարական նպատակն էր, որ տարբեր ձեւերով յատկապէս Ազրպէյճան, Թուրքիա եւ Ալպանիա եռեակը փորձեց առաջ տանիլ:

Այս ձեւով նախ Պաքուն կը փորձէ նուիրականացնել այն, որ Բերձորը իր տարածքն է, զայն դուրս կը բերէ «միջանցք»-ի հասկացողութենէն եւ կը շեշտէ, որ անցակէտ տեղադրելը կամ տեղաշարժ սահմանափակելը իր գերիշխան իրաւասութիւններուն մէջ կ՛իյնայ: Նպատակը այս բոլորին հիմնականին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ Արցախի կենսաճանապարհը փակելն է:

Երկրորդ հանգուցակէտը Աղտամ- Ստեփանակերտ ճամբով օժանդակութիւն ուղարկելն է: Ըստ Պաքուին, ազրպէյճանական «հոգատար» իշխանութիւնները պատրաստ են հանգուցալուծելու Ազրպէյճանի մէջ ապրող «էթնիկ ազգաբնակչութեան» օժանդակութիւն ուղարկելով: Եթէ Բերձորի փակումը Հայաստանի հետ կենսաճանապարհի արգելակումն է, երկրորդինը` Պաքուի յայտարարած համարկումի օրակարգն է:

Հետեւաբար, զուտ մարդասիրական աղէտի էութիւն հաղորդելը Արցախի պաշարումին, հիմնախնդիրի էութեան շեղում կ՛արձանագրէ: Մարդասիրական աղէտը պարզապէս մեթոտաբանութեան մէկ մասն է ցեղային զտում եւ ամբողջական հայաթափում իրականացնելու համար:

Արցախի հարցի միջազգայնացման ներկայ միտումներուն մէջ հայկական կողմի ռազմավարական մօտեցումները կրնան հիմնուիլ քանի մը հիմնադրոյթներու վրայ:

Ա.- Կանխարգիլել Աղտամը Բերձորին այլընտրանք նկատելու Պաքուի քաղաքականութիւնը:

Բ.- Բերձորի միջանցքի վերաբացման աշխատանքներուն ընթացքին շեշտել, «միջանցք» հասկացողութիւնը` նկատի ունենալով այդ հասկացողութենէն հրաժարելու Ազրպէյճանի ճիգերը:

Գ.- Մարդասիրական աղէտի գոյութիւնը արծարծել իբրեւ Ազրպէյճանի կողմէ գործադրուող միջոց ցեղային զտում իրականացնելու եւ ամբողջովին Արցախը հայաթափելու:

Ե.- Վերադարձնել Արցախի հակամարտութեան էութիւնը Արցախի հարցի միջազգայնացման քննարկումներուն` շեշտելով ցեղասպանութեան անմիջական վտանգը եւ անոր դիմաց «Ճանաչում յանուն փրկութեան» սկզբունքը:

Արցախի հակամարտութեան վերամիջազգայնացման ներկայ գործընթացներուն յենիլ Արցախի Ազգային ժողովի որդեգրած յայտարարութիւններուն վրայ, միշտ իբրեւ բանակցային առանցք նկատի ունենալով ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի միջազգային իրաւաչափութիւնը:

Նախորդը

Տեղի Ունեցած Է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Նախագահի Եւ Պետական Նախարարի Հանդիպում

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 15, 2025
Ակնարկ.  «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը

Յուլիս 15, 2025
Շինծու Գործերով Ձերբակալուած  ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու  Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Շինծու Գործերով Ձերբակալուած ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու Մամլոյ Ասուլիսը

Յուլիս 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?